ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, այսօր, երեկոյեան ժամը 7:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պաշտօնական բացումը կը կատարուի Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 700 մարզիկ-մարզիկուհիներ եւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու 200 պատանիներ:
Մարզախաղերը արդէն իսկ ընթացք առին հինգշաբթի եւ շարունակուեցան երէկ: Խաղերը կը կատարուին հետեւեալ մարզադաշտերուն մէջ. «Տինամօ» (ֆութզալ), «Ողիմպիական աւան» (պասքեթպոլ, կրտսերներ եւ աղջիկներ), Շէնգաւիթի մարզական դպրոց (վոլիպոլ եւ փինկ-փոնկ), «Միկա» (ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ, տղաք), Արտաշատի դաշտ (աթլէթ), Վահագնի կոլֆի ակումբ (թենիս), «Դաւիթ Համբարձումեանի մարզական համալիր» (լող) եւ Երեւանի ճատրակի դպրոց (ճատրակ): «Հրաշք»-ի մարզախաղերը կը կատարուին Երեւանի եւ Սպիտակի մէջ:
Յայտնենք, որ պաշտօնական բացման հանդիսութեան պիտի նախորդէ մարզախաղերու մասնակիցներու տողանցք` Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Մարզախաղերու ջահը միաժամանակ պիտի բոցավառի հայութեան համար նուիրական երեք վայրէ` Ս. էջմիածինէն, Ծիծեռնակաբերդէն եւ Եռաբլուրէն: Երեք ջահերը պիտի միանան Եռաբլուրի մօտ, ապա փոխանցավազքով, մարզիկներու ձեռամբ գլխաւոր ջահը պիտի հասնի հրապարակ, ուր պիտի արտասանուին պաշտօնական խօսքեր, եւ կատարուի բացման մեծաշուք հանդիսութիւն:
Տողանցքը եւ բացման հանդիսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի սփռուին ՀՄԸՄ-ի Դիմատետրի էջով:
Ինչ կը վերաբերի մարզախաղերուն, ցարդ արձանագրուած արդիւնքները տեսնել մարզական` 7-րդ էջով: