Յօդուածներ

Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն

Մտահոգուիլը Ժամանակդ Կը Սպաննէ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Մեր առօրեայ ժամերը խլողը մեր աշխատանքը չէ՛, ո՛չ ալ` այն ծրագիրները, զորս կը մշակենք մեր կեանքը տնօրինելու համար: Գլխաւոր երեւոյթը, որ մարդկային այժմու կեանքը կը զբաղեցնէ եւ ժամեր կը խլէ, մտահոգուիլն է: Մօտաւոր թէ հեռաւոր ապագայով մտահոգ մարդոց թիւը շատ աւելի է, քան` անոնց թիւը, որոնք նոր ծրագիրներով ապագայ կեանքի տնօրինումներ կը կատարեն: Չենք ուզեր անդրադառնալ առօրեային...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Արդար Կանչ Մը Եւս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այս տողերուն մէջ կ՛ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն մտքիս մէջ ամբարած էի ինքնածին, իբրեւ մարմաջ, նաեւ` ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն: Ազատ երկնքի տակ կ՛ապրինք, բայց կարծես ներկայէն բացակայ ենք: Միւս կողմէ` այս դարու պատմութիւնն ալ հայու մեր դէմքին վրայ նոր եւ անօրինակ ակօսներ բացած է, որոնց իբրեւ հետեւանք` մարդկային ամէն տեսակի ցնցումներու ենթակայ դարձած ենք: Կապուած...

Մահուան Բօթին Ի Լուր. Տիպար Ու Հարազատ Ընկերս` Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանը Վերյիշելով

Մահուան Բօթին Ի Լուր. Տիպար Ու Հարազատ Ընկերս` Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանը Վերյիշելով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Աբօ Սաղտճեան ու Պարոյր Աղպաշեան 2009-ին կ՛այցելեն Հայ աւետ. քոլեճի իրենց վաստակաւոր ուսուցիչին (ապա` տնօրէն), դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին: Երկարամեայ ընկերութիւն մը, որ սկսած էր շատ վաղուց ու շարունակուած` անդադար եւ անընդմէջ, մօտ թէ հեռու ժամանակներէն, երբեք չէր կրնար ըլլալ առժամեայ կամ անցողակի, հարեւանցի թէ մակերեսային, որովհետեւ հոն տիրող յարաբերութիւնները հիմնուած չէին կրնար ըլլալ ըստ պատահականութեան, այլ` գերազանցապէս...

Հանդիպում Մը Կեանքի Ուղիներուն Վրայ

Յիշելով Ճորճ Թիւթիւնճեանը

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ Հալէպի Հըլլոք արուարձանի, ապա Սիւլէյմանիէ թաղամասի մէջ կայք հաստատած, եդեսիացի Գրիգոր Թիւթիւնճեանի եւ տիգրանակերտցի Նազելի Նաճարեանի ընտանիքը լոյս աշխարհ պիտի բերէր երեք մանչեր` Անդրանիկ` 1923-ին, Ճորճ` 1930-ին եւ Յակոբճան` 1934-ին, ծանօթ` Ճանօ անունով: Գրիգոր հայրիկի երաժշտութեան հանդէպ սէրն ու երգի շնորհքը պիտի ծաղկէր իր երեք մանչերուն մէջ, հայր եւ որդիք ընտանեկան հանդիպումներու, ճոխացնող հաւաքոյթներու փնտռուած ներկայութիւն էին: Շուտով...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գետերուն Մէջ Ջուր Չկայ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Գետերուն մէջ ջուր չկայ: Սրտերուն մէջ սէր չկայ: Աստուած իմ, դուն գէթ անպայման, Մեր ցաւերուն եղիր դարման: Աչքերուն մէջ, Տէ՛ր, չկայ լոյս: Մեր քայլերուն ուղեկորոյս, Աստուած իմ, տուր Դուն ուղղութիւն, Որպէսզի մենք չերթանք անդունդ: Երկնքին մէջ չկան աստղեր, Ամպերուն մէջ կորսուած են, Տէր, Բայց մենք Քեզմով ճամբան գտանք Քու երկնքիդ մէջ շարունակ: |Գետերուն մէջ երբ ջուր չկայ, Սրտերուն...

Պէյրութի Մասին, Ցաւին Եւ Կարօտին Համար…  Զիատ Ռահպանիի Յիշատակին

Պէյրութի Մասին, Ցաւին Եւ Կարօտին Համար… Զիատ Ռահպանիի Յիշատակին

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ Եղբայրներս` արաբները, աւելի երջանիկ են: Գոնէ ցաւի աղբիւր մը ունին: Գաղափարի, շունչի, գոյներու անուններ ունին: Իրարու քովէն անցած պահուն բարեւել գիտեն, խունկը ճիշդ տեղը վառել գիտեն:  Երազներուն անուն տալ գիտեն, երազել գիտեն ու երազին համար մեռնիլ ալ գիտեն: Հիմա հին տեսարանը նորէն կը կրկնուի, եւ Համրա փողոցի կիրակնօրեայ լռութիւնը առագաստի մը պէս կը բացուի... Այդ լռութիւնը տուփի կը...

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Խաղողի որթատունկի սարփինայով ծածկուած տան տանիքը Գարնանային առաւօտ մըն էր. հեռուէն կը լսուէր թռչուններու մեղմ ծլվլոցը: Տերեւներու ծայրերէն կախուած ցօղի կաթիլները կամաց-կամաց կը կաթէին վար`  թարմացնելով հողին բոյրը: Պապուկիս հաւնոցին գոռոզ աքլորը բարձրաձայն կը կանչէր: Անոր զիլ կուկուլիկուկուն կ՛արթնցնէր մեզ: Ան յամառօրէն կը կանչէր, մինչեւ որ դուրս գայինք բակ եւ պղտոր աչքերով բարկանայինք անոր. «Գլուխնիս ցաւցուցիր, արթնցանք, կը...

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 2022 թուականի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն ետք, Եւրոպական Միութեան առաջնորդները գրաւ դրին Ազրպէյճանի վրայ` որպէս ուժանիւթային գործընկերոջ, Ռուսիոյ կազէն կախուածութիւնը նուազեցնելու համար: Քննադատները կ՛ըսեն, որ այդ քայլին պատճառով Ազրպէյճանի մէջ լայնածաւալ դարձան բռնաճնշումները, իսկ Եւրոպական Միութիւնը դաւաճանեց իր սկզբունքներուն` չլուծելով կազի կապուած խնդիրները: Այս տարուան մայիսին Թիրանայի մէջ Ալիեւի եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ջերմ հանդիպման նկարները նեղացուցած...

Լրորս.  Համտեսեցէք Մեծ ու Պզտիկ «Ձուկեր»

Լրորս. Համտեսեցէք Մեծ ու Պզտիկ «Ձուկեր»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թրամփը միակ ստողը չէ... Լա՛ւ կ՛ըլլայ, որ ձկնորսական եղէգով ու կարթով ձկնորսութեան փոխարէն` ուռկանով ընես լուրերուդ որսը, այդպիսով, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ «ձուկեր» կը բռնես, թելադրեց բարեկամս` զիս հրաւիրելով բարձրանալ իր երեւակայական առագաստանաւը: Ինչո՞ւ ոչ, մտածեցի: Բացինք առագաստները եւ լրորսի համար ճամբայ ելանք տեղակատուական ծովերուն մէջ, ունեցանք առատ որս` մեծ ու պզտիկ, նաւուն սառցատուփերը լեցուցինք լրաձուկերով, մաս մըն ալ...

Կեանքի Նժարին Մէջ

Կեանքի Նժարին Մէջ

 ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ Կիրակի առաւօտ մըն է. աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը: Կազդուրուած զգալով` կ՛ելլեմ անկողինէս: Տնեցիները տակաւին քնացած են: Ակնարկով մը կը նկատեմ, որ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն` խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին: Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած` սուրճս կը խմեմ: Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ...

Ստացուած Գիրքեր.  «Պատասխան Հաւատացեալի Հարցումներուն»  (Հեղինակ` Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Պատասխան Հաւատացեալի Հարցումներուն» (Հեղինակ` Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի տպարանէն, 2024-ին լոյս տեսաւ հոգելոյս Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Պատասխան հաւատացեալի հարցումներուն» գիրքը, բաղկացած` 272 էջերէ: Կենսագրական բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ Զարեհ արքեպիսկոպոս հայ եկեղեցւոյ ընտրելագոյն հոգեւորականներէն է` իր բարութեամբ, խոնարհութեամբ, համեստութեամբ, համբերութեամբ, եկեղեցանուէր կեանքով եւ ծառայասիրութեամբ: Ան հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին համար եղաւ օրինակելի, անմոռաց եւ պարծանք...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու վեցերորդ օրը մարզախաղերու մասնակիցները, Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչական անդամներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Ս. Էջմիածին: Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, ՀՄԸՄ-ի «Մարզական բանակ»-ին անունով Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան: Ապա, մարզիկ-մարզիկուհիները բոլորուեցան յուշահամալիրի անմար կրակին...

Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում

Կենսունակ Արեւմտահայերէն` Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան Լեզուապահպանումի նիւթը, մանաւանդ` արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը, ինչպէս ներկայացուեցաւ ամփոփ ձեւով` անցեալ երկու յօդուածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ` փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու վրայ: Կեդրոնանանք մեր գաղութներուն վրայ եւ մեր մայրենիին վրայ: Ի՞նչ են արեւմտահայերէնին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Տան Պէս Մաքուր Պահենք Մեր Թաղերը, Մեր Շրջապատը

Գիրքը` Իմ Ընկերս

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Բնական է, որ ամէն մարդ նախասիրութիւն մը ունենայ. իմ ալ նախասիրութիւնս գիրքն է, հաց ու ջուրի պէս կենսական է ինծի համար: Բարեբախտաբար  վերջին շրջանին հարստացայ նոր գիրքերով: Մարդուն անկեղծ բարեկամը գիրքն է, ուզած ժամուդ կրնաս կարդալ եւ մէկը միւսին տեղը չի գրաւեր. կը խրատէ, կը խնդացնէ, կ՛օգնէ, կը զարգացնէ, բառապաշարդ կը հարստացնէ, երբ ձեռքերուդ մէջն է, կը զգաս...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սրբազան Հայրը Այցելեց ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական Կեդրոն, Յանձնեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքի Կողմէ Առաքուած Դեղորայքի Օժանդակութիւնը 22 յուլիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, Ազգային վարչութեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն` յանձնելու Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կողմէ կատարուած դեղորայքի օժանդակութիւնը, որ իրականացած էր գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ...

Սթափելու Ժամանակը

Ցնծացէ՛ք Հայեր, Ապագան Իրականացած Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մեկնելէ առաջ աւետեց, որ 2021-ի ընտրարշաւի խոստումը` «Ապագայ կայ, կա՛յ ապագայ», արդէն իրականացած է: Ի տես հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեան Վարդավառի տօնախմբութիւններուն եւ մանաւանդ Սեւանի ափին հաւաքուած յիսուն հազար հայերուն` ակնյայտ է, որ Հայաստանի ժողովուրդը երջանիկ է, կեր, խմէ, զուարճացիր, մոռցիր Արցախ, Ցեղասպանութիւն, գրաւուած տարածքներ, ազրպէյճանական նախապայմաններ, Արարատ ու Հայ դատ: Հայ ժողովուրդը մեծ կորուստներ...

Լիբանանահայութիւնը Յարգեց Լիզպոնի Հերոսներուն  Յիշատակը Եւ Ոգեկոչեց Անոնց Նուիրաբերումով  Կատարուած Գործողութեան 42-ամեակը

Թող Լիզպոնը Բազմապատկէ Հայու Պայքարող Տեսակն Ու Ոգին*

ՇԱՆԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Քառասուներկու տարիներ առաջ լիբանանահայ հայրենաշունչ միջավայրի մէջ ծնած եւ ազգային հայրենասիրական կազմաւորում ստացած Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը, Արա Քըրճըլեանը, Սարգիս Աբրահամեանն ու Վաչէ Տաղլեանը միական ու վճռական քայլ դրին ողջակիզման եւ հերոսացման բարձունքին վրայ: Խոնարհ տղաք էին, բայց իրենց արարքով վերածուեցան ազգի հերոսներու` բանալով նոր էջ մը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին մէջ: Հայ յեղափոխական բանակի մարտիկներուն համար Հայ...

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ Աստուծոյ սիրոյն, պարո՛ն վարչապետ, չփորձէք չափուիլ արի արանց կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան հետ... Ամէն անգամ որ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ շղթայազերծուած բացասական որակումներու ականջալուր կ՛ըլլամ, կամ ալ մամուլով եղած ոմանց ձաբռտուքներուն հանդիպիմ, աչքերուս առջեւ կը պատկերանայ, Ալեքսանտրեթի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային առջեւ կանգնած` տասնհինգ տարու հասակին Պեթհովենի «Ջութակի քոնչերթօ»-ն նուագող, ապագային ալ ֆրանսական հոգատարութեան մաս կազմող այդ նոյն քաղաքի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակը Կազմակերպեց Համերգ «Ջաւախեան Մեղեդիներ» Խորագիրով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը յուլիս 25-ին կազմակերպեց «Ջաւախեան մեղեդիներ»  խորագրով համերգ, որ նուիրուած էր Համազգայինի կարեւորագոյն հայրենաճանաչողական ծրագիրներէն մէկուն` ուսանողական հաւաքի 30-ամեակին եւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին: Համերգային երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայոց Ջաւախք աշխարհի գուսաններու` Ջիւանի եւ Հաւասի, ինչպէս...

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

Կարսի Գրաւումը Թրքական Բանակին Կողմէ Բոլշեւիկներու Դէմ Ժողովրդային Դիմադրութիւն Եւ Ոյծի Ճակատամարտը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Թրքական եւ ռուսական ուժերու աքցանին մէջ առնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ի աշնան կենաց մահու գօտեմարտեր կը մղէր: Թրքական զօրքերը մօտեցած էին Կարսի եւ Մարգարայի, իսկ բոլշեւիկեան ուժերը Արցախի եւ Զանգեզուրի մէջ սանձարձակ բռնութիւններով կը ջանային ճնշել հայերու դիմադրութիւնը: Հայկական բանակը հոկտեմբեր 26-ին Մարգարայի կողմէն հակայարձակման անցաւ եւ թրքական բանակը շպրտեց դէպի Բարթողեան լեռները: Նոյն ժամանակ թրքական բանակը կրկին յարձակման...

Page 91 of 1110 1 … 90 91 92 … 1,110

Արխիւներ