Մարսէյ Կրնայ Ձեռք Ձգել Փոկպան
Օլեմփիք Մարսէյ կը բանակցի Փոլ Փոկպայի հետ, յաջորդ յունուարին անվճար պայմանագիր մը կնքելու ուղղութեամբ: Ըստ լրագրող Մալիք Թրաորէի, ֆրանսացի միջնապահը կրնայ Մարսէյին միանալ յունուարին, սակայն անոր արգիլուած է խաղալ մինչեւ մարտ: Յիշեցնենք, որ մէկ տարի առաջ, Եուվենթուս խզած էր ֆութպոլիստին պայմանագիրը` անոր խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալու պատիժին պատճառով: Նախապէս Փոկպա խաղցած էր Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, որ 2016-ին մօտ 100 միլիոն...




















