Քանատահայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Էրիկ Բազինեան յայտնեց, որ այսուհետեւ հանդէս պիտի չգայ Հայաստանի դրօշին տակ:
«Դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ այսուհետեւ պիտի չներկայացնեմ Հայաստանն ու մեր Եռագոյնը: Հակառակ անոր որ միշտ ալ եկած եմ բարձր պահելու Հայաստանի դրօշն ու անունը, սակայն անոր դիմաց արհամարհանք ստանալէ ետք իմ երկրիս կողմէ, դժբախտաբար ստիպուած եղայ դժբախտաբար գալու այս եզրակացութեան», ըսաւ Բազինեան:
Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 28 տիտղոսներու, ինչպէս նաեւ հանդիսացած է «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի 24 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան:


