Լիզպոնի Հինգը` Ազգային Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Գիտակից Պայքարի Խորհրդանիշ
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ 2025 թուականի յուլիսը կը նշուի իբրեւ Լիզպոնի Հինգի ինքնազոհութեան 42-րդ տարելից: 1983 թուականի յուլիսի 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ` Սեդրակ, Վաչէ, Սիմոն, Արա եւ Սարգիս, իրենց կեանքը նուիրեցին` ի լուր աշխարհի բարձրաձայնելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ բողոքելով դարաւոր անարդարութեան հանդէպ միջազգային լռութեան դէմ: Այս հինգ անունները այսօր արդէն ոչ միայն անհատականութիւններու յիշատակներ են,...




















