Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Նոր Դերը Միջին Արեւելքի Մէջ` Ռազմավարական Վերադասաւորում, Զինուորական Ներկայութիւն Եւ Բնականոնացման Սահմաններ

Յուլիս 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Իսրայէլի պատմական ուղին Միջին Արեւելքի մէջ երկար ժամանակով յատկանշուած է քաղաքական մեկուսացումով, պատերազմներով եւ զգուշաւոր մերձեցումներով: Սակայն 2000-էն սկսեալ եւ յատկապէս 2020-ի Աբրահամեան համաձայնութիւններուն հետ, Իսրայէլ վերադասաւորեց իր դիրքը` դուրս գալով շրջանի լուսանցքային վիճակէն, դառնալով աւելի ազդեցիկ ու ընդունուած դերակատար: Այս փոփոխութիւնը հիմնուած է երեք գլխաւոր գործօններու վրայ` (1) համաարաբական համերաշխութեան անկում, (2) Իրանի հետ կապուած անվտանգութեան սպառնալիքներու շուրջ մտահոգութիւն, եւ (3) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմական նահանջը տարածաշրջանի որոշ երկիրներու մէջ: Իսրայէլի յաջողութիւնը արդիւնք է ե՛ւ իր նիւթական կարողութիւններուն ե՛ւ տարածաշրջանային ընկալումի փոփոխութիւններուն: Սակայն անոր օրինականութիւնը շրջանէն ներս սահմանափակուած է պաղեստինեան հարցի լուծմամբ:

Պատմական ձեւաւորումներ, տարածաշրջանային մերժումէն մինչեւ բնականոնացում

Իսրայէլի դիւանագիտական դիրքը կարելի է բաժնել չորս հանգրուանի,

(1) Ամբողջական մերժում (1948-1979),

(2) Սահմանափակ բնականոնացում Եգիպտոսի (1979) եւ Յորդանանի (1994) հետ,

(3) Գաղտնի համագործակցութիւն Ծոցի երկիրներու հետ (1990-ականներու վերջերէն սկսեալ), եւ

(4) Բաց եւ ռազմավարական բնականոնացում` սկսած 2020-ի Աբրահամեան համաձայնութիւններէն:

Նախապէս Արաբական լիկան Իսրայէլը կը նկատէր ապօրինի գոյութիւն` զայն ենթարկելով ամբողջական պոյքոթի: Սակայն Պաղ պատերազմէն ետք Մատրիտի համաժողովը (1991), Օսլոյի համաձայնութիւնները (1993) եւ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւնները ճամբան բացին դիւանագիտական շփումներու առջեւ: Իսկ Իրանի ազդեցութեան աճը Իրաքի պատերազմին (2003) պատճառով աւելի անհրաժեշտ դարձուցին այդ շփումները:

Աբրահամեան համաձայնութիւններու միջոցով Իսրայէլի ապահոված շահերը

Աբրահամեան համաձայնութիւնները, որոնք նախաձեռնուած էին Թրամփի վարչակազմին կողմէ, նշանաւոր շրջադարձ էին Իսրայէլի տարածաշրջանային դիրքին ու դերի վերաիմաստաւորման մէջ: Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ կնքուած պայմանագիրներէն տարբեր` այս համաձայնութիւնները չհիմնուեցան Պաղեստինի հարցի լուծման վրայ: Անոնց շեշտը կեդրոնացաւ տնտեսական, ռազմավարական եւ գաղտնի գործակցութեան վրայ: Մասնաւորապէս, Իսրայէլ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ սկսան համագործակցիլ բարձր արհեստագիտական, կիպեռ անվտանգութեան  եւ ջուրի կառավարման ոլորտներու մէջ: Իսրայէլ սկսաւ օգտուիլ նոր առեւտրային ճամբաներու, օդային երթեւեկի եւ փոխադարձ ներդրումներու հնարաւորութենէն:

 Բնականոնացման սահմանները, պաղեստինեան հարցի մանրակրկիտ եզրերը

Բացայայտ ձեռքբերումներէն անկախ` բնականոնացումը կը մնայ «վերէն վար» գործընթաց: Արաբական հասարակութիւններուն մեծ մասը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Պաղեստինի պայքարին, ինչպէս ցոյց տուին 2023-2024 թուականներուն հակաիսրայէլեան ցոյցերը: Հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ արաբական երկիրներու մէջ (Եգիպտոս, Յորդանան, Մարոք) հասարակութեան 80 տոկոսէն աւելին դէմ է բնականոնացման` առանց պաղեստինեան անկախութեան: Նոյնիսկ Սէուտական Արաբիա, որ մօտիկութիւն ցուցաբերած է Իսրայէլի, կը շարունակէ պահել Պաղեստինի պետութիւն ստեղծելու պահանջը: Միջազգային յարաբերութիւններու տեսութիւններու մէջ ինքնութեան, պատմութեան եւ արդարութեան նման գործօններ կը շարունակեն ազդել դիւանագիտական քաղաքականութիւններու վրայ:

Իսրայէլի ռազմավարութիւնը Սուրիոյ մէջ. «Պատերազմները բացառող գործողութիւններ»

Իսրայէլի զինուորական դերը յստակօրէն կ՛արտացոլայ Սուրիոյ մէջ: Քաղաքացիական պատերազմի սկսելէն ի վեր Իսրայէլ գործադրած է հարիւրաւոր օդային յարձակումներ` թիրախաւորելով Իրանի եւ Հըզպալլայի ռազմակայանները: Այս ռազմավարութիւնը նպատակ ունի արգիլել Իրանի մշտական ներկայութիւնը Սուրիոյ հարաւին մէջ: Իրանի ռազմական տեղակայումները հիմնականին մէջ խափանուած են, եւ Իսրայէլ այսօր շատ հանգիստ կը ներկայանայ Սուրիոյ սահմաններէն ներս` աշխարհաքաղաքական նոր քարտէսի մը հիմնաքարը դնելով Սուրիոյ մէջ: Սուրիոյ հարաւը` Սուէյտայի մէջ վերջին շաբթուան ընդհարումները եւ ապա սուրիական բանակին ու արաբ ցեղախումբերուն այդ շրջանէն հեռանալը` Իսրայէլի սպառնալիքներուն իբրեւ հետեւանք, ցոյց կու տան անոր անմիջական ազդեցութիւնը Սուրիոյ հարաւին մէջ:

Իսրայէլ-Հըզպալլա հակամարտութիւն. սանձո՞ւմ, թէ՞ բախում

Հըզպալլան կը ներկայացնէ գլխաւոր սպառնալիք Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին: Խմբաւորումը կը ներկայացնէ Իրանի հիմնական զինուած դաշնակիցը եւ խորապէս թափանցած է լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ: 2023-2024 թուականներու Կազայի պատերազմի ընթացքին Հըզպալլա արձակեց հրթիռներ հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ` հաստատելով իր համագործակցութեան դիրքը Համասի հետ: Սակայն իսրայէլեան վերջին հարուածները Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի եւ հարաւի գիւղերուն վրայ` կրցան ջլատել Հըզպալլայի ուժերը, բայց չյաջողեցան տկարացնել անոր քաղաքական ուժը:

Կազայի պատերազմը եւ պաղեստինեան հարցի վերակենդանացում

2023-2024 թուականներու Կազայի պատերազմը խիստ ազդեցութիւն ունեցաւ տարածաշրջանի եւ միջազգային ընկալման վրայ: Համասի յանկարծակի յարձակումէն ետք Իսրայէլի արձագանգը պատճառ դարձաւ հազարաւոր զոհերու, մասնաւորապէս` քաղաքացիներուն մէջ: Ասիկա կրկին կենդանացուց պաղեստինեան հարցը ոչ միայն արաբ հասարակութիւններու, այլ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ: Սէուտական Արաբիա սառեցուց բնականոնացման բանակցութիւնները, իսկ Մարոքի եւ Պահրէյնի մէջ հանրային դժգոհութիւն բարձրացաւ: Այս պատերազմը ապացուցեց, որ Պաղեստինի հարցը կարելի չէ շրջանցել կայուն տարածաշրջանային կարգաւորում հաստատելու ճանապարհին:

Իսրայէլը եւ համաշխարհային վերաձեւաւորուող կարգը

Մինչեւ այսօր Իսրայէլի գլխաւոր դաշնակիցը` ԱՄՆ, կը շարունակէ ապահովել զինուորական պաշտպանութիւն: Սակայն Ուաշինկթըն յաճախ կը նշէ, որ իր ուշադրութիւնը պիտի շրջէ դէպի Ասիա, ինչ որ Իսրայէլի մէջ կասկածներ կը ծնի` ԱՄՆ-ի յարատեւ նուիրուածութեան վերաբերեալ: Միեւնոյն ժամանակ Չինաստան եւ Ռուսաստան խորացուցած են իրենց ներգրաւուածութիւնը` հաստատելով կապեր թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիոյ հետ: Բազմաբեւեռ աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ Իսրայէլի հաւասարակշռութեան ռազմավարութիւնը կը պահանջէ մեծ զգուշաւորութիւն եւ դիւանագիտական ճկունութիւն:

Համեմատական դիրքաւորում` Իսրայէլ, Իրան եւ Թուրքիա

Իսրայէլի ազդեցութեան վերելքը պէտք է դիտարկել նաեւ` համեմատելով Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ: Իրան կ՛օգտագործէ իր «դիմադրութեան առանցքը»` ձեւաւորելով շղթայ` Իրաքէն մինչեւ Լիբանան: Թուրքիա, իր հերթին, կը համադրէ` ռազմական միջամտութիւն, փափուկ ուժ եւ մշակութային դիւանագիտութիւն: Իսրայէլի հիմնական ուժերը կը կայանան` իր բանակի գերազանցութեան, արհեստագիտութեան մէջ առաջատար դիրքի եւ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան մէջ: Սակայն ան կը տառապի մշակութային կամ կրօնական արդիւնաւէտութեան պակասով: Այդ իսկ պատճառով Իսրայէլը կը նկատուի պայմանական գերիշխանութիւն ունեցող դերակատար, որուն ազդեցութիւնը կախեալ է միայն ռազմական ուժէն, նաեւ` օրինականութենէն:

Եզրակացութիւն

Իսրայէլի նոր դերը Միջին Արեւելքի մէջ կը մատուցէ ռազմավարական մեծ ձեռքբերումներ` բնականոնացում, դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններ եւ ռազմավարական վերահսկողութիւն: Սակայն այս յաջողութիւնները չեն իրականացուիր առանց  հասարակական եւ քաղաքական մեծ խոչընդոտներու, ի մասնաւորի` պաղեստինեան հիմնախնդիրի պատճառով: Միջին Արեւելքի քաղաքական արգասիքները եւ միջազգային կարգաւորման գործընթացները կը պահանջեն ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ վերակազմակերպում, որպէսզի Իսրայէլի ռազմավարական դիրքը մնայ կայուն եւ ընդունելի:

 

 

Նախորդը

Սկիզբը Վարչակարգի Փոփոխութիւն Էր, Հիմա Անոնք Կ՛ուզեն Մասնատել Իրանը

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Աշակերտութեան Զարգացման Մրցում

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?