Եւրոպական Ֆութպոլ. Սլոթ Ուրախ Է, Բայց…
Լիվըրփուլի մարզիչ Առնը Սլոթ ուրախ է, որ իր խումբը լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուի, սակայն շեշտեց, որ կանուխ է վերլուծումներ կատարելու, թէ ան որքա՛ն լաւ մարզիչ է: Նետերլանտցի մարզիչը, որուն հետ Լիվըրփուլ իր առաջին 10 մրցումներուն 9 յաղթանակներ արձանագրեց, ամէնէն յաջող արդիւնքները արձանագրած մարզիչն է Լիվըրփուլի պատմութեան մէջ` տարեշրջանը այսքան լաւ սկսելով նոր ակումբին հետ: «Յատուկ բան մըն է ասիկա,...




















