Վաղը` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Պայերն Միւնիխ
Եւրոպական ֆութպոլի շաբաթավերջը գրաւիչ մրցումներ կը ներգրաւէ. Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ մասնաւոր ճակատագրական ելոյթներ չկան, բայց անիկա միշտ ալ անակնկալներով հարուստ ախոյեանութիւն մը եղած է, ուր վերջին դիրքը գրաւող խումբը կրնայ անակնկալ ստեղծել պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող խումբին դէմ մրցումի մը:
Այսօր Քրիսթըլ Փելես, որ 18-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլը, մինչ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Ֆուլհամը (6-րդ), իսկ Արսենալ պիտի մրցի 19-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սաութհեմփթընը:
Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ
Արսենալ – Սաութհեմփթըն
Պրենթֆորտ – Վուլվզ
Լեսթըր Սիթի – Պորնմաութ
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆուլհամ
Ուեսթ Համ – Իփսուիչ
Էվըրթըն – Նիւքեսըլ
ՎԱՂԸ
Ասթոն Վիլա – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Չելսի – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Պրայթըն – Թոթենհամ
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Բ. դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ, որ վերջին երկու մրցումներուն չէ կրցած յաղթանակներ արձանագրել Աթլեթիքօ Մատրիտի (1-1) եւ Լիլի (0-1) դէմ մրցումներուն, իր կարելին պիտի փորձէ ընել Վիարէալի դէմ վերադառնալու յաղթանակներու ճամբան` մօտ մնալու պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնայի հետ:
Վիարէալ իր վերջին 2 մրցումները յաղթանակներով աւարտեց Պարսելոնայէն (1-5) պարտուելէ ետք: Սակայն ան դժուար թէ դիմանայ Ռէալի յարձակումներուն` նկատի ունենալով, որ պաշտպանողական լուրջ հարցեր ունի եւ 15 կոլ ստացած է 8 մրցումներու ընթացքին: Առաջին դիրքը գրաւող Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ալաւեսը, որ 11-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Ստորեւ` 9-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Էսփանիոլ – Մայորքա
Խեթաֆէ – Օսասունա
Լաս Փալմաս – Սելթա Վիկօ
Վայատոլիտ – Ռայօ Վայեքանօ
Ռէալ Մատրիտ – Վիարէալ
ՎԱՂԸ`
Ժիրոնա – Աթլեթիք Պիլպաօ
Ալավես – Պարսելոնա
Սեւիա – Պեթիս
Ռէալ Սոսիետատ – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Թորինոն:
Ինթեր Միլան, որ սեպտեմբերին բաւական ձախող ելոյթներ ունեցաւ, Մոնցայի (1-1) եւ Մանչեսթըր Սիթիի (0-0) հետ հաւասարութիւններ արձանագրելէ ետք պարտուեցաւ Միլանի տերպիին` Ա. Սէ. Միլանէն (1-2): Ան պիտի փորձէ իր պայքարը շարունակել կարեւոր յաղթանակով մը Թորինոյի դէմ այսօր, Սան Սիրոյի մէջ: Թորինօ, որ 2 շաբաթ առաջ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր, անցեալ շաբաթ պարտութիւն մը կրեց Լացիօ Ռոմայէն, իսկ քանի մը օր առաջ դուրս մնալէ ետք բաժակի մրցաշարքէն, պիտի փորձէ դրական արդիւնքուվ հեռանալ Սան Սիրոյէն:
Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ուտինեզէ – Լեչէ
Աթալանթա – Ճենովա
Ինթեր Միլան – Թորինօ
ՎԱՂԸ
Եուվենթուս – Քալիարի
Պոլոնիա – Փարմա
Լացիօ Ռոմա – Էմփոլի
Մոնցա – Ա. Էս. Ռոմա
Ֆիորենթինա – Ա. Սէ. Միլան
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ, որ տարեշրջանը շատ լաւ ձեւով սկսած էր, ախոյեանութեան իր վերջին մրցումին 2 կարեւոր կէտեր կորսնցուց Լեւերքուզընի դէմ մրցումին (1-1), իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումին 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ասթոն Վիլայէն` Անգլիոյ մէջ: Վաղը Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ Պայերն դժուար մրցում մը պիտի ունենայ Բ. դիրքը գրաւող մրցակիցին դէմ, որ ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթելով պարագլուխի դիրքը գրաւել:
Ստորեւ 6-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Պայեր Լեւերքուզըն – Հոլշթին Քիլ
Վերտըր Պրեմըն – Ֆրայպուրկ
Ունիոն Պերլին – Տորթմունտ
Պոխում – Վոլֆսպուրկ
Զանքթ Փաուլի – Մայնց
Հայտընհայմ Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Այնթրախթ – Պայերն Միւնիխ
Շթութկարթ – Հոֆենհայմ
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 7-րդ հանգրուանին ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն վաղը պիտի մրցի Նիսի դաշտին վրայ, որ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ 2-րդ դիրքը գրաւող Մոնաքօ պիտի ըլլայ հիւրը Ռեննի, որ 10-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Սենթ Էթիեն – Օքսեռ
Լիլ – Թուլուզ
Ռենն – Մոնաքօ
ՎԱՂԸ
Լիոն – Նանթ
Պրեսթ – Լը Հաւր
Սթրազպուրկ – Լանս
Ռենս – Մոնփելիէ
Նիս – Փարիզ Սեն Ժերմեն