Նետերլանտցի 29 տարեկան միջնապահ Լիեք Մարթենս, որ Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, տարեկան պիտի գանձէ 500 հազար եւրօ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Մարթենս, որ Պարսելոնայի հետ կը գանձէր 250 հազար եւրօ, այսպիսով կը դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող կին ֆութպոլիստներէն մէկը:
Նշենք, որ Լիեք Մարթենս «ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՄ.» ամսագիրին կողմէ ճանչցուեցաւ Նետերլանտներու 2021 տարուան ամէնէն գեղեցիկ կին մարզիկը:


