Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Քոնֆերենս Լիկ.  Այսօր` Նոա – Մլատա Պոլեսլաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Քոնֆերենս Լիկ. Այսօր` Նոա – Մլատա Պոլեսլաւ

Այսօր ժամը 19:45-ին, «Քոնֆերենս լիկ»-ի առաջին շաբթուան իր առաջին մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ չեխ Մլատա Պոլեսլաւ ակումբը: Մլարա միջակ խումբ մըն է եւ կը գրաւէ Չեխիոյ ախոյեանութեան 10-րդ դիրքը (9 մրցումներէ ետք): Անիկա պէտք է համեմատաբար դիւրին մրցակից մը ըլլայ Նոայի համար, որ կրցած էր Աէք Աթէնքի մակարդակով խումբեր դուրս ձգել զտումի...

Սեւիկեան Լրջութեամբ Կը Շարունակէ

Սեւիկեան Լրջութեամբ Կը Շարունակէ

Լոքոմոթիւ Մոսկուայի միջնապահ Էտկար Սեւիկեան կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ լրջօրէն կը պատրաստուի Ռուսիոյ բաժակի իւրաքանչիւր մրցումին, առանց նայելու մրցակիցին գրաւած դիրքին: Լոքոմոթիւ Ե. հանգրուանին գծով մրցումի մը ընթացքին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Օրենպուրկին: Լոքոմոթիւի յաջորդական 5-րդ յաղթանակն էր եւ արդէն իսկ ապահոված փլէյ-օֆի իր դիրքը: Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկը կրցաւ լաւ ելոյթ մը ունենալ եւ կոլի փոխանցում ալ...

Շումախըր Ներկայ Գտնուեցաւ Իր Դստեր Պսակին

Շումախըր Ներկայ Գտնուեցաւ Իր Դստեր Պսակին

7 անգամ Ֆորմիւլա 1-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Միքայէլ Շումախըր, որ մօտ 11 տարի հեռու մնացած էր հանրային կեանքէն, ներկայ գտնուեցաւ իր դստեր պսակին, Մայորքայի մէջ: 55 տարեկան Շումախըր, որ դահոյկով չմշկելու պահուն արկած մը ունեցած էր 2013-ին Կրընոպլի մէջ (Ֆրանսա), ուղեղային վէրքեր ստացած էր եւ մահաքունի մէջ կը գտնուէր վերաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: 6 ամիս մնալէ ետք մահաքունի մէջ, ան ինքզինք...

Պրունօ Ֆեռնանտեշի Կարմիր Քարտը Բեկանուեցաւ

Պրունօ Ֆեռնանտեշի Կարմիր Քարտը Բեկանուեցաւ

Մանչեսթըր Եունայթտի միջնապահ Պրունօ Ֆեռնանտեշ պիտի մասնակցի իր ակումբի յառաջիկայ հանդիպումներուն, որովհետեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նկատի չէ առած անոր կարմիր քարտը` Թոթենհամի դէմ (0-3) մրցումին: Եունայթըտի վարչութիւնը բողոքի նամակ յղած էր ֆետերասիոնին` վերատեսութեան ենթարկելու Պրունոյի կարմիր քարտի միջադէպը, որուն լոյսին տակ անոր պատիժը բեկանուեցաւ: Թոթենհամի դէմ 42-րդ վայրկեանին Ֆեռնանտեշ ուղղակի կարմիր քարտ մը ստացաւ` Լոնտոնի ակումբի միջնապահ Ճէյմս Մետիսընի դէմ...

Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Ստիպուի  Միջնապահ Մը Ձեռք Ձգել

Մանչեսթըր Սիթի Պիտի Ստիպուի Միջնապահ Մը Ձեռք Ձգել

Մանչեսթըր Սիթի այս ձմրան հաւանական է, որ ստիպուի նոր միջնապահ մը ձեռք ձգել Ռոտրիի ձգած բացը գոցելու նպատակով: Ըստ աղբիւրներու, Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրենքի տը Եոնկ կը գրաւէ Սիթիի ուշադրութիւնը: Անգլիոյ ախոյեան Սիթի կը դիտարկէ 27 տարեկան նետերլանտցի միջնապահ ձեռք ձգելու տարբերակը: Տը Եոնկի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 70 միլիոն եւրոյով: Նախապէս Պարսելոնա կ՛ուզէր «բաժնուիլ» Տը Եոնկէն` իր բարձր աշխատավարձին պատճառով:...

Հեծելարշաւ.  Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս  Երկիրներու Ֆետերասիոնի Նախագահ

Հեծելարշաւ. Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Ֆետերասիոնի Նախագահ

Ֆրանսախօս երկիրներու հեծելարշաւի ֆետերասիոնը վերածնունդ ունեցաւ: Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, ուր ներկայ էին անդամ երկիրներու ֆետերասիոնները, ընդհանուր ժողովի մը առիթը ստեղծուեցաւ, եւ նոր ֆետերասիոն մը ընտրուեցաւ անոր լոյսին տակ: Վաչէ Ծատուրեան, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահն է, ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ: Ան արդէն իսկ նշանակուած էր նախագահի ժամանակաւոր գործակատար` փոխարինելով կախակայուած նախկին նախագահը Էմապլը Պայինկանան (Ռուանտա) 2019-ին:...

Ճատրակ.  ՖԻՏԷ Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան 6 Ներկայացուցիչ Ունի

Ճատրակ. ՖԻՏԷ Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան 6 Ներկայացուցիչ Ունի

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց հոկտեմբեր ամսուան դասակարգի աղիւսակը: Ըստ «Արմենփրես»-ի, տղոց դասաւորման մէջ Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ. Հայկ Մարտիրոսեան կը գրաւէ 51-րդ դիրքը, Շանթ Սարգսեան` 70-րդ, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան` 93-րդ: Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ, կը գրաւէ 16-րդ դիրքը: Աղջկանց դասաւորման մէջ, Էլինա Դանիէլեան 60-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Լիլիթ...

Հեծելարշաւ.  Փոկաչար Շահեցաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Հեծելարշաւ. Փոկաչար Շահեցաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Թատէյ Փոկաչար ամբողջացուց իր 3-րդ տիտղոսը` շահելէ ետք Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած հեծելարշաւի «Եու. Սի. Այ.» աշխարհի ճամբու ախոյեանութիւնը: Սլովենիացի մարզիկը անակնկալ ձեւով յարձակում կատարեց մրցումի աւարտէն 100 քմ առաջ, եւ աւարտի կէտին հասաւ 31 երկվայրկեանի առաւելութիւն ունենալով Աւստրալիոյ Պեն Օ՛Քոնըրի վրայ, մինչ անցեալ տարուան ախոյեան Մաթէօ Վան տեր Փուլ գրաւեց երրորդ դիրքը: «Չեմ կրնար հաւատալ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ: Այս...

Ինիեսթա Կ՛աւարտէ Իր Ասպարէզը

Ինիեսթա Կ՛աւարտէ Իր Ասպարէզը

Սպանացի աշխարհահռչակ միջնապահ Անրես Ինիեսթա յառաջիկայ երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին պիտի աւարտէ ֆութպոլի իր ասպարէզը, կը յայտարարէ «Ռելեւօ»: Ինիեսթա, որ իր ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Պարսելոնայի հետ, (2002-էն 2018) միացած էր ճափոնական Վիսել Քոպէին եւ անցեալ տարի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Էմիրէյթցտին, որ սակայն իջաւ Բ. դասակարգ: Ասպարէզի մեծամասնութեան կրելէ ետք թիւ 8 խաղաշապիկը, ան որոշած է 8 հոկտեմբերին աւարտել իր...

Հակառակ Ձախող Ելոյթներուն, Թեն Հակ Կը Մնայ Եունայթըտի Մարզիչ, Մինչեւ…

Հակառակ Ձախող Ելոյթներուն, Թեն Հակ Կը Մնայ Եունայթըտի Մարզիչ, Մինչեւ…

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Էրիք Թեն Հակ տակաւին կը «վայելէ» ակումբին կողմէ տրուած աջակցութիւնը, սակայն երկու կողմերու յարաբերութիւնները սկսած են լարուած մթնոլորտ ստանալ: «Կարմիր սատանաներ»-ը վերջնական որոշում պիտի կայացնեն Եունայթըտի յաջորդ երկու մրցումներէն` Փորթոյի (հինգշաբթի) եւ Ասթոն Վիլայի (կիրակի) դէմ մրցումներէն ետք: Եունայթըտ 7 կէտեր ձեռք ձգած է եւ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ դիրքը: Թեն Հակի հեռացումը 21 միլիոն եւրոյի...

Ռոնալտօ 904-րդ Կոլը Նուիրեց Իր Հօրը

Ռոնալտօ 904-րդ Կոլը Նուիրեց Իր Հօրը

Փորթուգալի ազգային խումբի եւ Նասր ակումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյին յայտնեց, որ ասպարէզի իր 904-րդ կոլը կը նուիրէ իր հօրը: Ռոնալտօ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Ռայանի դէմ կոլ նշանակած էր Նասրի հետ: «Այսօրուան կոլը իր իւրայատուկ համն ու հոտը ունի: Կ՛ուզէի հայրս ողջ տեսնել: Այսօր անոր տարեդարձն էր», ըսած է Ռոնալտօ: . Մինչ այդ, Սէուտական Ալ...

Տիքեմպէ Մութոմպօ Ոչ Եւս Է

Տիքեմպէ Մութոմպօ Ոչ Եւս Է

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն պաշտպանողական մարզիկներէն, ծնունդով Քոնկոյի Տիքեմպէ Մութոմպօ երկուշաբթի գիշեր մահացաւ ուղեղի քաղցկեղի պատճառով: Ան մօտ 2 տարի առաջ վերաբուժութեան ենթարկուած էր ուղեղին մէջ ուռ մը ունենալուն պատճառով, որմէ ետք ան մնաց ընտանիքին հետ` հեռու մնալով լուսարձակներէն: Ան 58 տարեկանին մահացաւ (30 սեպտեմբերին) Աթլանթայի մէջ: Մութոմպօ եղած էր Տենվըր Նակեթցի (1991-էն 1996) եւ Աթալանթա Հոքսի (1996-2001) սենթըր`...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տարեշրջանը Կը Սկսի 22 Հոկտեմբերին

«Էն. Պի. Էյ.» Տարեշրջանը Կը Սկսի 22 Հոկտեմբերին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-2025 տարեշրջանը կը սկսի 22 հոկտեմբերին, ուր ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս պիտի հիւրընկալէ Նիւ Եորք Նիքսը, 18-րդ ախոյեանութեան (մրցանիշ) տիտղոսի մատանիները ստանալէ ետք: Օրուան երկրորդ մրցումին, Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ պիտի ըլլայ հիւրը Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, ուր Լըպրոն Ճէյմս իր 22-րդ տարեշրջանը պիտի սկսի իր անդրանիկ զաւկին` Պրոնիի հետ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայր եւ որդի նոյն ժամանակ եւ...

Թուրք Համակիրներ Յարձակեցան ՀՄԸՄ-Վալանսի Մարզիկներուն Վրայ

Թուրք Համակիրներ Յարձակեցան ՀՄԸՄ-Վալանսի Մարզիկներուն Վրայ

Ֆրանսայի հինգերորդ դասակարգի նահանգային ախոյեանութեան գծով, Վալանս քաղաքի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-Վալանս կը մրցէր Էֆ. Սէ. Թիւրքուազ խումբին դէմ, որ թրքական համայնքի խումբն է: ՀՄԸՄ կը յաղթէր 2-0 արդիւնքով կիսախաղին: 80-րդ վայրկեանին համակիրները` դժգոհ արդիւնքէն, դաշտ խուժած են եւ դաշոյններով յարձակած ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն վրայ: 2 մարզիկներ լրջօրէն վիրաւորուած են եւ փոխադրուած հիւանդանոց, մինչ ոստիկանութիւնը հասած է դաշտը պարպուելէ ետք: Ֆրանսական «Լը...

Թենիս.  Ալքարաս Յաղթեց Խաչանովին

Թենիս. Ալքարաս Յաղթեց Խաչանովին

Երէկ տեղի ունեցան Փեքինի (Չինաստան) թենիսի բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնցմէ մէկուն ընթացքին հայազգի Կարէն Խաչանով բաւական պայքարելէ ետք առաջին սեթին, երկրորդ սեթին գրեթէ «յանձնուեցաւ» աշխարհի թիւ 2 թենիսմէն Քարլոս Ալքարասին դիմաց` 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով: Կիսաւարտականին Ալքարաս պիտի մրցի ռուս Տանիլ Մետվետեւի դէմ, որ դուրս ձգեց թիւ 32 դասուած իտալացի Ֆլաւիօ Քոպոլլին` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: Թիւ 1...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ Գրաւեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի  Պարագլուխի Դիրքը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Գրաւեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պարագլուխի Դիրքը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանէն ետք, Լիվըրփուլ առանձին գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Ասթոն Վիլա կրնար գրաւել Բ. դիրքը նոյնքան կէտերով (15 կէտ), սակայն չկրցաւ յաղթել Իփսուիչի դէմ մրցումին: Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Նիւքեսըլի դաշտին վրայ նշանակեց առաջին կոլը, սակայն Նիւքեսըլ կրցաւ հաւասարիլ Բ. կիսախաղին: Պէտք է ըսել, որ Սիթի դաշտին կեդրոնը բաւական դժուարութիւն կ՛ունենայ Ռոտրիի բացակայութեան` անոր ձգած բացը գոցելու: Ռոտրի...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Արսենալ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այսօր կը սկսին «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան մրցումները, ուր ամէնէն աչքառու մրցումին, Լոնտոնի մէջ, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ ֆրանսացի «հսկայ» Փարիզ Սեն Ժերմենը: Արսենալ, որ իր դաշտին վրայ յունուարէն ի վեր չէ պարտուած, բաւական լաւ վիճակի մէջ է, սակայն «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր առաջին մրցումին Իտալիայէն ճերմակ հաւասարութեամբ վերադարձաւ, անցեալ տարուան «Եուրոփա լիկ»-ի ախոյեան Աթալանթայի դէմ մրցումին: Փարիզ...

Ինթեր Եւ Թոթենհամ Կրնան Մարզիկներով Փոխանակուիլ

Ինթեր Եւ Թոթենհամ Կրնան Մարզիկներով Փոխանակուիլ

«Սերի Ա.»-ի ախոյեան Ինթեր Միլան հետաքրքրուած է Թոթենհամի բերդապահ Կույելմօ Վիքարոյով, մինչ Թոթենհամ հետաքրքրուած է Ինթերի ֆրանսացի պաշտպան Պենճամեն Փաւարտի ծառայութեամբ: Ըստ «Կոլ» կայքին, ակումբները յառաջիկայ ամրան կրնան փոխանակուիլ մարզիկները: 28 տարեկան Փաւարտ Պայերն Միւնիխի պաշտպան էր եւ կարողութիւն ունի կեդրոնի եւ ծայրի յետսապահ դիրքերուն վրայ խաղալ: 27 տարեկան Վիքարիոյի փոխանցման արժէքը կը գնհատուի 35 միլիոն եւրոյով, մինչ Փաւարտի արժէքը`...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց, Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Փեքինի (Չինաստան) բաց մրցաշարքին, Կարէն Խաչանով 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրանսիսքօ Չերունտոըն` 2 ժամ 12 վայրկեան պայքարէ ետք: Թիւ 27 դասուած Խաչանով, որ նախապէս դուրս ձգած էր սպանացի Ռոպերթօ Քարպայեւ Պայենան (6-4, 6-4), քառորդ աւարտականին պիտի մրցի աշխարհի թիւ 2 Քարլոս Ալքարասի դէմ, որ դիւրութեամբ դուրս ձգեց Թալոն Կրիքսփորը` 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով: Աղջկանց մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլինա...

Ծանրաբարձութիւն.  Աշոտ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Աշոտ Մովսիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը վերջ գտաւ շաբաթավերջին: Լէոնի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Մովսիսեան 109 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ ձեռք ձգեց` երկամարտին արձանագրելով 366 քկ կշիռ: Ան արաշէի մրցումներուն 158 քկ բարձրացուց (5-րդ դիրք), իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 208 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր պրոնզէ մետալ մըն ալ: Ախոյեան դարձաւ հարաւային քորէացի Նամ Ճի Եոն` 383...

Page 177 of 1281 1 … 176 177 178 … 1,281

Արխիւներ