Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Հինգը` Ազգային Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Գիտակից Պայքարի Խորհրդանիշ

July 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

2025 թուականի յուլիսը կը նշուի իբրեւ Լիզպոնի Հինգի ինքնազոհութեան 42-րդ տարելից: 1983 թուականի յուլիսի 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ` Սեդրակ, Վաչէ, Սիմոն, Արա եւ Սարգիս, իրենց կեանքը նուիրեցին` ի լուր աշխարհի բարձրաձայնելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ բողոքելով դարաւոր անարդարութեան հանդէպ միջազգային լռութեան դէմ:

Այս հինգ անունները այսօր արդէն ոչ միայն անհատականութիւններու յիշատակներ են, այլ նաեւ վերածուած են հայոց ոգեղէն դիմադրութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ անսասան կամքի խորհրդանիշներու: Անոնց արարքը պատահական չէր. անիկա ծնունդ առաւ դարաւոր ցաւի խորքէն, բխեցաւ արդար ցասումէն եւ արտայայտեց մերժուած անցեալի վերանայման հրամայական պահանջը:

Լիզպոնի Հինգի գործողութիւնը չունէր ատելութեան շարժառիթ: Անիկա կրեց գիտակից ընտրութեան կնիք` ուղղուած ոչ թէ անմեղ քաղաքացիներու կամ պետութեան դէմ, այլ` ամբողջ այն աշխարհակարգին, որ տարիներ շարունակ հրաժարեցաւ ճանչնալ հայ ազգի նկատմամբ գործուած Ցեղասպանութիւնը: Իրենց քայլով անոնք ճեղքեցին լռութեան պատը եւ մուտք գործեցին պատմութեան մագաղաթ` որպէս արդարութեան պոռթկումի վկաներ:

Չորս տասնամեակէ աւելի անցած է, սակայն անոնց զոհաբերութիւնը կը շարունակէ ապրիլ` իբրեւ հոգեկան եւ բարոյական շունչ Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար: Լիզպոնեան արշաւանքը նպաստեց միջազգային խարդախ անտարբերութեան տապալման` վեր հանելով Հայ դատի արդար պահանջատիրութիւնը: Այդ օրուան բոցը վերածուեցաւ լոյսի, որ կը լուսաւորէ մեր պայքարի ուղին մինչեւ այսօր:

Այսօր, երբ Հայ դատը կ՛առերեսուի նոր` աւելի բարդ ու բազմաբեւեռ մարտահրաւէրներու հետ, Լիզպոնի Հինգին յիշատակը մեզի կը յիշեցնէ, որ արդարութեան ճանապարհը միշտ հարթ ու լուսաւոր չէ: Այդ ճամբան քարքարոտ է ու սոսկալի, սակայն արժէ ամէն զոհողութիւն, եթէ վախճանը արդարութիւնն է:

Լիզպոնեան յայտարարութիւնը դարձաւ մեր ժամանակներու Սարդարապատը` ոգեղէն ճակատամարտ մը, որուն շողացող ճառագայթները մինչեւ այսօր կը հասնին սերունդէ սերունդ` ուսուցանելով, որ ազգային ազատագրութիւնը կ՛ակնկալէ` յիշողութիւն, յանդգնութիւն եւ անձնուիրում:

Լիզպոնի Հինգին զոհաբերութեան 42-րդ տարելիցին խոնարհինք անոնց անմեռ յիշատակին առջեւ: Եկէ՛ք, շնորհակալ սրտով եւ խոր յարգանքով վերանորոգենք մեր ուխտը` շարունակելու անոնց սկսած ուղին: Ուղի մը, որուն գինը մատղաշ կեանքեր էին, բայց նպատակը` հայրենապատում եւ ազգային արդարութիւն:

Բի՛ւր պատիւ եւ յարգանք Լիզպոնի Հինգին: Անոնց յիշատակն անմեռ է, օրինակն ալ` անկորնչելի:

Այո՛, Լիզպոնի Հինգը յիշելը պատիւ է:

Այդ ժառանգութիւնը պահելը` նորահաս սերունդներու սուրբ պարտքը:

Թորոնթօ

Նախորդը

Լիբանանահայ Երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեան Երաժշտական Իր Բարձրորակ Իրագործումով Հարստացուց Հայ Մշակոյթի Գանձարանը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Փոկաչար Շահեցաւ Իր 4-րդ Տիտղոսը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.