Աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ երէկ բաւական մեծ դժուարութեամբ ապահովեց Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 4 ժամ եւ 20 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, 3-6, 7-5, 3-6, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Թէյլոր Ֆրիցին (11-րդ):
Կիսաւարտականին, Նատալ իրեն մրցակից պիտի ունենայ աւստրալիացի Նիք Քիրկիոսը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր իր կարգին թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ դժուարութեամբ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 5-7, 2-6, 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Եաննիք Սիլերին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, ռումանացի Սիմոնա Հալեփ (16-րդ) ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելով ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովային:


