Մարզական

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն Հայկ Պապիկեան Աւարտականին Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն Հայկ Պապիկեան Աւարտականին Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար) ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարզիկները իրենց տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան ոսկի մետալներու: 70 քկ դասակարգին մէջ, Հայկ Պապիկեան, որ աւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի Սապիր Ջաֆարովի դէմ, արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Մետալներու պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հայաստանի քայլերգին ժամանակ Ճաֆարով վար իջաւ պատուոյ...

Ինթեր Միլան Ներկայացուց Հենրիխ Մխիթարեանը

Ինթեր Միլան Ներկայացուց Հենրիխ Մխիթարեանը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ, Ա. Էս. Ռոմայէն իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացած Հենրիխ Մխիթարեան, նախորդ շաբաթավերջին պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանի հետ: Նշենք, որ 33 տարեկան Մխիթարեան, այսպիսով դարձաւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը` միլանեան ակումբի պատմութեան մէջ: Անցեալին Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ` հայազգի Եուրի Ճորքայէֆ իր կարգին մաս կազմած է Ինթերի: Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Ինթերի հետ...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Տղոց 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Մալակա

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Մալակա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի պասքեթպոլի 17 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 2-10 յուլիսին, Լիբանանի տղոց 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ սպանական Մալաքա քաղաքը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Հիշամ Ժըրատի, խումբին մարզիչն է Ռապիհ Ֆրանսիս, մինչ անոր օգնականները` Ժորժ Աքիքի եւ Մարուն Տիպ: Նշենք, որ Լիբանանի կազմին մէջ է նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Մուշեղ Մկրտչեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Մուշեղ Մկրտչեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մուշեղ Մկրտչեան 79 քկ դասակարգին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Սապուհի Ամիրասկանովին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ քառորդ աւարտականին Մկրտչեան 10-0 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Ռաֆայէլ Մաթրուլոյին: Իր կարգին, կիսաւարտականին փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ 57 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Յարութիւն Յովհաննիսեան, որ...

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) կողմէ հրապարակուած յուլիս ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ Գաբրիէլ Սարգսեան (37-րդ), որ ապահոված է վարկանշային  2698 կէտ: Հայկ Մարտիրոսեան կը գրաւէ 73-րդ դիրքը (2672), մինչ լաւագոյն հարիւրին մէջ է նաեւ Շանթ Սարգսեան (87-րդ, 2661 կէտ): Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 5-րդ դիրքը...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Պատրաստութիւնները` Ամբողջացած

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Պատրաստութիւնները` Ամբողջացած

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն սկիզբէն երեք շաբաթ առաջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ ամբողջացած են` 20-30 յուլիս 2022-ին Հայաստանի մէջ յիշատակելի մարզախաղեր կատարելու համար. յստակացած են մարզախաղերուն մասնակցող 20 պատուիրակութիւնները` 19-ը ՀՄԸՄ-ական շրջաններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿ-ը: Կատարուած է նաեւ հաւաքական մարզախաղերու մրցումներուն առցանց վիճակաձգութիւնը, ինչպէս նաեւ ճշդուած են մրցակից խումբերը: Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը 41 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, յայտագիրի վրայ ունին 12 մարզախաղեր....

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լանքասթըր Թամար» պանդոկին մէջ (Հատաս), Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը անդրադարձաւ 3-6 յուլիսին Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) տղոց եւ աղջկանց 2-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, պիտի մասնակցին տասը երկիրներ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Մալթայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ռեքս Կալամեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը Ճիպրալթարի դէմ` 100-63 արդիւնքով: Այս մրցումին հաւաքականի կազմին հետ իր նորամուտը նշեց Ֆրանսայի ախոյեան ԱՍՎԵԼ Լիոնի մարզիկ, ամերիկացի Քրիս Ճոնզ: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան (30 կէտ):...

Ինթեր Միլան Մէկ Տարիով Փոխ Առաւ Ռոմելու Լուքաքուին

Ինթեր Միլան Մէկ Տարիով Փոխ Առաւ Ռոմելու Լուքաքուին

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու վերադարձաւ Ինթեր Միլան: Կողմերը կնքեցին մէկ տարուան վարձակալութեան պայմանագրութիւն, յայտնեց Իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Լուքաքու նախորդ ամառ փոխան 115 միլիոն եւրոյի Ինթերէն տեղափոխուած էր Չելսի, որուն հետ նախորդ տարեշրջանին կատարեց 44 մրցում, նշանակեց 15 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ: Նշենք, որ Լուքաքուի պայմանագրութիւնը լոնտոնեան ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս...

Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնը Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնը Ունեցաւ Իր Նոր Նախագահը

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ.») յատուկ համագումարին, տեղի ունեցան ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւնները: Նախագահի պաշտօնին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 12 անձերէն տասը քուէարկութենէն առաջ յետս կոչեցին իրենց թեկնածութիւնը: Այսպիսով, պայքարը ընթացաւ Իրաքի ներկայացուցիչ, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ժալուտի եւ քաթարցի Եուսեֆ Մանանի միջեւ: Նախագահ ընտրուեցաւ Մոհամետ Ժալուտ, որ ծանրաբարձութեան մէջ մեծ փորձառութիւն եւ հեղինակութիւն...

Ասիոյ Պասքեթպոլի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Չկրցաւ Ապահովել Ա. Դասակարգի Իր Տոմսը

Ասիոյ Պասքեթպոլի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Չկրցաւ Ապահովել Ա. Դասակարգի Իր Տոմսը

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ 16 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը 15 կէտի տարբերութեամբ` 78-63 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուրիայէն: Այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանան չկարենայ ապահովել Ա. դասակարգի իր տոմսը եւ այժմ պիտի պայքարի երրորդ դիրքին համար: Երրորդ-չորրորդ դիրքի մրցումին, Լիբանան այսօր` հինգշաբթի, 30 յունիսին պիտի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Սուրէն Աղաջանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Սուրէն Աղաջանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար), Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Աղաջանեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 60 քկ դասակարգին մէջ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր վրացի մրցակիցին` Տմիթրի Խաչիցէին: 67 քկ դասակարգի մրցումներուն աւարտականին, Աշոտ Խաչատրեան չկրցաւ տիրանալ ոսկի մետալին եւ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով վրացի Նիքա Պրոլացէէն, բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով: Նշենք, որ նախանցեալ օր Հայաստանի...

Հայաստանի Ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ».  Եղիշէ Մելիքեան` Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ

Հայաստանի Ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ». Եղիշէ Մելիքեան` Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփեց «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2021-2022 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչի ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները: Իբրեւ լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան, որ ապահովեց 97 կէտ: 61 կէտով երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Նորավանքի մարզիչ Վահէ Գէորգեան: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց նախորդ տարեշրջանին Արարատ-Արմենիան գլխաւորած, իսկ այժմ Ուրարտուն գլխաւորող Տմիթրի Կունքօ: Ինչ կը վերաբերի լաւագոյն...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Ջերմուկի մէջ իր աւարտին հասաւ Ստեփան Աւագեանի ճատրակի 13-րդ յուշամրցաշարքը, երբ կատարուեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Տիտղոսին եւ 1,5 միլիոն դրամ պարգեւավճարին տիրացաւ իրանցի կրանտմասթըր Ամին Թապաթապայէ, որ ապահովեց 6 կէտ: 5,5 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ ստացաւ 1,1 միլիոն դրամ պարգեւավճար: 5 կէտով լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Շանթ Սարգսեան, որ ստացաւ 800 հազար դրամ:

Եուվենթուս Համաձայնութեան Եկաւ Տի Մարիայի Հետ

Եուվենթուս Համաձայնութեան Եկաւ Տի Մարիայի Հետ

Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուս կրցած է համաձայնութեան գալ արժանթինցի միջնապահ Անխել Տի Մարիայի հետ: Նշուեցաւ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած եւ այժմ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ նկատի առնուող 34 տարեկան Տի Մարիա մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի կնքէ իտալական ակումբին հետ: Ան տարեշրջանի մը համար պիտի ստանայ 6 միլիոն եւրօ, որուն վրայ կրնան աւելնալ անոր ստանալիք յաւելավճարները:...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն»-ի Մրցաշարք. Ճոքովիչ Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն»-ի Մրցաշարք. Ճոքովիչ Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ տիրացած է 20 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-1, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք 79-րդ դասուած աւստրալիացի Թանասի Քոքինաքիսի, 2 ժամ տեւած պայքարէ մը ետք: Ճոքովիչ, որ այսպիսով այս մրցաշարքին գծով արձանագրեց իր 23-րդ...

Հայաստանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Մալթա

Հայաստանի Պասքեթպոլի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Մալթա

Երէկ` երեքշաբթի, 28 յունիսին, Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը հասաւ Մալթայի Թա Քալի քաղաքը` այդտեղ իր մասնակցութիւնը բերելու համար 28 յունիսէն 3 յուլիս տեղի ունենալիք Եւրոպայի փոքր երկիրներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ամերիկահայ Ռեքս Կալամեանի գլխաւորած կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սան Մարինոն եւ Ճիպրալթարը: Նշուեցաւ, որ հայրենի...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

- Սուրէն Աղաջանեան Եւ Աշոտ Խաչատրեան Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը - Ալպերթ Վարդանեան` Պրոնզէ Մետալակիր Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար) ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Աղաջանեան, որ 60 քկ դասակարգին մէջ երէկ մրցեցաւ ազրպէյճանցի Նիհատ Զահիտ Մանատլիի դէմ, արձանագրելով 9-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իրեն մրցակից պիտի ունենայ վրացի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փիւնիկ-Քլուժ Մրցումին Մուտքը` Անվճար

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ-Քլուժ Մրցումին Մուտքը` Անվճար

5 յուլիսին «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան պիտի հիւրընկալէ Ռումանիոյ ախոյեան Քլուժը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ անվճար: Անոր հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բոլոր համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ...

Կարէն Գիլոյեան Գիւմրիի Մէջ Հետեւեցաւ Արթուր Ալեքսանեանի Անուան Մարզադպրոցի Շինարարութեան

Կարէն Գիլոյեան Գիւմրիի Մէջ Հետեւեցաւ Արթուր Ալեքսանեանի Անուան Մարզադպրոցի Շինարարութեան

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղեկալ Կարէն Գիլոյեան, Գիւմրի կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին այցելեց Արթուր Ալեքսանեանի անուան նոր կառուցուող մարզադպրոց` ծանօթանալու համար հոն կատարուող աշխատանքներուն: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքներուն հսկող երկրաչափներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ: Ան գնահատելով տարուող աշխատանքները ընդգծեց, որ Գիւմրի պիտի ունենայ մարզական ժամանակակից համալիր, ուր պիտի կատարուին նաեւ միջազգային մրցաշարքեր եւ ախոյեանութիւններ:...

Page 387 of 1280 1 … 386 387 388 … 1,280

Արխիւներ