Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

July 29, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսահայ «Նոր Յառաջ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ Սեւան Անանեանին հետ` վերջերս Ալֆորվիլի 140-ամեակի ծիրին մէջ տեղւոյն քաղաքապետութեան առաջարկով կայացած «Ալֆորվիլ. հայկական աւան մը – 1920-1930-ական թուականներ» խորագրեալ ցուցահանդէսին առիթով: Հարցազրոյցը ստորեւ կը հրատարակենք իր շահեկանութեան համար. արդարեւ, հոս ոչ միայն ցուցահանդէսին մասին կը խօսուի, այլ` Ալֆորվիլի մէջ հայութեան պատմութեան ու ներդրումին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս ծնաւ «Ալֆորվիլ. հայկական աւան մը – 1920-1930-ական թուականներ» ցուցադրութեան ծրագիրը:

ՍԵՒԱՆ ԱՆԱՆԵԱՆ.- Այս ծրագիրը մեր փափաքն էր` ներկայացնելու հաւաքական յիշողութեան մը պատմութիւնը, որ տակաւին իր բազմազան երեսներով բաւարար չափով չէ բացայայտուած եւ ցարդ կը ներկայացուի անստոյգ, թերի ու երբեմն կողմնակալ մօտեցումով:

2025-ին Ալֆորվիլ քաղաքը կը նշէ իր հիմնադրութեան 140-ամեակը, եւ այդ առիթով քաղաքապետարանը դիմեց մեզի` Հայ մշակոյթի տան, որպէսզի պատրաստենք ծրագիր մը` ընդգծելու հայերու մասնակցութիւնը քաղաքի կառուցման մէջ:

Մենք ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին պատմական մօտեցումով, միաժամանակ հաւաքեցինք բազմազան աղբիւրներ ու անոնց քննական վերլուծութեամբ փորձեցինք կարելի եղած չափով մօտենալ այն ժամանակներուն ապրուած իրականութեան:

Մեր մօտեցումը կը նպատակադրէ նաեւ հասկացողութեան եւ այսօրուան ընկերային հարցերու առնչուող հիմնաւորումներ ալ, մանաւանդ` գաղթականութեան եւ մերուելու հարցերուն շուրջ:

Ցուցադրութիւնը իրագործուած է Ալֆորվիլի Հայ մշակութային տան (ՀՄՏ) եւ Հայկական յիշողութեան հետազօտութեան եւ արխիւումի միութեան (ԱՐԱՄ) գործակցութեամբ: ԱՐԱՄ-ը  շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր  Մարսէյի մէջ կը գործէ` հաւաքելով, պահպանելով եւ արժեւորելով Ֆրանսայի հայութեան անցեալի առնչուող փաստաթուղթերը, իսկ երկու տարիէ ի վեր ան կը զարգացնէ իր ներկայութիւնը Փարիզի շրջանին մէջ` շնորհիւ Ալֆորվիլի ՀՄՏ տրամադրած միջոցներուն:

Հ.- Որո՞նք են Ալֆորվիլի հայ համայնքի կազմաւորման նշանակալի թուականները:

Ս. Ա.- Նոյնիսկ եթէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ արդէն առաջին հայը արձանագրուած էր Ալֆորվիլի մէջ, բայց եւ այնպէս, համայնքը կը կազմուի 1922-23 թուականներէն սկսեալ` Ֆրանսայի  հայ համայնքներու մեծամասնութեան նման:

Երկրորդ հայը Ալֆորվիլ կը հաստատուի 1916-ին, 1917-ին կը հասնին երեք ուրիշներ` աշխատելու Պի-մեթալի եւ Ֆրանսայի թուղթի գործարաններուն մէջ:

1921-ի մարդահամարին տասը հայ անհատներ կ՛երեւին ցանկերուն վրայ:

Զմիւռնիոյ հրդեհէն եւ քեմալական Թուրքիոյ ծնունդէն ետք է, որ զանգուածային գաղթ կը սկսի դէպի Ֆրանսա, ու համայնքներ կը սկսին ձեւաւորուիլ եւ հաստատուիլ գործարաններով հարուստ քաղաքներու մէջ կամ շուրջ:

Պատերազմի ընթացքին հաստատուած չորս հայերը կը տեղեկացնեն Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնք իրենց գործարաններուն մէջ աշխատանքի առիթներ կը ստեղծեն: Այսպէս կը սկսին Պուրսայի շրջանի գիւղերէն, յատկապէս Չենկիւլէրէն եկած հայ ընտանիքներ հաստատուիլ Ալֆորվիլ:

Համայնքը արագ կը մեծնայ եւ1926-ին  կը հաշուէ 500 անձ, 1931-ին` 1800, 1936-ին` 2300 (ըստ մարդահամարի), իսկ մամուլը կը խօսի Ալֆորվիլի մէջ մինչեւ 3-4000 հայու մասին:

Յատկանշական այլ թուականներէն կարելի է թուել 1926-ը, երբ հիմնուեցաւ հայկական առաջին միութիւնը` Հայ երիտասարդութեան միութիւնը, 1930` Սուրբ Պօղոս-Պետրոս  առաքելական եկեղեցւոյ օծումը, որ կը համարուի Ֆրանսայի առաքելական առաջին եկեղեցիներէն:

Հ.- Ի՞նչ զարգացումներ նկատուած են այդ օրերէն ի վեր` Ֆրանսայի այլ համայնքներուն հետ համեմատած:

Ս. Ա.- Ուսումնասիրութեան տարիներուն ընթացքին մեր նկատած զարգացումը կ՛առնչուի հայերու բնակութիւն հաստատած` Ալֆորվիլի հարաւային հատուածին կեանքի պայմաններուն: Հատուած մը, որ, ըստ ֆրանսական եւ հայկական թերթերուն, կը կոչուի «հայկական աւան»: Սկզբնական շրջանին հայերը կը բնակին նկուղներու եւ փլատակ տուներու մէջ, ապա կարելի կը դառնայ օգտուիլ Île Saint-Pierre-ի ճահճոտ հողերու բաժանումէն, ինչպէս նաեւ հաւաքական աշխատանքով կը յաջողին Carnot թաղամասէն հողատարածքներ գնել եւ կառուցել առաջին տուներն ու շէնքերը:

Սակայն մինչեւ 1930-ականները շրջանը կը մնայ առանց կոյուղիի, ըմպելի ջուրի, ելեկտրականութեան ու վառելանիւթի:

Հիւանդութիւնները կը տարածուէին, մանաւանդ մանկական մահացութիւնը բարձր էր:

1930-ականներուն, համայնավար քաղաքապետ Մարսել Քափրոն զարկ կու տայ թաղամասին, թէեւ աղքատութեան հետեւանքները տակաւին կը զգացուէին:

Ուսումնասիրութիւնը չի վերաբերիր երկու պատերազմներու միջեւ ինկող ժամանակաշրջաններուն, սակայն կրնանք հաստատել, որ Ալֆորվիլի հայ համայնքը ոչ միայն զարգացած եւ համարկուած է, այլ նաեւ պահած է իր կենսունակութիւնը` ի տարբերութիւն այլ համայնքներու, որոնք տկարացած են: Հարկ է համեմատական, կանոնաւոր  եւ երկարաժամկէտ ուսումնասիրութիւն կատարել պատճառները յայտնաբերելու համար:

Ինչպէս այլ գաղութներու պարագային, այստեղ եւս 1970-ականներուն սկսած նոր գաղթը` Խորհրդային Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութենէն, վերանորոգած եւ վերաշխուժացուցած է համայնքը:

Բացի թիւէն` համայնքի հաստատութիւններու գործունէութիւնը եւ 1960-ականներէն սկսեալ տեղական իշխանութիւններու հետ ստեղծուած կապերը մեծ դեր ունեցած են համայնքի գոյատեւումին վրայ:

Հ.- Որո՞նք են հայ համայնքի ներկայութեան ցուցանիշները` ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Ս. Ա.- 1935-էն սկսեալ, եւ մանաւանդ 1946-1947-ին, մեծաթիւ հայեր տասնեակներով, հարիւրներով կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան (ներգաղթ):

Դժուար է ստոյգ թիւը ճշդել, ուրիշներ կը փոխադրուին Փարիզ կամ մօտակայ աւելի բարեկեցիկ շրջաններ:

Մնացածներուն համար ֆրանսական քաղաքացիութիւն ձեռք բերելը կը նշանակէ, որ համայնքը քաղաքական ազդեցութիւն սկսած է ունենալ տեղական մակարդակի վրայ:

1950-ականներուն առաջին հայուհի պաշտօնեան կը ներգրաւուի  Ռաուլ Պլէօզ քաղաքապետի մեծամասնութեան ցանկին մէջ:

1965-ին, Ժոզեֆ Ֆրանչեսքիի ընտրութեամբ, երեք հայ խորհրդականներ կը մտնեն Քաղաքային խորհուրդ: Անոնք կը վայելեն ՀՅ Դաշնակցութեան տեղւոյն մարմինին նեցուկը:

Այսօր 5 հայ ներկայացուցիչներ կը գտնուի քաղաքապետարանէն ներս, եւ համայնքի ու քաղաքապետարանի միջեւ գոյութիւն ունին վստահութեան ամուր կապեր:

Ֆրանչեսքին կը նշէր, որ 1960-ականներուն «Հայերը դեռ իրենք զիրենք լիարժէք տէր չէին զգար Ալֆորվիլի մէջ»` նկատի ունենալով ինքնամեկուսացումի ձեւեր: Այսօր համայնքը կը ճանչցուի որպէս քաղաքի ինքնութեան կարեւոր մէկ մասնիկ:

Քաղաքացիական, մշակութային եւ ընկերային մասնակցութիւնը աշխուժ է` շնորհիւ տարբեր միութիւններու գործունէութեան: Ալֆորվիլի քաղաքապետարանէն ներս հայ ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց նախորդներուն աշխատանքը եւ սիրով կը պաշտպանեն հայ համայնքին շահերը:

Հ.- Տնտեսական գետնի վրայ որո՞նք են մասնագիտական գլխաւոր ուղղութիւնները: Ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն նկատուա՞ծ է: 

Ս. Ա.- Առաջին սերունդը, ինչպէս ամբողջ Ֆրանսայի մէջ, մեծամասնութեամբ աշխատաւոր էր:

1931-ին շուրջ 70 առ հարիւր կը կազմէին գործարանի բանուորները եւ օրապահիկով  աշխատողները:

1920-30-ականներէն սկսեալ  տեսանելի է անցում  մը` դէպի սեփական աշխատանքներ` արհեստներ, փոքր առեւտուր, դերձակութիւն  (որ մինչեւ 1980-ականները եղաւ համայնքային յատուկ բնագաւառ մը եւ որոշ վերելքներու աղբիւր):

Այսօր  հայ համայնքին մէջ  կարելի է գտնել մասնագիտական այլազանութեամբ հմտացած անհատներ, ինչ կարելի պիտի ըլլար գտնել բնակչութեան միւս մասին մէջ:

Հ.- Ի՞նչ է Ալֆորվիլի հայ համայնքին առանձնայատկութիւնը:

Ս. Ա.- Ալֆորվիլի հայ համայնքը շատ նմանութիւններ ունի Ֆրանսայի այլ համայնքներուն հետ:

Օրինակ,  ինք եւս դարձած է բազմատեսակ` Միջին Արեւելքէն, Խորհրդային Հայաստանէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն եկած հայերով, որոնք ընկերատնտեսական նոյն չափանիշները չունին, ինչպէս նաեւ ինքնութեան նկատմամբ նոյն պատկերացումը` 1920-ին հասած սերունդներուն հետ համեմատած: Փողոցը, հանրաշարժին մէջ յաճախ կը լսենք հայերէն, յատկապէս` արեւելահայերէն:

Անգամ մը եւս կրնանք հաստատել, որ Ալֆորվիլի հայութիւնը աւելի աշխուժ է, քան շատ մը ուրիշ վայրերու հայութիւնը` վերը նշուած պատճառներուն շնորհիւ: Անոր կը նպաստէ միութիւններու հարուստ եւ կայտառ ցանց մը: Համայնքը կը պահէ իր գիւղական դիմագիծը` ընկերային հաւաքավայրերով եւ առեւտրական վաճառատուներով: Հայկական թաղամասին բնակչութիւնը հետզհետէ այլազան կը դառնայ, եւ հայերը այլեւս մեծամասնութիւն չեն ներկայացներ հոն: Ամէնօրեայ ճիգ կը պահանջէ, մարտահրաւէրները բազում են:

Նախորդը

Ազգային Այս Անկարողութիւնը

Յաջորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Հայ Երիտասարդները Համախմբող Համահայկական Բանակումներ Եւ Հաւաքներ

RelatedPosts

Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր
Հարցազրոյց

Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր

November 27, 2025
Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան
Հարցազրոյց

Ղազանճեան Ընտանիքի Անդամներ` Գագիկ, Լիլիթ Եւ Գայ, Իրենց Ստեղծագործութիւններով Կը Ներկայանան Լիբանանահայութեան

November 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.