Ֆրանսացի ծանօթ ֆութպոլիստ Փոլ Փոկպա, որ խթանիչ դեղեր առնելու համար սկզբունքով կախակայուած էր Իտալիոյ ՕԹԱՆ-ի կողմէ (Նեշընըլ անթի տոփինկ օրկանայզէյշըն) 4 տարուան համար, 18 ամիսով պիտի կախակայուի` «Սի. Այ. Էս.»-ի (Քորթ Արպիթրէյշըն ֆոր Սփորթց) վճիռէն ետք:
«Կախակայումը այժմ 18 ամիս է, 11 սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ», յայտնեց «Սի. Այ. Էս.»-ի ընդհանուր վարիչ Մաթէօ Ռիպ:
31 տարեկան Փոկպա, որ մինչեւ 2026 Եուվենթուսի մարզիկ է, առաջին օրէն յայտնած էր, թէ սխալ բան չէ գործած, եւ անցեալ փետրուարին «Սի. Այ. Էս.»-ին բողոք ներկայացուցած էր դատը վերատեսութեան ենթարկելու: «Վերջապէս գէշ երազը աւարտեցաւ: Այժմ երազս շարունակելու եմ: Ես միշտ ալ ըսի, որ չեմ ըրած սխալ բան մը, որ օրէնքները կրնայ խախտել, եւ վեթամինը առած եմ բժիշկի թելադրանքով, բան մը, որ չ՛աշխուժացներ աթլեթներու ելոյթը: Մաքուր մարզիկ եմ, եւ հակառակ անոր որ պէտք է ընդունիմ պատիժս. շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ դատարանին, որ կրցան վերատեսութեան ենթարկել իմ հարցս», ըսաւ Փոկպա:
Նշենք, որ քննութիւնը տեղի ունեցած էր Եուվէի անցեալ տարեշրջանի բացման մրցումէն (3-0 Ուտինեզէի դէմ) ետք: