Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող գերմանացի միջազգային յառաջապահ Թոմաս Միւլըր ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ստացաւ ձայներուն 26 տոկոսը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց գերմանացի միջնապահ Ժամալ Մուսիալա (19 տոկոս), մինչ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբաձիգ, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հանդիսացաւ երրորդ (18 տոկոս):
Քուէարկութեան մասնակցեցան Պայէրն Միւնիխի համակիրները:
Նախորդ տարեշրջանին Միւլըր Պայէրն Միւնիխի հետ կատարեց 45 մրցում, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 25 էսիսթ:
Այս տարի մայիսին Պայէրն Միւնիխ մինչեւ յունիս 2024 երկարաձգեց 32 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 25 միլիոն եւրոյով:


