Արժանթինի ազգային խումբի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնայի աճիւնը պահելու համար, երկրի մայրաքաղաք Պուենոս Այրեսի մէջ պիտի կառուցուի յատուկ դամբարան, ըստ արժանթինեան «Քլարին» կայքին:
Աղբիւրին համաձայն, դամբարանը պիտի կառուցուի Փուեթրօ Մատերօ հրապարակի տարածքին մէջ 2025-ին: Կը հաղորդուի, որ դատարանը արդէն Մարատոնայի աճիւնը հաստատած է Միկելի քաղաքապետարանի Պելլա Վիսթա գերեզմանին մէջ, ուր տեղի ունեցած էր նաեւ յուղարկաւորութիւնը, աւելի ուշ փոխադրուելու ապագայ դամբարան մը, որ կը նախատեսուէր նախագահական պալատին մօտ:
Յիշեցնենք, որ Տիեկօ Մարատոնա 25 նոյեմբեր 2020-ին մահացած էր 60 տարեկան հասակին: 1986-ի աշխարհի ախոյեանի մահուան պատճառը սրտի տագնապն էր: Անոր մահուան գծով բժշկական մարմինի 8 անդամներ պիտի դատուին` անուղղակի ձեւով անոր մահուան պատճառ դառնալու յանցանքով:


