Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Ասթոն Վիլայի Անակնկալը, Ռէալի Պարտութիւնը, Լիվըրփուլի Յաղթանակը Եւ Ժերոնայի Ժխտական Մրցանիշը

October 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան մրցումները հարուստ եղան անակնկալներով:

Առաջին շաբթուան առաւելագոյն կոլեր նշանակած խումբը` Պայերն Միւնիխ, 1982-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մրցեցաւ Ասթոն Վիլայի դէմ, սակայն այս անգամ մրցումը Նետերլանտներու մէջ չէր, այլ Պիրմինկհամի «Վիլա Փարք»-ին մէջ:

Պայերն սկիզէն լաւ սկսաւ մրցումին, բայց չկրցաւ գրաւել Արժանթինի ազգային խումբի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեսի բերդը:

22-րդ վայրկեանին Վիլա նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Փաու Թորեսի, սակայն յարձակումը սկսած էր օֆսայտի դիրքի վրայ գտնուող մարզիկի մը միջամտութեամբ, եւ կոլը չեղեալ նկատուեցաւ ՎԱՐ-ին կողմէ:

Առաջին կիսախաղին Մայքըլ Օլիզէի գեղեցիկ հարուածը լաւ ձեւով զսպուեցաւ Մարթինեսի կողմէ, որ մատներուն ծայրով գնդակը դուրս ղրկեց:

Բ. կիսախաղին աւելի եւս ճնշելէ ետք, հակայարձակում մը կատարելով Վիլա արագ կոլ մը նշանակեց, երբ քոլոմպիացի Ճոն Տիւրան նկատելով, որ բերդապահ Նոյըր յառաջացած է, անոր վրայէն գնդակը օդէն նշանակեց բերդին մէջ:

Հակառակ վերջին վայրկեաններուն առիթներ ստեղծելուն, Մարթինես բոլոր առիթներն ալ զսպեց` ընտրուելով մրցումի լաւագոյն մարզիկը:

Ֆրանսայի մէջ, Լիլ անակնկալ կերպով 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 15 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած Ռէալ Մատրիտը:

Քանատացի Ճոնաթան Տէյվիտ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` փենալթիով: Ռէալէն վերադարձած էր Էտուար Քամավինկան, մինչ Էմպափէ Բ. կիսախաղին մասնակցեցաւ Էնտրիքի փոխարէն:

Անգլիոյ մէջ, Լիվըրփուլի մարզիչ Առնէ Ալոթ դարձաւ ակումբի պատմութեան առաջին մարզիչը, որ իր առաջին 9 մրցումներէն 8-ն յաղթանակով աւարտեց: Լիվըրփուլ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իտալիոյ Պոլոնիան` շնորհիւ Մաքալիսթըրի եւ Սալահի կոլերուն:

Անցեալ տարուան Սպանիոյ ախոյեանութեան անակնկալ խումբը` Ժիրոնա, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ին, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ֆեյենուրտէն:

Այս մրցումին ժխտական մրցանիշ մը արձանագրուեցաւ, երբ Ժիրոնայէն 2 մարզիկներ` Հեռերա եւ Քրէյչի իրենց բերդին մէջ նշանակեցին 2 կոլեր` ի նպաստ Նետերլանտներու ակումբին: Առաջին շաբթուան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ մրցումին ալ Ժիրոնա 1-0 արդիւնքով պարտուած էր` ստանալով կոլ մը… սխալմամբ իր բերդին մէջ, նշանակուած գնդակով մը: Յաջորդական երկու մրցումներ սխալմամբ կոլեր նշանակելու մրցանիշ մըն էր ասիկա յաջորդող մրցումներու ընթացքին` «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով:

Ստորեւ` 2-րդ շաբթուան ամբողջական արդիւնքները.

Ժիրոնա – Ֆեյենուրտ 2-3
Շախթիոր Տոնեցք – Աթալանթա 0-3
Ասթոն Վիլա – Պայերն Միւնիխ 1-0
Պենֆիքա – Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-0
Տինամօ Զաղրեպ – Մոնաքօ 2-2
Լիլ – Ռէալ Մատրիտ 1-0
Լիվըրփուլ – Պոլոնիա 2-0
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Եուվենթուս 2-3
Շթուրմ Կրաց – Քլիւպ Պրիւժ 0-1

Նախորդը

Արթուր Միրանեան Հրաւիրուեցաւ Ազգային Խումբ

Յաջորդը

Պորել. «Նոր Ընդհանուր Քարտուղարի Օրով ՕԹԱՆ-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութիւնը Պիտի Ամրապնդուի»

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.