Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պունտըսլիկա» Հոլշթին Քիլի Անակնկալը

October 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պայեր Լեւերքուզըն, որ անցեալ տարուան ախոյեանութիւնը շահած էր, շաբաթ օր իր մարզիչ Չաւի Ալոնսոյի հետ 2-րդ տարին բոլորեց, սակայն ուրախ դէմքերը բացակայ էին մրցումի աւարտին:

Արդարեւ, Լեւերքուզըն, որ ախոյեանի իր կոչումով սկսած տարեշրջանը կը յիշեցնէ Տորթմունտի վիճակը 2012-2013 տարեշրջանին, բաւական լաւ ձեւով սկսաւ Հոլշթին Քիլի դէմ ճակատումը եւ 2 արագ կոլեր ալ նշանակեց մրցումի առաջին 10 վայրկեաններուն: Առաջին կոլը նշանակեց Վիքթոր Պոնիֆաս` փոխանցում մը ստանալէ ետք Էզեքիել Փալասիոսէն: Այս վերջինը փոխանցում մը եւս կատարեց Եոնաս Հոֆմանին, որ նշանակեց երկրորդ կոլը` անակնկալի մատնելով Քիլը:

Պինիֆաս միշտ կը վտանգէր Քիլի բերդը, որ 3-րդ անգամ ըլալով կոլ ստացաւ: Այս անգամ բերդապահէն գնդակը ստանալէ ետք Կրանիթ Չաքա անմիջապէս փոխանցեց Պոնիֆասի, որ նշանակեց 3-րդ կոլը, որ սակայն չվաւերացուեցաւ ՎԱՐ-ին կողմէ, օֆսայտի պատճառով:

45 վայրկեանները աւարտած էին եւ կորսուած վայրկեանները կը խաղցուէին, երբ Լուիս Հոլթպիի քոռնըրէն ետք Մաքս Կեշվիլ գլխու հարուածով նշանակեց Հոլշթին Քիլի առաջին կոլը:

Կիսախաղին Քիլ 2 փոխանցումներ կատարեց յառաջապահ գիծի վրայ` յոյսով, որ ճնշում բանեցնեն Լեւերքուզընի բերդին վրայ: Սակայն Լեւերքուզըն ինք էր, որ վտանգեց աւելի: Ճոնաթան Թահ լաւ առիթ ունէր նշանակելու Լեւերքուզընի 3-րդ կոլը, սակայն անոր հարուածը բարձր անցաւ Քիլի բերդին վրայէն: Մինչ Քիլ կը փորձէր հակայարձակումներով անակնկալ հաւասարութեան կոլ նշանակել:

1 ժամ առաջ մէկուն միտքէն չանցածը պատահեցաւ 69-րդ վայրկեանին: Երբ Արփ փենալթիով նշանակեց Հոլշթինի հաւասարութեան կոլը:

Չապի Ալոնսօ 4 փոխարինումներ կատարեց, սակայն մրցումին արդիւնքը մնաց նոյնը: Լեւերքուզըն այժմ 6 մրցումներէ ետք 11 կէտեր ունի 3 յաղթանակներէ, 2 հաւասարութիւններէ եւ 1 պարտութենէ ետք:

«Պունտըսլիկա»-ի տարեշրջանը չսկսած, Պորուսիա Տորթմունտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական հասած էր անցեալ տարեշրջանին, ձեռք ձգեց Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիկներ Մաքսիմիլիան Պայեր (Հոֆենհայմէն), Փասքալ Կրոս (Պրայթընէն), ինչպէս նաեւ Անթոն Վալտըմար (Շթութկարթէն): Շթութկարթի կոլսքորըր Սերհու Կիրասին ալ «գնելով» կը սպասուէր, որ Տորթմունտ ըլլայ այս տարեշրջանի թիւ 1 թեկնածուն:

Սակայն «դեղինները» տակաւին սպասուած արդիւնքները չեն կրցած արձանագրել: Իր վերջին մրցումին` Ունիոն Պերլինի դէմ, Տորթմունտ, որ 5 կոլ ստացած էր իր վերջին 3 մրցումներուն, մրցումի առաջին 25 վայրկեաններուն կոլ մը ստացաւ (փենալթիով), երբ 33 տարեկան Քեւին Ֆոկթ իր առաջին կոլը նշանակեց 10 տարուան ընթացքին: Ասիկա մրցանիշ մըն էր «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ, երբ 275 մրցումներու ընթացքին նոյնիսկ պաշտպան ըլլալով կոլ չէր նշանակած տակաւին:

Տորթմունտ առիթներ ստեղծեց, սակայն Մաքսիմիլիան Պայեր չկրցաւ կոլի վերածել դիւրին առիթ մը:

45-րդ վայրկեանին յարձակումի մը վրայ, զսպուած գնդակ մը հասաւ պելճիքացի Եորպ Վերթեսընի, որ քառակուսիին դուրսէն նշանակեց Պերլինի ակումբին 2-րդ կոլը:

62-րդ վայրկեանին, Տորթմունտ նշանակեց կոլ մը` նորվեկիացի Եուլիան Ռայըրսընի միջոցով, սակայն Տորթմունտ չկրցաւ բաւարար առիթ ստեղծել նշանակելու 2-րդ կոլ մը, հակառակ անոր որ 78-րդ վայրկեանին իրաւարարը կրնար փենալթի մը շնորհել Տորթմունտի, երբ նետերլանտցի յառաջապահ Տոնիել Տալեն գետին բերուեցաւ Պերլինի քառակուսիին մէջ:

Ստորեւ` «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Զանքթ Փաուլի – Մայնց 0-3
Պայեր Լեւերքուզըն – Հոլշթին Քիլ 2-2
Վերտըր Պրեմըն – Ֆրայպուրկ 0-1
Ունիոն Պերլին – Տորթմունտ 2-1
Պոխում – Վոլֆսպուրկ 1-3
Աուկզպուրկ – Մէօնշընկլատպախ 2-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Պայերն Միւնիխ 13 (17-4)
2.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 12 (11-6)
3.- Ֆրայպուրկ 12 (9-7)
4.- Ռետ Պուլ Լայփցիկ 11 (8-2)
5.- Պայեր Լեւերքուզըն 11 (16-12)
6.- Ունիոն Պերլին 11 (6-4)
……………… ………………
16.- Հոֆենհայմ 3 (9-15)
17.- Հոլշթին Քիլ 2 (9-19)
18.- Պոխում 1 (6-14)

 

Նախորդը

Թենիս. Կաֆ Շահեցաւ Չինաստանի Բաց Մրցաշարքը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սլոթ Ուրախ Է, Բայց…

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.