Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, այսօր` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) կը մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան, որ նոյն վայրին մէջ մրցեցաւ Յորդանանի դէմ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 89-70 արդիւնքով, մարզադաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան:


