Ուրարտու ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Գոհար Վարդանեան նշանակուեցաւ ակումբի թեքնիք տնօրէն:
Ան նախապէս արդէն իսկ եղած էր ակումբի թեքնիք տնօրէնի օգնական, ինչպէս նաեւ թեքնիք տնօրէն:
Սեպտեմբեր 2021-ին ան դադրեցուց իր գործունէութիւնը ակումբին մէջ, սակայն տասը ամիս ետք դարձեալ վերադարձաւ: