Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Լեռնային Արցախ ֆութպոլի ակումբին նամակը, որ ներկայացնելով լրացուցիչ տեղեկատուութիւն, դիմեց «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս գալու համար:
Ժողովականները, մանրամասնօրէն քննարկելով ակումբին ներկայացուցած թղթածրարը, վաւերացուցին, որ անիկա հանդէս գայ 2022-2023 տարեշրջանի Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ:
Այսպիսով, նոր տարեշրջանին հանդէս եկող 10 խումբերը պիտի ըլլան.
Փիւնիկ, Արարատ-Արմենիա, Ալաշկերտ, Արարատ, Ուրարտու, Նոա, Վան, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբ, Շիրակ եւ Լեռնային Արցախ:
Նշենք, որ նոր տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի այս ամսուան վերջը եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ 4 խաղաշրջանով:


