Քառասուներկու տարի առաջ` 27 յուլիս 1983-ին, տեղի ունեցաւ Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւնը:
Հինգ երիտասարդներ` Սարգիս Աբրահամեան, Արա Քըրճըլեան, Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան եւ Սիմոն Եահնիեան, պայթուցիկներով լեցուած երկու ինքնաշարժներով առաւօտեան ժամը 10:30-ին հասան դեսպանատան մօտ:
Դեսպանատուն մտնելու պահուն բախում տեղի ունեցաւ պահակներուն հետ, եւ ժամը 10:45-ին Սիմոն Եահնիեան զոհուեցաւ շէնքի դրան առջեւ:
Սարգիս, Արա, Սեդրակ եւ Վաչէ ներխուժեցին դեսպանատան շէնք եւ գերեվարեցին դեսպանատան կցորդին կինն ու տղան:
Խումբը հեռաձայնով յայտարարեց, որ ոստիկանութեան միջամտութեան պարագային դեսպանատունը պիտի պայթեցուի:
Փորթուգալի կառավարութիւնը հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժեր գործի լծեց: Ոստիկանութիւնը ժամը 12:15-ին շրջապատեց թաղը եւ փակեց դէպի դեսպանատուն երթեւեկի ուղիները:
Հայ յեղափոխական բանակը ժամը 12:30-ին հրապարակեց տպագիր հաղորդագրութիւն մը, որ կ՛ըսուէր. «Մենք որոշած ենք օդը բարձրացնել շէնքը ու մնալ անոր փլատակներուն տակ: Ասիկա անձնասպանութիւն ու խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրաբերում` ազատագրական պայքարին»:
Դեսպանատան վերի յարկին մէջ ժամը 13:00-ին հրդեհ բռնկեցաւ:
Ոստիկանութիւնը ժամը 13:45-ին յարձակման անցաւ: Սկսաւ հրացանաձգութիւն, որ շարունակուեցաւ քանի մը վայրկեան, որմէ ետք ուժգին պայթումներ լսուեցան:
Ոստիկանութիւնը ժամը 14:00-ին դեսպանատուն մտաւ եւ գտաւ հայ վրիժառուներուն ածխացած դիակները:
Հինգ հերոսներուն մարմինները 19 սեպտեմբեր 1983-ին Լիբանան հասան եւ յաջորդ օր հողին յանձնուեցան: