Նափոլիի միջնապահ Սքոթ Մաքթոմինէյ յաջողած է տպաւորել գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէն:
Սկովտիայէն Նափոլիին միացաւ այս ամառ` անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Մոնցայի հետ ելոյթէն ետք, որուն ընթացքին Մաքթոմինէյ կոլի փոխանցում կատարած էր, Քոնթէ գովեստի խօսքեր ըսած է ակումբին «Նորեկ»-ին մասին:
«Մաքթոմինէյ բազմակողմանի ֆութպոլիստ է: Ան կրնայ յառաջապահին ետեւ խաղալ, միջնապահ դիրքի վրայ փայլիլ եւ նոյնիսկ ծայրի դիրք բռնել 5-4-1 խաղաձեւի ժամանակ», ըսած է Քոնթէ:
Միւս կողմէ, Նափոլի բանակցութիւններ կը կատարէ ակումբի վրայ միջնապահ Քվիչա Քվարացխելիայի հետ` անոր պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգելու համար:
Նափոլի արդէն կապուած է վրացի մարզիկին ներկայացուցիչին հետ` քննարկելու նիւթական կէտերը:
Ըստ աղբիւրներուն, Քվիչա կրնայ տարեկան 6 միլիոն եւրօ շահիլ: Անոր այժմու պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2027: Փոխանցման արժէքը կը գնահատուի մօտ 80 միլիոն եւրոյով: Ան այս տարեշրջանին 8 մրցում կատարած է Նափոլիի շապիկով` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 2 կոլի փոխանցում (էսիսթ):


