ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Իրանը հաւաքական Արեւմուտքին կողմէ «պալքանացնելու»` ցեղային հատուածական միաւորներու վերածելու, անպատասխանատու պատրանք ունեցողները հասկցած չեն իրանեան ազգայնականութիւնը, եւ միայն կործանարար հետեւանքներու է, որ պիտի առաջնորդեն շրջանը (1):
Այս է խորագիրը եւ ենթախորագիրը արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտ Էլտար Մամետովի (իրանամէտ լաթվիացի, այժմ` Պրիւքսել) 1 յուլիս 2025-ի Ուաշինկթընի «Քուինսի պատասխանատու վարչագիտութեան հիմնարկ»-ի Ռիսփանսիպըլ Սթէյթքրաֆթ կայքէջի յօդուածին` (The Quincy Institute for Responsible Statecraft) (2): Անոնք Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան «իրապաշտութեան» եւ «զսպուածութեան» ջատագովներ ու անտեղի պատերազմի հակառակորդներ են, արտաքին քաղաքականութիւնը կը տեղափոխեն անվերջ պատերազմէն դիւանագիտութիւն` միջազգային խաղաղութեան նպատակով: «Մենք կը կառուցենք աշխարհ մը, ուր խաղաղութիւնը բնական է, իսկ պատերազմը` բացառութիւն»: Ստորեւ` թարգմանութիւնը:
Թեհրանի մէջ Իրանի դրօշին շուրջ, հակաիսրայէլեան եւ հակաամերիկեան ցոյցեր:
«Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վերնախաւը վտանգաւոր հակում ունի քանդելու այն ազգերը, որոնք թշնամական կը համարէ: Այժմ նոր պահպանողական վերլուծական կեդրոնները, ինչպիսիք են Ուաշինկթընի գործող Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութեան հիմնարկը (FDD) եւ եւրոպական խորհրդարանի անոնց գործընկերները, բացայայտօրէն կը խթանեն Իրանի քայքայումը` անխոհեմ ռազմավարութիւն մը, որ կը խորտակէ Միջին Արեւելքը, աղէտալի մարդասիրական ճգնաժամեր կը պատճառէ եւ կատաղի դիմադրութիւն կ՛առաջացնէ թէ՛ իրանցիներէն եւ թէ՛ ալ ԱՄՆ-ի գործընկերներէն:
«Երբ Իսրայէլն ու Իրանը յունիսի կէսերուն հարուածներ փոխանակեցին, FDD-ի Պրենտա Շաֆըրը (Թել Աւիւի համալսարան ուսանած) կը վիճէր, որ Իրանի բազմազգ կազմութիւնը խոցելի կէտ մըն է, որ պէտք է չարաշահուի: Շաֆըր ԱՄՆ-ի հիմնական լրատուամիջոցներուն մէջ Ազրպէյճանի աշխուժ պաշտպանը եղած է, նոյնիսկ ան մշտապէս քողարկած է իր կապերը Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան` Սոքարի հետ: Տարիներ շարունակ ան Իրանի մասնատման ջատագովը եղած է` ըստ ցեղային պատկանելիութեան, նման` նախկին Եուկոսլաւիոյ փլուզումին: Ան այդ ջանքերուն մեծ մասը կեդրոնացուցած է իրանեան Ազրպէյճանի անջատումին վրայ, ուր ազերիները կը կազմեն Իրանի ամենամեծ ոչ պարսիկ խումբը:
«Շաֆըրի տեսակէտները կը համընկնին «Ճերուսալեմ Փոսթ»-ի (3) վերջերս հրապարակած խմբագրականին հետ, ուր նախորդ ամսուան ընթացքին Իրանի դէմ Իսրայէլի կողմէ առաջին հարուածներու «ցնծութեան» խորապատկերին` կոչ ըրաւ նախագահ Թրամփին բացայայտօրէն ընդունիլ Իրանի մասնատումը: «Մասնաւորապէս ան կոչ կ՛ընէր ստեղծել «Իրանի մասնատման համար Միջին Արեւելքի դաշինք մը» եւ «ապահովութեան երաշխիքներ տրամադրել սիւննի, քիւրտ եւ պալուճի փոքրամասնութիւններու այն շրջաններուն, որոնք անջատուելու պատրաստ են»: Նոյն լրատուամիջոցը պաշտօնապէս կոչ կ՛ընէր Իսրայէլին եւ ԱՄՆ-ին` օժանդակել Իրանէն այն տարածքին անջատման, որ անոնք «Հարաւային Ազրպէյճան» կ՛անուանեն (Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող ազերի մեծամասնութիւն կազմող շրջանները):
«Միեւնոյն ժամանակ եւրոպական խորհրդարանին մէջ կեդրոնամէտ ազատական խումբի արտաքին գործերու խօսնակը նիստ գումարած էր «Իրանի ապագային» վերաբերեալ, յայտնապէս` Իսլամական Հանրապետութեան դէմ «յաջող» ապստամբութեան հեռանկարները նիւթով: Այն փաստը, որ իրանցի մասնակից միա՛կ խօսնակները իրանեան Ազրպէյճանի եւ Ահուազի շրջաններէն անջատողականներ էին, յստակացուց անոր օրակարգը: 2022-ին Եւրոխորհրդարանի կողմէ Իրանի պաշտօնական մարմիններու հետ բոլոր յարաբերութիւնները միակողմանիօրէն խզելէն ետք ան դարձած է արմատական տարբեր արտաքսուած ընդդիմադիր խմբաւորումներու, ինչպիսիք են` միապետականներու, աղանդաւոր Մուժահիտտին խալքի եւ ցեղային անջատողականներու, խաղի հրապարակը:
«Սակայն Իրանը փլուզման եզրին գտնուող փխրուն, խճճուած պետութիւն չէ: Ան 90 միլիոն բնակչութիւն ունեցող ազգ է` պատմական եւ մշակութային ինքնութեան խոր զգացումով: Մինչ պալքանացման կողմնակիցները կը սիրեն կեդրոնանալ Իրանի ցեղային բազմազանութեան վրայ` ազերիներ, քիւրտեր, պալուճներ եւ արաբներ, անոնք անընդհատ կը թերագնահատեն իրանական ազգայնականութեան միաւորող ուժը:
«Ինչպէս վերջերս «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ին մէջ նշած է գիտնական Շերվին Մալեքզատէն (4), «Գիտնականները համակարծիք են, որ Իրանի մէջ քաղաքականութիւնը կը սկսի Իրանի` իբրեւ շարունակական եւ անխզելի պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի, գաղափարակից ազգի մը, որուն «ծագումը անյիշելի անցեալէն է: Ազգայնականութիւնը կ՛ապահովէ քաղաքական լայն ասպարէզ, ուր Իրանի տարբեր խումբեր եւ գաղափարախօսութիւններ կը մրցին իշխանութեան եւ հեղինակութեան համար` ըլլան անոնք միապետական, իսլամական թէ ձախակողմեան»:
«Տասնամեակներ շարունակ արտաքին ճնշումները` պատժամիջոցներէն մինչեւ գաղտնի գործողութիւններ եւ պատերազմ, միայն ամրապնդած են այս համախմբուածութիւնը: Այն կարծիքը, որ անջատողական տրամադրութիւններու հրահրումը կը բաժնէ Իրանը, վտանգաւոր երեւակայութիւն է, որ դիտումնաւոր կերպով կ՛անտեսէ, թէ ինչպէ՛ս իսրայէլամէտ նոր պահպանողականներու կողմէ մշակուած ծրագրերը հակառակ արդիւնքը տուին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ` իրենց ետին քաոս ձգելով:
«Նման ռազմավարութիւն նաեւ իր կողմնակիցներուն գետնի վրայի իրականութեան խոր տգիտութիւնը կը բացայայտէ: Շաֆերը` ազրպէյճանական հողերը վերագրաւելու ջատագովը, այնքան հեռու գացած է, որ ողջունած է Իսրայէլի կողմէ Թաւրիզի` իրանական Ազրպէյճանի մշակութային եւ տնտեսական սրտին վրայ կատարուած օդային հարուածները:
«Այս մօտեցումը ոչ միայն բարոյապէս զաւեշտալի է, այլեւ հիմնուած է Իրանի ներքին ուժաբանութեան խոր տգիտութեան վրայ: Շաֆերը եւ անոր նմանները կը կարծեն, որ Թեհրանի վրայ արտաքին ճնշումը ազերիները (եւ այլ փոքրամասնութիւններ) Թեհրանի դէմ ապստամբութեան կը մղէ: Փոխարէնը, ինչպէս Իրանի մնացած մասը, Իսրայէլի վերջին յարձակումը յառաջացուց դրօշի շուրջ հանրահաւաքի ազդեցութիւն, քանի որ իրանցի ազրպէյճանցիները խորապէս միահիւսուած են ազգային կառուցուածքին մէջ: Երկրին երկու բարձրագոյն պաշտօնեաներն ալ` գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին եւ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, ազերի են:
«Ամիս մը առաջ կը քալէի Թաւրիզի փողոցներուն մէջ, քաղաք մը, որ լեցուն է իրանեան պատմութեամբ եւ ինքնութեամբ: Հեռու անջատողականութեան օրրան ըլլալէ` Թաւրիզը Իրանի միասնութեան կենդանի վկայութիւնն է: Ազրպէյճանի թանգարանը հպարտութեամբ կը ցուցադրէ իրանեան քաղաքակրթութեան հազարամեակներու նմուշներ, մինչ խորհրդարանը կը նշէ Թաւրիզի կարեւոր դերը Իրանի 1906-ի սահմանադրական յեղափոխութեան մէջ, շարժում մը, որ ձեւաւորեց ժամանակակից իրանեան ազգայնականութիւնը եւ կը շարունակէ ոգեշնչել ժողովրդավարական ուժերը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը ամբողջ երկրին մէջ:
«Այն գաղափարը, որ Թաւրիզը կամ Իրանի ազերիներով բնակեցուած որեւէ մեծ քաղաք կրնայ ապստամբիլ Ուաշինկթընի կամ Թել Աւիւի պահանջով, անհեթեթութիւն է: Իրանի ազրպէյճանցիները ազատագրումի սպասող ճնշուած փոքրամասնութիւն չեն, անոնք բարգաւաճած են Իրանի մէջ: Իրանը քննադատող ազերի ջատագովներուն մեծ մասը իրենց պահանջները կը բանաձեւեն մշակութային իրաւունքներու, այլ ոչ թէ անկախութեան տեսանկիւնէն:
«Պէտք է ընդունիլ, որ տեղական դժգոհութիւնները կրնան աւելի շեշտուած ըլլալ քրտական եւ պալուճական շրջաններուն մէջ, մասնաւորապէս վերջիններուն` հեռաւոր, աղքատ եւ սիւննի շրջանները: Սակայն նոյնիսկ այստեղ անջատումի նկատմամբ ժողովրդային շարժումի մը ուժեղ դրսեւորման որեւէ փաստ չկայ: Բացի այդ` գոյութիւն ունեցող որեւէ դժգոհութենէ մը օգտուելու ԱՄՆ-ի փորձը տարածաշրջանին մէջ իր դաշնակիցներն ու գործընկերները կը թշնամացնէ:
«Թուրքիան, որ ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակիցն է, երբեք չի հանդուրժեր ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը Իրանի քրտական անջատողականութեան` հաշուի առնելով իր տասնամեակներ շարունակուող պայքարը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ-ի հետ: ՔԱԿ-ի իրանեան մասնաճիւղը` Քիւրտիստանի ազատ կեանքի կուսակցութիւնը, Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակումները ողջունած է:
«Նմանապէս, Փաքիստանը, որ արդէն իսկ ունի իր սեփական պալուճներու ապստամբութիւնը, Իրանի Պալուճիստանի գործերուն Արեւմուտքի միջամտութիւնը կը նկատէ իբրեւ իր տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող ուղղակի վտանգ: Այս դաշնակիցները թշնամացնելը` վարչակարգի փոփոխութեան անիրագործելի նպատակը հետապնդելու համար, արտաքին քաղաքականութեան սխալ քայլ կը համարուի:
«Ռուսիան ու Չինաստանը երկար ատենէ կը զգուշացնեն, որ Ուաշինկթըն կը ձգտի իր հակառակորդները մասնատել` Եուկոսլաւիայէն մինչեւ Իրաք: Իրանի մասնատման որեւէ փորձ կը հաստատէ անոնց ամենամութ կասկածները` սրելով սեփական փոքրամասնութիւններու դէմ իրենց ներքին ճնշումները եւ արագացնելով հակաարեւմտեան դաշինք կազմելու ջանքերը:
«Հնդկաստանը, որ Ուաշինկթընի կողմէ իբրեւ դաշնակից կը նկատուի, նոյնպէս կը մերժէ նման քաղաքականութիւն, քանի որ կը խաթարէ Նիւ Տելհիի ռազմավարական առեւտրային եւ գումակային ծրագրերը, ինչպիսին է Իրանի մէջ Չապահար նաւահանգիստի զարգացումը, որ Հնդկաստանի մուտքի կէտն է դէպի Աֆղանիստան եւ Կեդրոնական Ասիա, որ կը շրջանցէ Փաքիստանը:
«Եթէ Ուաշինկթընը եւ անոր եւրոպական դաշնակիցները պնդեն Իրանի մասնատման վրայ, հետեւանքները սուր կերպով կը զգացուին նաեւ Եւրոպայի մէջ: Անկայուն Իրանը կը պատճառէ գաղթականներու հոսք, ճգնաժամ մը, որ կը գերազանցէ 2015-ի սուրիացի գաղթականներու ալիքը: Ան նաեւ կրնայ պարարտ հող ստեղծել ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնց մէջ` «Իսլամական պետութիւնը»: Անոր ճիւղերէն մէկը` ISIS-Խորասանը, արդէն Իրանի մէջ գործունեայ է, ներառեալ` անցեալ տարի Քերմանի մէջ անձնասպանական պայթումները: Աւելցուցէք անոր ուժանիւթի անխուսափելի ցնցումները, եթէ Իրանը փորձէ շրջափակել Հորմուզի նեղուցը, Եւրոպան կը համտեսէ ինքն իրեն պատճառած աղէտը:
«Այս մօտեցումին ճարտարապետները` FDD-ի բազէները եւ անոնց եւրոպացի ու իսրայէլացի ուղեկիցները, կրակի հետ կը խաղան: Իրանը մասնատելու փորձերը կը յանգեցնեն ապշեցուցիչ հետեւանքներու` սանձազերծելով քաոս, որ կը տարածուի անոր սահմաններէն շատ հեռու:
«Պառակտումի երազներով տարուելու փոխարէն` Արեւմուտքը պէտք է հետապնդէ գործնական միջոցներ: Այլընտրանքը, հաւանաբար, մէկ յաւերժական պատերազմ եւս է, որուն ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ ալ Եւրոպան կրնան դիմանալ»: Վերջ:
Ճորճ Պուշ Կրտսերի արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսին յունիս 2006-ի «գիւտ»-ն էր «Նոր Միջին Արեւելքը», որ շուտով իր կողմէ իսկ վերածուեցաւ «կառուցողական քաոս» եզրին: Ահաւասիկ` ամերիկեան մեծ սուտերէն մէկը, որ միայն շրջուած տրամաբանութիւն ունեցողները եւ արիւնարբու հրէշները կը փայփայեն: ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՈՍԸ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ կրնայ ըլլալ… Եթէ ծառայէ իրենց նպատակներուն, գործադրելով ցեղասպան փոքր Իսրայէլի երազը` մասնատել Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքը, որ Իսրայէլ ըլլայ տիրող ուժը եւ ամբողջ հարստութիւնը շահագործողը, որպէսզի արաբներն ու Իրանը, նաեւ Թուրքիան ու Կովկասը իր ստրուկները դառնան:
8 յունիս 2025
—