Ֆրանսայի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող կազմերէն Լիլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ փորթուգալցի Փաուլօ Ֆոնսեքա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
49 տարեկան մասնագէտը երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:
Ան փոխարինեց Ժոսլեն Կուրվենեքը, որ նախորդ 16 յունիսին պաշտօնանկ եղաւ:
Նշենք, որ Ֆոնսեքայի վերջին ակումբը հանդիսացաւ Ա. Էս. Ռոման, որուն հետ ան պաշտօնավարեց 2019-էն 2021:


