Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնը` Մեր Պահանջատիրութեան Խաչքարը

Յուլիս 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԹՈՍ

1983-ի յուլիսը դարձաւ շրջադարձային պահ մը հայութեան պատմութեան մէջ: Երբ միջազգային դաշտին վրայ Հայ դատը դարձած էր մոռացութեան ենթակայ, երբ մարդասիրութեան քողին տակ աշխարհը կը չարաշահէր անտէր ժողովուրդներուն կարիքները, հինգ հայ երիտասարդներ պայթեցուցին իրենք զիրենք եւ քանդեցին լռութեան պատնէշը…

Լիզպոն: Քարտէսի վրայ աննշան վայր մըն էր, սակայն շնորհիւ մեր տղոց` դարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան խոյանքի սիւներէն մէկը:

Դարձաւ խոյանք` ոչ իբրեւ արիւնահեղութեան սոսկ պատահար, այլ` իբրեւ բարոյական ահազանգ, իբրեւ յաղթութեան ձայնն աբէլեան, որ սթափեցուց աշխարհը:

ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ շաղախուած այս հինգը եղան ապտակ` բարոյական աշխարհի երկերեսանի խղճին ու սթափեցուցիչ կանչ` մեր անտարբեր սերունդներուն:

Լիբանանահայ ազգային սկզբունքներով թրծուած, ազգային վեհ գաղափարախօսութեան ու մշակոյթին մէջ մեծցած  Վաչէ Տաղլեանի, Սագօ Աբրահամեանի, Արա Քըրճըլեանի, Սեդրակ Աճեմեանի եւ Սիմոն Եահնէեանի այս պոռթկումը արդիւնքն էր տարիներու հաւատքին, ինքնագիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան:

Լիզպոնը դարձաւ վերապրումի բագին` ո՛չ թէ զոհաբերական առասպելաբանութեան, այլ` արդարութեան հողին վրայ հիմնուած պայքարի:

Հինգ ջահեր` հինգ հոգիի մէջ խտացած ազգի մը կենսական պահանջ:

Մահն անտեսելով, գացին մահուան` վեհ նուիրումի հոգեբանութեամբ: Քալեցին աներկբայ` իբրեւ մարգարէներ արշալոյսի: Սիրեցին կեանքը ու այդ պատճառով դարձան նոխազ քաւութեան` ի սէր հայրենիքի սրբութեան:

Հինգ արեւներ եկան լուսաւորելու հայոց արիւնաքամ երկնակամարը ու վերանորոգելու ուխտը Վիտոշի:

Ազնուական հինգ սրտեր դարձան ցեղասպանուած ժողովուրդի խղճի վերնձիւղման արմատներ:

Հինգ ազգանուէր երիտասարդներ եղան մուրճեր արդարութեան, ընդդէմ` անիրաւութեան զնդանին:

Հինգ անուն, հինգ դէմք, հինգ երգ միացան` որպէս մէկ բռունցք, մէկ պատգամ, մէկ նպատակ, մէկ սլացք` սրբազան գաղափար:

Լիզպոնը պատմական արդարութեան ճամբուն վրայ եղաւ խարիսխ մը, ուղղութիւն տուաւ ամբողջ սերունդներու:

Երբ աշխարհը լուռ էր կամովին, մեր հինգը պոռթկացին մեր նահատակներու ճիչով:

Այս ոգեւորութեամբ ինքնազոհողութիւնը եղաւ դաս մը ամբողջ հայութեան, թէ նահատակութեան ու պայքարի առանցքին մէջ է արժանապատիւ կեանքը:

Լիզպոնը անժամանակավրէպ է, անցեալ չէ՛, մնայուն ներկայ է ու ապագայ:

Այսօր` 42 տարի ետք, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները առատաձեռն զիջումի քաղաքականութիւն կը վարեն, երբ պահանջատիրութեան իտէալը կը ներկայացուի իբրեւ խանգարող ուղղութիւն, երբ դաւադրութեան դէմ պայքարը կ՛որակուի ահաբեկչական շարժում, Լիզպոնը կը դառնայ խորհրդանիշ ազգային ընդդիմութեան ու դիմադրութեան:

Կը դառնայ խաչքար, ուր ամփոփուած են` մեր նահատակները, մեր յիշողութիւնը եւ մեր պահանջատիրութիւնը:

Լիզպոնէն եկող պատգամը պէտք չէ պահել յուշամատեաններուն մէջ: Պէտք է փոխանցել զայն` իբրեւ կեցուածք, իբրեւ հաւատամք, իբրեւ ըմբոստութիւն ու հաւատարմութիւն:

Որպէս երիտասարդներ, այսօր, երբ աշխարհը մեզ կը ստիպէ դառնալ համաշխարհայնացած անհատներ, երբ կը գրաւեն մեզ աշխարհիկ հաճոյքներ, Լիզպոնի ձայնը կը հնչէ զօրեղ կերպով ու մեզ պարտաւորութեան տակ կը դնէ շարունակելու Վաչէին եւ Սագոյին, Սեդրակին, Արային ու Սիմոնին ճանապարհը` ոչ անպայման անձնազոհութեան, այլ` կեանքի մէջ պայքարելով, ուսանելով, ստեղծագործելով, կազմակերպելով ու կազմակերպուելով:

Մե՛նք ենք Լիզպոնի շունչը, մե՛նք ենք Լիզպոնի ժառանգորդները, եւ Լիզպոնը վերածուած է ոգիի, եւ այդ ոգին մեզ ապրեցուցած է ու պիտի ապրեցնէ:

Թող Լիզպոնը` մեր պահանջատիրութեան ջահը, մնայ յաւիտեան վառ:

Եւ մեր սերունդը` արժանապատիւ ուխտակից:

 

 

Նախորդը

42-Ամեակ Լիզպոնի Հինգ Անձնազոհերու Գործողութեան

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Հայոց Տաճարի «Խենթ»-երուն` Լիզպոնի Հինգին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?