 ՖԻՖԱ-ն վերջերս յայտնեց, թէ 2025-ին ակումբներու աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրսիի «Մեթլայֆ Սթատիում»-ին վրայ:
ՖԻՖԱ-ն վերջերս յայտնեց, թէ 2025-ին ակումբներու աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրսիի «Մեթլայֆ Սթատիում»-ին վրայ:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 յուլիս 2025-ին: Նոյն մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ նաեւ 2026-ի մոնտիալի աւարտական մրցումը` նկատի ունենալով, որ մոնտիալը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մէջ:
2025-ի ակումբներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք նոր ձեւով տեղի պիտի ունենան` մասնակցութեամբ 32 ակումբներու (առաջին անգամ ըլլալով), տեղի պիտի ունենան Սինսինաթթիի, Մայեմիի, Նեշվիլի, Նիւ Ճըրսիի, Չարլոթի, Օրլանտոյի, Լոս Անճելըսի, Ֆիլատելֆիոյ, Սիեթըլի եւ Ուաշինկթընի մարզադաշտերուն վրայ:
Ակումբներու աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 15 յունիսէն 13 յուլիս 2025:
 
			

