Մալթայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ աւարտականին մրցեցաւ հիւրընկալ կազմին` Մալթայի դէմ, արձանագրելով 84-68 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, հանդիսացաւ ախոյեան:
Մալթա կիսաւարտականին 59-52 արդիւնքով յաղթած էր Ազրպէյճանին, մինչ Հայաստան` Անտորրային, 93-66 արդիւնքով:
Աւարտականի այս մրցումին, Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Ճոնս (41 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, մարզիչ Ռեքս Կալամեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, յաջորդաբար յաղթած էր Ճիպրալթարին (100-63) եւ Սան Մարինոյին (78-66):


