39 տարեկան Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Նասր ակումբը սկսած են բանակցութիւններու` անոր պայմանագրութեան ժամկէտը երկարաձգելու վերաբերեալ:
Ըստ աղբիւրին, փորթուգալցի յառաջապահը կը մտածէ շարունակել խաղալ, որպէսզի պատրաստ ըլլայ մասնակցելու 2026-ի մոնտիալին: Մոնտիալին մասնակցելու պարագային, ան պատմական մրցանիշ մը պիտի արձանագրէ` դառնալով առաջին մարզիկը, որ 6 մոնտիալներու կը մասնակցի:
Ռոնալտօ մինչեւ օրս (այս տարեշրջանին) մասնակցած է 8 մրցումներու` նշանակելով 7 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ: