Երեքշաբթի օր սկսան «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան մրցումները:
Գերմանիոյ մէջ Տորթմունտ – Սելթիք մրցումը բաւական աղմուկ հանեց Եւրոպայի մէջ, ուր սկովտիացի համակիրներ բարձրացուցին Լիբանանի եւ Պաղեստինի դրօշները` իբրեւ զօրակցութիւն իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ:
Միւս կողմէ, Տորթմունտի համակիրները մրցումի պահուն պաստառ մը բարձրացուցին իբրեւ բողոք` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «խճողուած օրացոյց»-ին դէմ: Պաստառը կ՛ըսէր. «Եու. Էֆ. Ա.» մաֆիա, դուք դրամի մասին կը մտածէք, ոչ թէ մարզանքին»:
Էմրէ Չան (փենալթիով), Քարիմ Ատեյեմի (3) եւ Սերքու Կիրասի մինչեւ կիսախաղ արդիւնքը 5-1-ի բարձրացուցած էին ի նպաստ անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի փոխախոյեան Տորթմունտի: 9-րդ վայրկեանին ճափոնցի յառաջապահ Տայզըն Մայետա նշանակած էր Սելթիքի հաւասարութեան կոլը:
66-րդ վայրկեանին Կերասի եւ 79-րդ վայրկեանին Ֆելիքս Նմեչա 2 կոլ եւս նշանակեցին` 7-1 արդիւնքով աւարտելով արդիւնքը:
Հետաքրքրական մրցումի մը, Արսենալ Լոնտոնի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փարիզ Սեն Ժերմենը: Քայ Հավերց եւ Պուքայօ Սաքա նշանակեցին Արսենալի երկու կոլերը:
Արսենալ համեմատաբար աւելի լաւ էր, բայց Փարիզ Սեն Ժերմեն երկու անգամ կրցաւ լրջօրէն վտանգել անգլիական ակումբի բերդը` գնդակը դպցնելով բերդի սիւնին, Նունօ Մենտեշի (առաջին կիսախաղին) եւ Ժոաօ Նեւեշի (Բ. կիսախաղին` ձողին) միջոցով:
Ա. Սէ. Միլան Գերմանիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայեր Լեւերքուզընէն: Նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Պոնիֆաս նշանակեց մրցումի միակ կոլը 51-րդ վայրկեանին: Ան 21-րդ վայրկեանին ալ նշանակած էր կոլ մը, որ սակայն ՎԱՐ-ի կողմէ չվաւերացուեցաւ, օֆսայտի պատճառով:
Բ. կիսախաղին Ա. Սէ. Միլան աւելի վտանգեց, եւ Լեւերքուզընի բերդը 82-րդ վայրկեանին ցնցուեցաւ Թէօ Հեռնանտեսի ռմբային հարուածով, որ զսպուեցաւ հորիզոնական ձողին կողմէ, մինչ զսպուած գնդակը հասաւ Մորաթային, որուն գլխու հարուածը շատ մօտէն անցաւ Լեւերքուզընի բերդին: Պէտք է ըսել, որ 2-3 արդիւնքով Միլանի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի բերդապահ Մայք Մենիան շատ լաւ ձեւով զսպած էր գերմանական խումբի յարձակումները եւ հարուածները:
Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց զուիցերիական Եանկ Պոյզի դէմ:
Ռոպերթ Լեվանտովսքի (2), Ռաֆինիա, Ինիկօ Մարթինես եւ Մոհամետ Քամարա (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը:
Մանչեսթըր Սիթի 4-0 արդիւնքով հեռացաւ Սլովան Պրաթիսլաւայի դաշտէն: Կիւնտողան, Ֆոտըն, Հաալանտ եւ Մաքաթի նշանակեցին Սիթիի 4 անպատասխան կոլերը:
Ինթեր Միլան 4-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց կարմիր աստղ Պելկրատի վրայ:
Հաքան Չալհանօղլու, Մարքօ Առնաութովիչ, Լաութարօ Մարթինես եւ Մեհտի Թարեմի նշանակեցին Ինթերի 4 կոլերը:


