Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը մինչեւ 2025 երկարաձգեց իր եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի պայմանագրութիւնը:
30 տարեկան Սալահ Լիվըրփուլին մաս կը կազմէ 2017-էն ի վեր:
Ընդհանուր առմամբ ան իր կազմին հետ կատարեց 254 մրցում եւ նշանակեց 156 կոլ:
Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, ան շաբաթական պիտի ստանայ 400 հազար սթերլինկ, ան «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստը կը դառնայ:


