Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սլոթ Ուրախ Է, Բայց…

October 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիվըրփուլի մարզիչ Առնը Սլոթ ուրախ է, որ իր խումբը լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուի, սակայն շեշտեց, որ կանուխ է վերլուծումներ կատարելու, թէ ան որքա՛ն լաւ մարզիչ է:

Նետերլանտցի մարզիչը, որուն հետ Լիվըրփուլ իր առաջին 10 մրցումներուն 9 յաղթանակներ արձանագրեց, ամէնէն յաջող արդիւնքները արձանագրած մարզիչն է Լիվըրփուլի պատմութեան մէջ` տարեշրջանը այսքան լաւ սկսելով նոր ակումբին հետ:

«Յատուկ բան մըն է ասիկա, եթէ նկատի ունենանք, թէ որքա՛ն լաւ մարզիչներ անցած են այս ակումբի պատմութեան ընթացքին: Կը յուսանք, որ այս ընթացքը շարունակուի, եւ բախտաւոր եմ, որ ժառանգած եմ այսքան լաւ խումբ մը, որ մնացած է Եուրկըն Քլոփի օրերէն», ըսաւ Սլոթ: Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Քրիսթըլ Փելեսի` մնալով դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ:

Պէտք է ըսել, որ Լիվըրփուլի մրցումները համեմատաբար դիւրին էին, եւ ազգային խումբերու ելոյթներու դադարէն ետք կը սկսին աւելի դժուար մրցումները: Չելսիի, Լայփցիկի («Չեմփիընզ լիկ») եւ Արսենալի դէմ ելոյթները բաւական դժուար կրնան ըլլալ` նկատի ունենալով, որ պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն, որ Սլոթի կարծիքով` աշխարհի թիւ 1-ն է, վիրաւորուած է եւ շատ հաւանական է, որ բացակայի Պրազիլի ազգային խումբի յաջորդ ելոյթներէն եւ նոյնիսկ Չելսիի դէմ ճակատումէն:

«Եթէ մարզիկ մը այդ ձեւով դուրս գայ դաշտէն, կը նշանակէ, որ ան բաւական պիտի բացակայի: Քաջալերելի էր պահեստի երկրորդ բերդապահ Վիթեշլաւ Եարոշի ելոյթը, որ հիւանդ Քելլեհըրը փոխարինած էր իբրեւ թիւ 2 բերդապահ:

Միւս կողմէ, ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-2 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆուլհամի դէմ մրցումին:

Ֆուլհամ ինք էր, որ նշանակեց առաջին կոլը` շնորհիւ պրազիլցի Անտրէաս Փերէյրայի: Խրուաթ Մաթէօ Քովասիչ երկու կոլ նշանակեց եւ 82-րդ վայրկեանին Ժերեմի Տոքիւ նշանակեց Սիթիի երրորդ կոլը: 88-րդ վայրկեանին այլ պրազիլցի մը` Ռոտրիկօ Մունիս նշանակեց Ֆուլհամի երկրորդ կոլը: Սիթի պահեց իր կապը` Լիվըրփուլի հետ (1 կէտով ետ կը մնայ), մինչ Արսենալ իր կարգին յաղթելէ ետք Սաութհեմփթընի (3-1), մնաց Սիթիի հետ 17 կէտերով:

Քամերոն Արչըր նշանակած էր Սաութհեմփթընի եւ մրցումի առաջին կոլը, բայց Արսենալ 58-րդ վայրկեանէն 88-րդ վայրկեան նշանակեց 3 յաջորդական կոլեր` շնորհիւ Քայ Հավերթցի, Կապրիէլ Մարթինելլիի եւ Պուքայօ Սաքայի:

Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Էվըրթըն – Նիւքեսըլ 0-0
Արսենալ – Սաութհեմփթըն 3-1
Պրենթֆորտ – Վուլվզ 5-3
Լայսթըր – Պորնմաութ 1-0
Մանչեսթըր Սիթի – Ֆուլհամ 3-2
Ուեսթ Համ – Իփսուիչ 4-1
Քրիսթըլ Փելես – Լիվըրփուլ 0-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Լիվըրփուլ 18 (13-2)
2.- Մանչեսթըր Սիթի 17 (17-8)
3.- Արսենալ 17 (15-6)
4.- Չելսի 13 (15-7)
5.- Ասթոն Վիլա 13 (12-9)
6.- Նիւքեսըլ 12 (8-7)
…………….. ……………..
18.- Քրիսթըլ Փելես 3 (5-10)
19.- Սաութհեմփթըն 1 (4-15)
20.- Վուլվզ 1 (9-21)

 

Նախորդը

«Պունտըսլիկա» Հոլշթին Քիլի Անակնկալը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ. Նոր Համաճարակ Կը Տարածուի

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.