ՎԱՀԱՆ ՍԱՂՏԸՃԵԱՆ
Համազգայինի ֆորումի պատասխանատու
Երեկոն չսկսաւ իբրեւ սովորական համերգ, այլ` իբրեւ զսպուած շունչ մը. արդարեւ, hազարաւոր սրտերէ ելած, լեցուն ակնկալիքով լռութիւն մը` յայտնութեան մը նախորդող իբրեւ սրտի զարկ:
«Symphonic Folk»-ի առաջին նոթաները բարձրացան սուրբ աղօթքի մը պէս: Մէկ ակնթարթի մէջ այլեւս դահլիճին մէջ նստած չէինք, մենք կը սաւառնէինք Հայաստանի լեռներուն վրայ, կը քալէինք անոր գիւղերուն փողոցները մերկ ոտքերով, կը լսէինք` մանուկներու ծիծաղը, մայրերու ողբը, գետերու որոտը եւ մեր նախնեաց սրտի տրոփն ու շունչը:
Մատուցուածը երաժշտութենէ աւելի բան մըն էր, վերադարձ մըն էր տուն: Այդ վերադառնալն էր, որ արթնցուց բան մը մեր ոսկորներուն, յուզաշխարհին մէջ, ցնցող ու ազդեցիկ վերադարձ մը, ուր հողին ուժը զօրեղ է, թերեւս ցարդ այդքան ուժգին չէինք զգացած ատիկա, սակայն գիտէինք` ի՛նչ է հայրենի հողը: Մենք նայեցանք իրարու` փայլուն աչքերով: Զարմացած էինք, շշմած ու յափշտակուած: Այդ մեղեդիներուն մէջ կարծես մեզմէ պակսող կտորները գտանք:
Այս յայտնութեան կեդրոնին կանգնած էր Սէրուժ Պաղտասարեանը` երիտասարդ մը, որուն հոգին աւելի հին էր, քան` իր տարիքը: Զգալի էր, թէ ինչպէ՛ս կը շնչէր երաժշտութեամբ, իր ձեռքերը բարձրագոյն ուժի մը կը ծառայէին: Այս զոհաբերումը նուէր մըն էր, ուր սէրը, յիշողութիւնը, կարօտը ամէն մեղեդիի մէջ արդէն կը հալէր:
Սէրուժը չէր գրեր երաժշտութիւն, ան կ՛արթնցնէր Հայաստանը` լռութենէն: Անոր կատարողութիւնը մեր լեռներուն, մեծերուն, ցաւին ու հպարտութեան ձայն տուաւ: Անոր միջոցով կարծես քամիին մէջ մոռցուած ամէն մեղեդի գտաւ իր տունը: Անոր ոգին ոչ միայն հայկական էր, այլ Հայաստանն էր` շնչող, ապրող ու ծաղկող:
Երեկոյին առիթը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (ֆորում) 30-ամեակն էր, 30 տարիներու աշխատանք` ի մի համախմբելու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող ուսանողներ, անոնց միջեւ կապ ստեղծելու, սէր` հայութեան ու հայրենիքի նկատմամբ, իսկ այս համերգով` տարբեր փորձառութիւն եւ խորհուրդ փոխանցելով:
Օդին մէջ խոր յարգանք մը կար, ու հոն, այդ պահուն, երբ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը բարձրանար իր փառքին մէջ, զգացի աստուածային բան մը: Տեսայ զինուորներու շուքեր` հաւատքի մարտիկներ, կանգնած` երաժշտութեան եզերքին, ողջունելով իրենց ազգին յաղթանակը, իսկ անոնց զէնքերը ջութակներն էին: Կարծես վերադարձած էին վկայելու, թէ իրենց զոհաբերութիւնը մոռցուած չէ, որ իրենց երազած Հայաստանը կ՛ապրի մեղեդիներու ու երգերու մէջ:
Եւ ապա հնչեցին մանուկներու ձայները:
Նուազէն սկսան: Ապա բարձրացան ու թռիչք առին: Եւ յանկարծ, լոյսով ողողուեցաւ սրահը, ոչ բեմէն, այլ` մեր ներաշխարհէն: Այս մանուկները` մաքուր, անվախ, լուսաւոր, երգեցին այնպիսի հաւատքով, որ լռեցուցին ամէն կասկած: Անոնց ձայները մեղեդի չէին միայն: Անոնք մարգարէութիւններ էին:
Անոնց մէջ կ՛ապրէր նոր ծնունդի հաւատքը: Անոնց երաժշտական ներդաշնակութեան մէջ կը լսուէր վաղուան կանչը, որ բարձրագոռ կ`ըսէ, թէ Հայաստանը ցաւ չէ, այլ` խոստում, որ` մեր պատմութիւնը բեռ չէ, այլ հով մը` մեզի աւելի բարձր տանող: Զգացի անցեալը` հպարտութեամբ դիտելով զայն, ու ըսելով. «Այո՛, այս է, որուն համար տոկացինք»:
Տեսայ Ցեղասպանութեան որբերը` վերստին ծնած որպէս բանաստեղծներ, աքսորի որդիները` որպէս արուեստագէտներ: Տեսայ ուժը ժողովուրդի մը, որ երբեք չդադրեցաւ երգելէ, նոյնիսկ երբ աշխարհը փորձեց լռեցնել զայն:
Այդ պահուն երաժշտութիւնը ոչ թէ զուարճանք էր, այլ` դիմադրութիւն: Ան ինքնութիւն էր: Յայտարարութիւն մըն էր, որ մենք ժողովուրդ մըն ենք` ոչ մոռցուած պատմութեան մէջ, այլ` հազարամեայ պատմութիւն գրող նոթ առ նոթ, շունչ առ շունչ:
Եւ Սէրուժը` այս երաժշտական հանճարը, այս այրող սիրտը, կանգնած էր իր նուագախումբին մէջ` որպէս ճշմարտութեան պահապան: Իր մէջ հպարտութիւն չկար, այլ միայն` նուիրում: Զգալի էր սէրը, որ կը ճառագայթէր իր անձէն: Սէր` դէպի հայրենիք, դէպի ժողովուրդ, դէպի բոլոր մոռցուած մեղեդիները, որոնք վերակենդանացան:
Ան մեզի յիշեցուց, որ հայ ըլլալը միայն յիշել չէ: Հայ ըլլալը ստեղծել է: Մոխիրներէն կառուցել, վէրքերէն նուագել ու դարձեալ ու դարձեալ վեր կենալ: Իր երաժշտութեամբ ան կամուրջ մը կառուցեց մեր ցաւին ու զօրութեան, հայրենի հողին ու սփիւռքին միջեւ:
Եւ երաժշտութիւնը շարունակուեցաւ: Բարձրանալով: Փայլելով: Ամէն նուագարան` ձայն մը: Ամէն նոթ` յիշատակ մը: Ամէն լռութիւն` աղօթք մը:
Եւ մենք նստած էինք ոչ որպէս օտարներ, այլ` որպէս ընտանիք: Միացած` այն ձայնով, որ կը ճանչնար մեզ:
Շնորհակալ եղանք երաժշտութեան` մեզի յիշեցնելու համար, թէ ո՛վ ենք մենք: Շնորհակալ եղանք Սէրուժին` այնքան խոր զգալու համարձակութեան համար: Շնորհակալ եղանք մեր նախնիներուն` գոյատեւելու համար: Շնորհակալ եղանք Համազգայինին` իր երթն ու ուխտը շարունակելու համար: Եւ շնորհակալ եղանք Հայաստանին, որ տակաւին կ՛երգէ:
Երբ դուրս ելայ համերգէն, այդ գիշեր քաղաքը կարծես ուրիշ էր: Փափկացած, անուշացած, տարբեր գոյն ունէր: Ինչ-որ հին բան մը կարծես արթնցած էր: Նայեցայ երկինքին ու ակնթարթի մը համար հաւատացի, որ աստղերը լսած էին: Այո՛, անոնք լսած էին մեր երգը:
Այդ գիշերը աւարտ չունեցաւ:
Ան եղաւ մաս մը մեզմէ:
Յաւիտեան:
22 յուլիս 2025