Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրուս. «Ֆութպոլի Մէջ Անհատական Տիտղոսները Անպէտք Են»

October 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս յայտարարեց, թէ ֆութպոլին համար անհատական տիտղոսներ պէտք չեն:

34 տարեկան Քրուս, որ ֆութպոլը լքեց 2024-ի Եուրոյէն ետք, ըսաւ. «Անհատական ձեռքբերումները` տիտղոսները ֆութպոլի մէջ, ինծի համար անպէտք կը թուին: Առանց խումբի, մարզիկը ուղղակի ոչինչ է»:

Քրուս, որ 2007-էն 2014 մաս կը կազմէր Պայերն Միւնիխին, որուն հետ շահած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ը, միացած էր Ռէալին, որուն հետ 5 անգամ շահած է «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Գերմանիոյ (3) եւ Սպանիոյ (4) ախոյեանութիւններէն եւ այլ տիտղոսներէ անկախ:

Վերջերս Քրուս պատասխանած էր նաեւ Լոթար Մաթէուսի մէկ խօսքին, թէ Պայերն այժմ շատ աւելի լաւ ելոյթ կ՛ունենայ, քան Կուրատիոլայի օրերուն: «Երբ կը խօսուի խումբի մը յաջողութեան մասին, տարեշրջանի առաջին ամիսը բան մը չի վճռուիր: Կուարտիոլայի ժամանակ տարբեր ձեւի ֆութպոլ կը խաղցուէր: Անշուշտ կ՛ուզեմ Պայերնի յաջողութիւնը ամբողջ տարեշրջանին, սակայն չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կրնան բաղդատել երեք տարեշրջանի ելոյթներ` 1 ամսուան յաջող ելոյթներու հետ»:

Մաթէուսի խօսքերէն ետք, Պայերն Լեւերքուզընի դէմ հաւասարութիւն արձանագրած էր, իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ին` 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած Ասթոն Վիլայէն:

Քրուս, որ բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղար մինչեւ ֆութպոլը լքելը, աւելցուց. «Երազս էր բարձր մակարդակի վրայ լքել ֆութպոլը: Ես խաղցած եմ բարձր մակարդակի մարզիկներու հետ` գրեթէ ամբողջ ասպարէզիս ընթացքին, բան մը, որ քիչ մարզիկներու բախտը կ՛օգնէ ընել: Կային նաեւ այլ գործօններ այս որոշումիս համար: Անընդհատ ճամբորդութիւններն ու ընտանիքէս հեռու մնալը ինծի յոգնեցուցած են տարիներու ընթացքին: Թերեւս 5 տարի ետք կ՛ըսեմ, թէ շատ կանուխ լքած եմ ֆութպոլը, բայց հիմա ես ինծի շատ լաւ կը զգամ այս որոշումովս»:

 

Նախորդը

Փոկպա Աւելի Կանուխ Պիտի Վերադառնայ

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտի «Սուղ» Յաղթանակը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.