Շաբաթ գիշեր Ռէալ Մատրիտ «Լա լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի իր մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «դեղին սուզանաւ»-ը` Վիարէալը:
Ռէալ, որուն 36 անյաղթ մրցումներու շարքը վերջ գտած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Լիլի դէմ մրցումին (1-0), մրցումը սկսաւ բաւական զգուշ, մրցակիցի մը դէմ, որ մէկ կէտով ետ կը մնար միայն:
14-րդ վայրկեանին Լուքա Մոտրիչի փոխանցումէն ետք Ֆետերիքօ Վալվերտէ քառակուսիին ծայրէն ուժգին հարուածով մը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի առաջին կոլը:
2 վայրկեան ետք Նիքոլաս Փեփէի գլխու հարուածը զսպեց… Ռէալ Մատրիտի բերդին սիւնը:
3 վայրկեան առաջ առիթ մը կորսնցուցած Վինիսիուս Ճունիոր 73-րդ վայրկեանին Վալվերտէէն փոխանցում մը ստանալէ ետք անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը: Քանի մը վայրկեան ետք Վինիսիուս վիրաւորեց իր վիզը եւ փոխարինուեցաւ: Մրցումին 93-րդ վայրկեանին, այս անգամ աջ կողմի պաշտպան Տանի Քարվախալ վիրաւորուելով դուրս եկաւ դաշտէն: Քարվախալի բացակայութիւնը երկար ժամանակով կրնայ ըլլալ` նկատի ունենալով, որ ան վիրաւորած է ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը եւ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի: Ասիկա քիչ մը վատ լուր էր Ռէալի համար, որ աջ կողմի յետսապահի դիրքի համար արդէն իսկ կապուած էր Լիվըրփուլի մարզիկ Թրենթ – Ալեքսանտր Առնոլտի հետ` յառաջիկայ ամրան միանալու Ռէալին: Ըստ երեւոյթին, Ռէալ ձմրան փոխանցումներու պատուհանին բացման պիտի կապուի Առնոլտի: Ճիշդ է, որ Լուքաս Վասքես եւ Էտեր Մելիթաօ այդ դիրքը կրնան ժամանակաւոր խաղալ, սակայն Ռէալ կ՛ուզէ առաջին կարգի մարզիկ մը ձեռք ձգել Քարվախալին բացը գոցելու համար: