Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Հայ Երիտասարդները Համախմբող Համահայկական Բանակումներ Եւ Հաւաքներ

July 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական 30-րդ համախմբումը եւ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄ-ի միջցամաքամասային բանակումը հայ երիտասարդներու մերձեցման, իրազեկման եւ ինքնութեան ամրագրման կարեւորագոյն առիթներէն կը համարուին:

Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական եւ անոր ուղեկից միութիւններուն մէջ հասակ առած երիտասարդները, աշխարհի տարբեր կողմերէն համախմբուելով, առաջին հերթին իրարու կը ծանօթանան, կը ճանչնան հայրենիքը, կը շօշափեն անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները, կ՛առնչուին իրենց արմատներուն, մշակոյթին, ինչպէս նաեւ` արցախահայութեան, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մէկ ընտանիքի, մէկ ազգի մաս կազմելու ըմբռնումը կ՛արմատացնեն իրենց մտածողութեան ու հոգեւոր աշխարհին մէջ:

Անոնք սփիւռք-հայրենիք կապը եւ անոր իմաստն ու արժէքը կ՛իւրացնեն յատկապէս իրենց այցելած վայրերուն, ունկնդրած դասախօսութիւն-զրոյցներուն եւ առօրեայ հանդիպումներուն ընդմէջէն:

Այս համախմբումներուն ընդմէջէն կը զարգանան անոնց գաղափարական հենքը եւ քաղաքական միտքը, իսկ հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը զգացական անոնց աշխարհէն անդին կ՛անցնին` դառնալու գործ, ծրագիր, կենսակերպ ու ծառայութիւն:

ՀՄԸՄ-ական երիտասարդները եւս, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջցամաքամասային Ա. բանակումին մասնակցելով, գիտելիքներու կողքին, ձեռք կը բերեն փորձառութիւններու փոխանակման, նոր յարաբերութիւններու մշակման, հայկական սփիւռքի տարբեր հատուածներու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն ծանօթացման, հայրենիքին ապրած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին բաւական հարուստ գիտելիք ու կը միանան հայ երիտասարդութեան համահայկական այն ցանցին, որ ազգային դիմագիծի պահպանման, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման կարեւոր մէկ երաշխիքն է:

ՀՅԴ-ին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն կազմակերպած համահայկական այս ձեռնարկները հայ երիտասարդը ազգային արժէքներուն առնչելու, անոր մտահորիզոնը ընդլայնելու, հայրենի իրականութեան հետ առնչելու եւ սփիւռք-սփիւռք ու սփիւռք-հայրենիք կապերը ամրապնդելու պարարտ հող կը մշակեն:

Սուրիահայ երիտասարդներ, հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն, մեծ թիւով մասնակցեցան այս համախմբումներուն, որովհետեւ անոնք հասակ առին այնպիսի միութիւններու մէջ, որոնք կազմակերպուած աշխատանքի, քննական մտքի զարգացման, առողջ մթնոլորտի ստեղծման կողքին, ազգային արժէքներու, Հայաստանեայց առաքելական ս. եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի հանդէպ սէրն ու ծառայութեան ոգին զարգացուցին անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ:

Ողջո՛յն երիտասարդ այս բանակին, որ ապրելով տարբեր դժուարութիւններ` իր արմատներուն, արժէքներուն կառչած կը մնայ ու երբեք չի խզեր իր կապը ազգին ու հայրենիքին, պատմութեան ու եկեղեցւոյ հետ, ինչպիսի խոչընդոտներ ալ յառաջանան քաղաքական բեմերու վրայ:

Նախորդը

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յաջորդը

Նախա՞նձ, Թէ՞ Նախանձախնդրութիւն

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.