Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսսի 2 Կոլ Նշանակեց, Մարաշլեանի 1-ին Դէմ

October 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Մայեմի երէկ առաւօտեան ժամերուն Օհայոյի մէջ կրցաւ դառնալ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի բնական տարեշրջանի ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք տեղւոյն Քոլոմպուս Քրուին:

Երկու խումբերուն տարբերութիւնը եղաւ Լիոնել Մեսսին, որ առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեանին նշանակեց 2 կոլ: Առաջին կոլին ան օգտուեցաւ գեղեցիկ փոխանցումէ մը եւ դիւրութեամբ խաբեց Քոլոմպուսի բերդապահ Փաթրիք Շուլթըն: 49-րդ վայրկեանին, երբ կը խաղցուէին առաջին կիսախաղի կորսուած վայրկեանները, Մեսսի գեղեցիկ ազատ հարուածով մը նշանակեց Ինթեր Մայեմիի երկրորդ կոլը:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, հայազգի Տիեկօ Ռոսի Մարաշլեան ձախ ոտքի գեղեցիկ հարուածով մը խաբեց Ինթեր Մայեմիի բերդապահ Տրէյք Քալենտըրը:

2 վայրկեան չանցած, Ուրուկուէյի «աղուէս» Լուիս Սուարես օգտուեցաւ բերդապահ-յետսապահ սխալէ մը եւ գլխու հարուածով նշանակեց Ինթերի 3-րդ կոլը:

61-րդ վայրկեանին քոլոմպիացի յառաջապահ Քուչօ Հեռնանտես փենալթիով նշանակեց Քոլոմպուսի 2-րդ կոլը, որմէ 2 վայրկեան ետք ֆրանսացի յետսապահ Ռուտի Քամաչօ կարմիր քարտ մը ստանալով հեռացաւ դաշտէն:

Քոլոմպուս չազդուեցաւ 1 մարզիկ նուազ ունենալէն եւ շարունակեց իր յարձակումները: Պէտք է ըսել, որ անոր մարզիկները շատ աւելի լաւ էին մրցակիցէն, սակայն առիթները կոլի չկրցան վերածել: Քուչօ 84-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ մը եւս նշանակելու առիթ ունէր, բայց… հաւասարութեան կոլը չկրցաւ նշանակել, երբ Ինթերի բերդապահ Տրէյք կրցաւ զսպել անոր փենալթին:

Այսպիսով, Ինթեր Մայեմի բնական ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ դարձաւ Արեւելեան շրջանի ախոյեան` Քոլոմպուսի վրայ 11 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով:

Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Լոս Անճելըս Կալաքսի, որ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քոլորատօ Ռափիտսի դաշտէն:

Սպանացի միջնապահ Ռիքի Փուիճ տուպլէ մը իրագործեց:

 

Նախորդը

Քոնթէ Տպաւորուած` Մաքթոմինէյի Մակարդակէն

Յաջորդը

Ռոնալտօ Յստակ Մտադրութեամբ Կ՛երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.