Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայոց Տաճարի «Խենթ»-երուն` Լիզպոնի Հինգին

Յուլիս 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը կ՛ակնկալէ գաղափարական, դիւանագիտական, կազմակերպական, կարգապահական եւ ընկերատնտեսական գործունէութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Կ՛ակնկալէ վերականգնում, վերակենդանացում եւ վերելք: Կ՛ակնկալէ զարթօնք: Կ՛ակնկալէ նորարար միջոցներով յատկանշուած վերադարձ դէպի արմատներ:

(«ԱԶԴԱԿ», 26-7-2024)

Տարի մը առաջ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին յատկացուած էջին «Մեր խօսքը» սիւնակին մէջ, ի շարս այլ մտածումներու, հպարտութեամբ կարդացինք վերոնշեալ տողերը, որոնք նուիրուած էին Լիզպոնի տղոց ու անոնց սխրանքին:

Իրօք, տողեր են անոնք, որոնք առաջին հերթին կ՛արտացոլացնեն երիտասարդ փաղանգի մը խոր, այժմէական, գաղափարական, քաղաքական ու հայրենասէրի միտքն ու յուզաշխարհին տարբեր ոլորտները:

Աւելի՛ն. անոնք կը խտացնեն ներկայ օրերուն ապրող, շնչող, այլանդակ ու խայտաբղէտ պայմաններու եւ կացութեան ենթակայ, սակայն լաւապէս դաստիարակուած սերունդի մը ապրումները` հաստատելով, որ անոնք մնացած են անսասան, բիւրեղ, հարազատ ու իբրեւ այդպիսին` կը շարունակեն ոգեւորել, հոգեզինել շրջապատ մը ամբողջ` յոյս եւ կորով ջամբելով միութենական, կազմակերպական, կուսակցական ու հաւաքական առողջ կեանքի մը վերաթարմացման, վերաշխուժացման:

Մեզի համար սա լաւագոյն ապացոյցն է այն իրողութեան, որ գաղափարով եւ մարդկային արժէքներով լիցքաւորուած մանաւանդ երիտասարդական միաւորներ, ի՛նչ կազմակերպութեան ալ պատկանին, ուժի, կամքի, նուիրումի եւ զոհողութեան աղբիւր ըլլալով հանդերձ, անոնք կենարար, անփոխարինելի եւ հրաշքներ գործող տարրեր են, յենարան, պատուանդան, նաեւ փարոս են, առհասարակ հաւաքական կեանքի առողջացման ծառայող, բայց մանաւանդ` գիտակից եւ հաւատաւոր հետագայ սերունդներու պատրաստութեան նպաստող:

Այլ առումով ալ յատկանշականն ու քաջալերականը կը մնայ այն, որ, ի դէմս ապազգային հոսանքներու, երեւոյթներու, կազմակերպական կեանքի թուլութեան, ներազգային ոլորտներու թերացումին, խաղքութեան, հիասթափութեան, այլապէս ալ հակադաշնակցական մոլուցքին, հակաքարոզչութեան եւ ատելավառ մօտեցումին, ցարդ, եւ ի պատիւ այս սերունդին, ան տակաւին կը պահէ իր արթնամտութիւնը, համոզումը, դէպի լաւին ու արդարին ձգտելու հաւատամքն ու տեսլականը:

Հակառակ անոր որ մերօրեայ սերունդը կը դիմագրաւէ նաեւ համաշխարհայնացման թէ արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումն ու պարտադրանքը, ազգաքանդ յորձանուտերու տեսականի, մարդկային ու ազգային արժէքներէ պարպուելու «հզօր» եւ «յափշտակիչ» հրաւէրներ, այդուհանդերձ, առկայ է, կայ փաղանգ մը, որ շնորհիւ իր աներեր կամքին ու ստացած դաստիարակութեան, գիտակցական մակարդակին, կը մնայ կառչած իր ազգային ըմբռնումներուն եւ գաղափարական աշխարհին:

Միւս կողմէ, ճիշդ է նաեւ այն, որ նման փաղանգի քանակը սկսած է տակաւ նուազիլ` իր ուսերուն ունենալով յաւելեալ ծանրութիւն, այդուամենայնիւ, ոչ ոք կրնայ ուրանալ ներկայութիւնը այս սերունդի, որ վճռած է նետուիլ պայքարի դաշտ, սնանիլ իր պատուաբեր պատմութեամբ ու տէր կանգնիլ անկորնչելի արժէքներուն, ուխտին:

Յուլիսի 27, 1983: Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոն:

42 տարի անցած է արդէն այդ սրբազան օրէն, երբ Հայ դատի ճամբուն վրայ ու պահանջատիրական պայքարի մատեանին մէջ արձանագրուեցաւ սխրանքի հեքիաթ մը, արիութեան պատում, երիտասարդական խանդի ու կամքի բոցաշունչ յարացոյց մը, որ իրերայաջորդ սերունդներու համար կը շարունակէ մնալ իբրեւ ներշնչման փարոս, տիպար ու անգերազանցելի արարատասիրութիւն: Արդարեւ, անոնք` Լիզպոնի տղաքը, որոնք ծնունդն էին սփիւռքին, սեփական աչքերով իսկ չէին տեսած հայրենի հող, վեհափառ Արարատն ու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը, նետուեցան պայքարի դաշտ, թշնամի թուրքին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան յիշեցնելու, որ հայոց վրիժառու տաճարի զաւակները, պատրաստ են արեան գնով ճակատելու եւ զոհաբերուելու յանուն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ու հայրենիքի ազատագրումին:

Անոնք, Լիզպոնի տղաները` Վաչէն, Սագոն, Սիմոնը, Արան եւ Սեդրակը, իրենց ողջ էութեամբ նետուած էին ազգային ազատագրական պայքարի յորձանուտին մէջ` քաջ գիտնալով հանդերձ, որ պիտի ըլլան հայու «տեսակ»-ներ, որոնք մերթ պիտի անգիտանան անոնց սխրանքը, մերթ ծիծաղին, եւ ամէնէն ահաւորը` պիտի ուրանան եւ կռնակ դարձնեն սրբազան աքթին ու անոր թողած ժառանգին` պատրուակելով «սնանկութիւնը» Հայ դատին եւ «ունայնութիւնը» տղոց գերագոյն զոհաբերումին:

Անտարակոյս այսպիսիներ մնացին, պիտի մնան պատմութեան լուսանցքին, խաւարին մէջ, իսկ Տղոց յիշատակը կ՛ապրի ու կենսաւիշ է յաջորդող սերունդներուն:

Այսօր մենք վկաներն ենք այն ճշմարտութեան, թէ օրին սրբազան Տղաքը ըսին, բարձրաձայն արձագանգեցին, որ առանց ազգային արժանապատուութեան, հերոս տղաներու  պաշտամունքին, ազգային ազատագրական պայքարի գիտակցութեան եւ բոցավառումին, ո՛չ հայրենիք կ՛ազատագրուի, ո՛չ պատուական հայու տեսակ կը պահուի, ո՛չ ալ պետականութիւն կը պաշտպանուի:

Տխուր փաստը, Արցախ աշխարհի կորուստն էր եւ ներկայ Հայաստանի դժխեմ ու տժգոյն պատկերը:

 

 

Նախորդը

Լիզպոնը` Մեր Պահանջատիրութեան Խաչքարը

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօները. Վարդավառ` Պայծառակերպութիւն Յիսուս Քրիստոսի

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?