Ռումանիոյ Ունիվերսիտատ Քլիւժի յառաջապահ Արթիւր Միրանեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ազգային խումբ, ըստ Քլիւժի մամլոյ ծառայութեան:
Ազգերու լիկայի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը հոկտեմբերին պիտի մրցի Ֆարօ կղզիներուն եւ հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ:
10 հոկտեմբերին Հայաստանի հաւաքականը պիտի մրցի Ֆարօ կղզիներուն դէմ` անոնց դաշտին վրայ, ապա 3 օր ետք պիտի հիւրընկալէ հիւսիսային Մակեդոնիան` Երեւանի մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը Ազգերու լիկայի մրցաշարքին մաս կը կազմէ Գ. կարգի 4-րդ խմբակին` իրեն հետ ունենալով Ֆարօ կղզիները, հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Լաթվիան:


