Պէյրութ Մարաթոն յանձնախումբը ժողով մը գումարեց վարչական կազմին հետ, եւ կապուելէ ետք հովանաւոր ընկերութիւններու հետ, կարծիքներու փոխանակումով, որոշում տրուեցաւ յետաձգել Օ. Էմ. Թի. Պէյրութ Մարաթոնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 10 նոյեմբեր 2024-ին, երկրին ապահովական ներկայ դրութեան պատճառով: Երկրէն անկախ ամբողջ Միջին Արեւելքը ներկայիս յարձակումի կ՛ենթարկուի թշնամի Իսրայէլի կողմէ, տեղահանուած են հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ հարաւային Լիբանանէն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զոհեր տուաւ եւ կու տայ Լիբանան: Մեկնելով այս իրողութենէն տրուեցան հետեւեալ որոշումները.
1.- Օ. Էմ. Թի. Պէյրութ մարաթոնը յետաձգուած է հարաւային Լիբանանի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու պատերազմական մթնոլորտին, իչպէս նաեւ գաղթականներուն հետ զօրակցութեան ու միասնականութեան դիրքորոշման համար, նաեւ մարզիկներուն ապահովութեան պատճառով:
2.- Պահել վարչական եւ գումակային աշխատանքը նոյն դրութեամբ:
3.- Պաշտօնական ձեւով այս որոշումը տարածել ներքին եւ արտաքին կողմերուն, որոնք կապ ունին մարաթոնին հետ:
4.- Մարդասիրական օժանդակութեան արշաւի սկսիլ, յօգուտ հարաւային Լիբանանէն գաղթած մեր ընտանիքներուն, մասնաւորապէս Պէյրութի Մուսթաքպալ կառավարական դպրոցին մէջ ապաստանած ընտանիքներուն, որոնք մօտ 300 անդամներուն մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մայ Խալիլ ամէն օր կ՛այցելէ` ապահովելով անոնց պէտքերը, մինչեւ այս տագնապի աւարտը:


