Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

July 26, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի հինգը`  Արա Քրճըլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնէեան եւ Վաչէ Տաղլեան` Հայ դատի նուիրեալ երիտասարդներ, իրենց գարուն կեանքերը զոհաբերեցին նորահաս սերունդներուն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման շունչը փոխանցելու համար:

Այս գործողութեամբ Լիզպոնի հինգը հաստատեց, որ հայը պիտի պայքարի եւ պիտի յաղթէ ցեղասպանին: Անոնք գիտակցաբար մեկնեցան դէպի Լիզպոն, գիտակցաբար ընդունեցին մահը` դառնալով իսկական ժառանգորդները «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս  դուք էք ընկերներ, շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»-ուն:

Լիզպոնի հինգը առաքինի ԼԵՄ-ականներ էին: Անոնք ունէին ազգային դաստիարակութեան տէր հայու մը բնորոշ տուեալները` գաղտնապահութիւն, կարգապահութիւն, ազգասիրութիւն, համեստութիւն եւ անձնազոհողութիւն:

Անոնք մեզի նման երիտասարդներ էին, որոնք պատրաստ էին գիտակցաբար երթալու մինչեւ մահ` յանուն հայրենիքի ազատագրութեան, եւ այն յոյսով, որ մենք` իրենց յաջորդողները, պիտի ընդարձակենք իրենց պայքարը: Այո՛, Լիզպոնէն ետք իւրաքանչիւր ԼԵՄ-ականի եւ դաշնակցականի  ճիտին պարտքն է տէրը կանգնիլ այդ կտակին:

Իբրեւ ԼԵՄ-ականներ` պէտք է ըլլանք Սիմոնի նման հպարտ, որովհետեւ հայ ծնած ենք եւ հայ պիտի մեռնինք: Երբեք չընկճուինք, երբեք չենթարկուինք ուրիշին տիրապետութեան:

Սեդրակի նման, որքան ալ թուրքը մեզմէ զօրաւոր ըլլայ նոր զէնքերով կամ նոր դիւանագիտութեամբ, վստահինք մեր ուժերուն: Վաչէի նման, մեր հեռանկարը թող ըլլայ ունենալ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան մը: Արայի նման ըլլանք հայրենանուէր: Համոզուինք, որ առանց մեր հայրենիքին, առանց մեր հողերուն` ո՛չ կեանք եւ ո՛չ ալ` ապագայ կայ: Սարգիսի նման չվախնանք մահէն, ոչ ալ` թշնամիին գնդակէն: Համոզուինք, որ հայրենիքը չի տրուիր, այլ կ՛առնուի:

Եւ վերջապէս, եթէ Լիզպոնի հինգը համոզուած էին, որ իրենցմէ «աւելի լաւ»-երը պիտի գան եւ իրենցմէ շատ աւելի գործեր պիտի ընեն, ապա ուրեմն միանանք Լիզպոնի մեր ընկերներուն, ըլլանք գաղափարի «խենթ» մը, եւ վճռականօրէն քալենք անոնց ճամբով, ճեղքենք մերօրեայ լռութեան պատերն ու անտարբերութիւնը` բանալով նոր ճամբայ մը դէպի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան:

Այսօր «անկախացած» Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնները Դաշնակցութեան դարաւոր «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը կը սեպեն «ահաբեկչական»: Մինչդեռ 1983-ին այս կարգախօսին հաւատարիմ մեր «խենթ»-երը հաստատեցին, որ կան արժէքներ, որոնք շատ աւելի թանկ են, քան` իրենց կեանքը, յանուն հայրենիքը մահը ընդունեցին եւ մեզ հասցուցին Հայաստանի անկախութեան ու Արցախի ազատագրութեան:

Այսօր ժամը հասած է նոր անկիւնադարձերու, հայրենիքի անտարբերութեան ու աշխարհի լռութեան պատերը կրկին պէտք է քանդենք:  Ըլլանք հաւատարիմը` Քրիստափոր Միքայէլեանի միտքին` «Ուժն է, որ կը կառավարէ աշխարհը», երդնունք` Լիզպոնի հինգին ճամբով եւ յեղափոխական ոգիով ընդարձակել մեր պայքարը:

Նախորդը

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Եւ Անոր Այժմէականութեան Մասին

Յաջորդը

42-Ամեակ Լիզպոնի Հինգ Անձնազոհերու Գործողութեան

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.