Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած նիստին ընթացքին որոշեց փոխել «Քալչիօ»-ի կանոնագիրը եւ կայացնել «Ոսկի մրցում»` 2022-2023 տարեշրջանէն սկսեալ, այս մասին յայտնեց «Ֆութպոլ-Իտալիա»-ն:
«Ոսկի մրցում» տեղի պիտի ունենայ, եթէ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումէն ետք առաջին դիրքը նոյնքան կէտով կը կիսեն երկու խումբեր:
Եթէ «Ոսկի մրցում»-ը աւարտի հաւասարութեամբ, տեղի պիտի չունենայ երկարաձգում, այլ ուղղակի պիտի դիմուի փենալթիներուն:
Այս օրէնքը պիտի գործէ ախոյեանութեան համար պայքար մղող խումբերուն համար:
Նշենք, որ 2021-2022 տարեշրջանին ախոյեան հանդիսացաւ Ա. Սէ. Միլան, որ երկու կէտով գերազանցեց Ինթեր Միլանը:


