Երէկ գիշեր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիան, Ասիոյ գօտիին Գ. խմբակին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՊԱ աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Լիբանան, որ իր կատարած նախորդ մրցումին նոյն վայրին մէջ մրցած էր Յորդանանի դէմ եւ արձանագրած յաղթանակ մը, երէկուան մրցումին եւս յաղթական դուրս եկաւ, եւ այդ մէկը` 30 կէտի տարբերութեամբ, 90-60 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը (11 կէտով), ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` Յորդանանի (10 կէտ) եւ Սէուտական Արաբիոյ (9 կէտ) հետ միասին:


