Հոքիի կրկնակի ողիմպիական ախոյեան Ալեքսանտր Եակուշեւ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սպարտակ Մոսկուայի պատմութեան լաւագոյն յառաջապահ Նիքիթա Սիմոնեանը կոչած է մեծ մարզիկ, որ յարգուած է բոլոր շրջանակներուն կողմէ:
«Անձամբ կը ճանչնամ Նիքիթա Սիմոնեանը: Ան անուանի եւ մեծ մարզիկ ու մարդ է: Ան շատ բան կատարած է ոչ միայն Սպարտակի, այլեւ ամբողջ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլին համար: Սիմոնեան Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ շահած է Ողիմպիականը, իսկ Արարատի հետ դարձած է ախոյեան` իբրեւ մարզիչ: Սիմոնեան ամբողջ Խորհրդային Միութեան սիրելին էր: Նոյնիսկ Սպարտակի մրցակից Տինամոյի եւ բանակայիններու համակիրները բնաւ վատ խօսք չեն ըսած իր մասին: Նիքիթա Փաւլովիչ Սիմոնեանը կը յարգեն, որովհետեւ ան շատ պատկեշտ մարդ է: Ան շատ մեծ արժէք ունի այն առումով, որ իր գրեթէ ամբողջ ասպարէզը Սպարտակի հետ անցուցած է: Կ՛ուզեմ ջերմօրէն շնորհաւորել այս նշանակալից իրադարձութեան առիթով եւ անոր մաղթել առողջութիւն», ըսաւ Եակուշեւ` ակումբ մտնելու 75-ամեակին առիթով 97-ամեայ Սիմոնեանը մեծարելու Սպարտակի կազմակերպած նախաձեռնութեան ընթացքին:
Սիմոնեան, որ 12 հոկտեմբերին 98 տարիքը կը բոլորէ, 233 մրցում կատարած է Սպարտակի հետ, 1949-էն 1959-ի միջեւ նշանակած է 160 կոլ, դարձած է Խորհրդային Միութեան ախոյեան 4 անգամ եւ 2 անգամ շահած բաժակի մրցաշարքը: Ան իբրեւ մարզիչ երկու անգամ դարձած է Խորհրդային Միութեան ախոյեան` Սպարտակի հետ, եւ 3 անգամ բաժակակիր: Արարատի հետ ան նոյնպէս դարձած է ախոյեան եւ բաժակակիր 1973-ին: Ան 1956-ին ալ Խորհրդային Միութեան հետ դարձած է Ողիմպիականի ոսկի մետալակիր:
1984-1985 դարձած է Արարատի մարզիչ, ապա կարճ ժամանակով` Խորհրդային Միութեան ազգային խումբի մարզիչ: