Փեքինի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուաններուն:
Տղոց մրցումները վերջ գտան սպանացի Քարլոս Ալքարասի յաղթանակով. ան աւարտականին կրցաւ պարտութեան մատնել թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըրը` 6-7, 6-4 եւ 7-6 (7-3) արդիւնքով:
Այս տարի 3-րդ ճակատումն էր աշխարհի լաւագոյնը դասուած թենիսմեններուն միջեւ, ուր սպանացին երեքին ալ կրցաւ յաղթել: Անցեալ տարի երկու մարզիկներ 3 ելոյթ ունեցած էին, եւ առաջինը պարտուելէ ետք, Սինըր կրցած էր 2 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրել` 2023-ը փակելով նոյն այս Փեքինի մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Կիսաւարտականին Ալքարաս 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր ռուս Տանիլ Մետվետեւը, մինչ Սինըր շատ աւելի դիւրին մրցակից մը ունէր` թիւ 69 դասուած Եունչաոքեթէ Պուն (Չինաստան), բայց 2 ժամ պայքարէ ետք միայն կրցաւ դուրս ձգել զայն` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումները հասած են կիսաւարտական հանգրուան: Քառորդ աւարտականին մեծ անակնկալ մը արձանագրուեցաւ, երբ թիւ 1 դասուած Արինա Սապալենքա (աշխարհի թիւ 2) անակնկալ պարտութիւն մը կրեց չեխ Քարոլինա Մուչովայէն (թիւ 49)` 7-6, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
Չինացի Քինուեն Ժենկ (թիւ 7) սեթ մը կորսնցնելէ ետք 17 տարեկան ուքրանացի Միրա Անտրէեւայի դէմ (7-5), կրցաւ 6-0 եւ 6-4 արդիւնքով 2 սեթեր շահիլ եւ ապահովել կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր պիտի մրցի Մուչովայի դէմ:
Թիւ 4 դասուած Քոքօ Կաֆ (Միացեալ Նահանգներ) իր կարգին սեթ մը կորսնցուց (2-6), որմէ ետք 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաջորդական սեթեր շահեցաւ ուքրանացի Եուլիա Սթարոտուպայեւայի դէմ եւ հասաւ կիսաւարտական:
Կաֆի մրցակիցը պիտի ըլլայ սպանացի Փաուլա Պատոզա, որ 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով դուրս ձգեց այլ չինացի մը` Շուայ Ժանկը, որ 35 տարեկանին կը փորձէր անակնկալ մը արձանագրել` վերադառնալով թենիսի աշխարհ: