Նախանձ եւ նախանձախնդրութիւն… հայերէն այս երկու բառերը նոյն արմատը ունին, սակայն հակոտնեայ իմաստ ունին, եւ ինչպէս ցերեկը գիշերէն կը տարբերի, այնպէս ալ` այս երկուքը: Նախանձը եօթը մահացու մեղքերէն մէկն է, որուն կապանքներէն կալանուած մէկը կը յատկանշուի` իր ատելավառ զգացումներով, քինախնդրութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ: Իսկ նախանձախնդրութիւնը ազնուական առաքինութիւն մըն է, երկնային պարգեւ մը, որ կը ձգտի` աւելի գեղեցիկին, վեհին եւ վսեմութեան:
Նախանձը անձնակեդրոն եւ եսասիրական մոլութիւն մըն է, որ կը մթագնէ մէկու մը բանականութիւնը եւ կ՛արատաւորէ անոր հոգին: Իսկ նախանձախնդրութիւնը անանձնական եւ այլասիրական առաքինութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի բարեացակամութեամբ եւ հասարակաց օգուտին ձգտումով: Նախանձը, ի՛նչ դիմակով որ երեւայ, պատճառ կը դառնայ` խռովութիւններու եւ հատուածական իրերաքանդ գործունէութիւններու, անիմաստ մրցակցութիւններու եւ ընկերային կեանքի բարգաւաճման վթար հասցնող աշխատանքներու:
Նախանձողը ինքն իր մեծագոյն թշնամին է, որ իր ձեռքով ինքզինք կը կործանէ: Ի զուր չէ, որ Ս. Գիրքը կը գրէ. «Նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է» (Առակաց 14.30): Նշանաւոր անգլիացի գրագէտ Շէյքսփիր նախանձոտ մարդը կը նմանցնէ մէկու մը, որ` «Նախ իր կերակուրը կը թունաւորէ եւ ապա զայն կ՛ուտէ»:
Նախանձը համատարած ու տիեզերական մեղք մըն է, որմէ զերծ չեն որեւէ տարիքի, զբաղումի, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակի մարդիկ: Օրինակ, մանկամարդ երեխան անգամ կը նախանձի իրեն խաղընկեր երեխային խաղալիքին եւ կը ցանկայ ունենալ զայն: Պատանին ու պարմանուհին նախանձի աչքով կը դիտեն իրենց այն ընկերները, որոնք գուցէ իրենցմէ աւելի հասակ, վայելչութիւն եւ հրապուրիչ յատկութիւններ ունին:
Իրազեկ ենք, որ երբեմն առեւտրականը, արհեստաւորը կամ արհեստավարժը նախանձոտ զգացումներով կը համակուին իրենց գործընկերներուն կամ պաշտօնակիցներուն հանդէպ: Կը ճանչնանք հովիւ պաշտօնակիցներ, որոնք ոչ միայն կը նախանձին իրենց եղբայր հովիւներուն, այլեւ կ՛աշխատին ծածուկ կամ բացայայտ կերպով նուաստացնել զանոնք, որպէսզի իրենք լաւ երեւնան եւ գուցէ արժանանան անոնց պաշտօններուն կամ դիրքերուն:
Հետաքրքրական է նշմարել, որ նոյնիսկ սուրբգրային հերոսներէն ոմանք զերծ չէին նախանձի մեղքէն: Օրինակի համար, Սառա` Աբրահամ նահապետի կինը, չկրցաւ իրեն սպասաւոր Հագարի հանդէպ իր տածած նախանձը յաղթահարել: Ռաքէլի եւ Լիայի փոխյարաբերութիւնները կը յատկանշուին նախանձի եւ յարատեւ մրցակցութեան զգացումներով: Եսաւի եւ Յակոբի փոխյարաբերութիւնը դասական օրինակն է երկու եղբայրներու միջեւ տեղի ունեցող յարատեւ մրցակցութեան: Յովսէփ Գեղեցիկի կեանքը գրեթէ գուբի մը մէջ պիտի վերջանար իր եղբայրներուն անսանձ նախանձին պատճառով:
Մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք նախանձի մոլուցքով լեցուն ղեկավարներու, որոնք մտահան ըրած են իրենց եկեղեցիին, կազմակերպութեան կամ հաստատութեան կոչումն ու ընդհանրական շահերը եւ կ՛աշխատին իրենց փառքին ու դիրքին համար նուաստացնել իրենց պաշտօնակիցներն ու գործակիցները:
Որքան յաճախ եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ տիրող նախանձը ստեղծած է ուժերու ցրւում եւ ճիգերու ամուլ կրկնութիւն: Պահ մը մտածենք, թէ նոյն նպատակին ծառայող կազմակերպութիւններ նախանձէ դրդուած` զիրար խաչաձեւող ձեռնարկներով մեր հաւաքական կեանքի կոտորակման կը սատարեն:
Նախանձը ոչ միայն նախանձոտը կը ստորնացնէ ու կը փճացնէ, այլ նաեւ կ՛աշխատի վնաս հասցնել իրեն թիրախ ունեցող անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն: Իսկ նախանձախնդրութիւնը սիրոյ, գթասրտութեան եւ մարդասիրութեան կենսատու աւիշն է: Ան յառաջատար մղիչ ուժն է ստութեան, անիրաւութեան եւ չարաշահութեան դէմ պայքարելու` պաշտպանելու ճշմարիտն ու արդարը:
Նախանձախնդիր մարդը պարկեշտ եւ ուղղամիտ է իր գործին ու փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Ան խղճմտօրէն կը կատարէ իր պաշտօնին պարտականութիւնները, կը զոհէ ու կը զոհուի հանրային կարիքներու համար: Անոր կեանքը կ՛ընթանայ համաձայն արդարութեան եւ սիրոյ օրէնքին:
Նախանձախնդիր մէկը իր նմաններուն հանդէպ կը տածէ` ազնուութիւն, բարեացակամութիւն, յարգանք եւ սէր, որովհետեւ ան իրազեկ է, որ բոլոր մարդիկ ալ Աստուծոյ զաւակներն են եւ առաքեալին խօսքով` «Սիրելու են զանոնք ոչ թէ խօսքով, հապա` գործով եւ ճշմարտութեամբ» (Ա. Յովհ. 3.18):
Մեր հանրային, ազգային եւ եկեղեցական կեանքը որքան աւելի առողջ պիտի ըլլար, եթէ մարդիկ կարենային մեր հաւաքական կեանքը կաշկանդող նախանձի կապանքները թօթափելով` հագուէին նախանձախնդրութեան զրահները` ծառանալու անձնասիրութեան ու ընչաքաղցութեան դէմ եւ սիրելու ու յարգելու իրենց նմանները:



