Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Այս Անկարողութիւնը

July 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

… Ո՞ւր հասած ենք ազգովին, ազգային թէ ազգայնական խնդիրները չլուծած, Հայաստան-սփիւռք ուղենշային խնդրայարուցումին անգիտակ` միջազգային գետնին վրայ կը սայթաքինք, քաղաքական պճնաւորում ստացած խմբակ մը Եւրոմիութեան դռներուն բացուիլը կը փափաքի` մոռնալով, որ աշխարհատարած սփիւռք մը կայ ու… Եւրոպա «կը գտնուի»: Արդեօք հանրաքուէով Եւրոպայի դռները պիտի բացուի՞ն, թէ՞ հասարակութեանը զուարճացնել կը փորձեն` լռելեայն մերժուած ըլլալն չգիտակցած:

Ի վերջոյ, ի՞նչ կը փնտռենք, երբ ներքին` հայաստանեան, անընդմէջ կրկնուող փորձութիւններու «ապուրը» տակաւին չմարսած` նոր փորձութիւններու, եթէ ոչ աղէտներու կ՛ենթարկուի ժողովուրդը, որ թուացեալ անկախ Հայաստանին մէջ կ՛ապրի, թերեւս` կը ծուարի, գոց գիտնալով իր գլխուն գալիքը, երբ Եւրոպայի յոգնութիւնը` խառնաշփոթ վիճակը, որ տարբեր երկիրներու ընդմէջ եղած հակասութիւններու հիմնական պատճառն է:

Այս խորապատկերին վրայ ատեն առ ատեն Հայաստանի մէջ «ներքին» սփիւռք կը գոյանայ: Սփիւռքացումի վտանգայարոյց «տեսլական»` օրուան իշխանախմբակի նախաձեռն անուղղափառ անողջախոհութեամբ. աննախադէպ որոշումներու շնորհիւ` գոյքահարկ, եկամտահարկ, աղբահարկ. բազմահարկ, մարդկայնօրէն ապաբարոյ վճիռներու վերջնանպատակը չենք գիտեր: Մարդոց արտագաղթի «ազատութիւն» շնորհե՞լն է: Ո՞ր երկրի վարչապետը իրեն թոյլ կու տայ սապէս յոխորտանքով արտայայտուիլ. «Գնացէք Ամերիկա, եթէ չէք ուզում հարկ վճարել»: Ասիկա յիմարական յորդոր չէ, ամենեւին, ոչ ալ տհաս վարչաղեկավարի վրիպած արտայայտութիւն, այլ անվրէպ դիրքորոշում` մասնաւորաբար հայութեան պառակտումի որոշադրուած վարքագիծ: Աւելի՛ն. հայաստանեան ժողովուրդի պետականօրէն արտաքսում. «Ինչքան քիչ ժողովուրդ լինի, էնքան հեշտ կը լինի կառավարել»:

«Հայաստանն առանց հայերու» կարգախօսի օրինականացում. ատենին, երբ Ատանայի կոտորածներէն մէկ տարի անց, 1910թ. Սալոնիկում երիտթուրքերու համագումարին Պեհաէտտին Շաքիր կը յայտարարեր` «Թուրքիան թուրքերու կը պատկանի»: Ասոր նախորդած է Լոբանով-Ռոստովսկիի Ապտիւլ Համիտին ուղղուած յորդորը»` «Հայաստանն առանց հայերու»: Այս կարգախօսներու այժմէականացման փիլիսոփայութի՞ւնը որդեգրուած է արդեօք: Կը խորհիմ, որ ինձմէ զատ` ազգային այս թշուառութեան մէջ տապկուողներ ալ կան. եւ համատարած այլասերման, եթէ կ՛ուրացուի մեր ինքնութեան վկան` Արարատը, ազգային սահմանադրութիւնը, Անկախութեան հռչակագիրը, ընթացքին մէջ երկիրը կը խարխափի, քաղաքը` Երեւանը, կը ժպտի («Ժպիտների քաղաք» հիմնադրամի տխեղծ երկունքովը) ու չես գիտեր` ո՞վ թերեւս քայլ ըրած խմբակը կը քալէ («Իմ քայլը» հիմնադրամն ալ կը շահի տգէտներու ողորմութիւնը, զոր մշտաբար ծառայ են ձայնին` վարչախմբակի): Եւ այս անտարբերութեանց «վրայէն» կ՛անցնին մարդիկ, կազմակերպութիւններ` այլազան ճնշումներէ վախցած, նաեւ սփիւռքեան ազգայիններ, դրամատէրեր կը հաճին հաճկատարութեամբ հնազանդիլ ու մասնակցիլ վարչախմբակի ղեկավարի «տիկնոջ» հրաւիրած հանդիպումներուն, խնճոյքներուն` մոռնալով հարցնել «ամուսինին»` Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումին յայտնի պատճառները, եւ իրենց ո՛ւր գտնուիլը պատմական-ողբերգական ո՞ր անկիւնադարձի հետեւանք է: Կը վստահեցնեմ` ասիկա նորէն ազգային անկարողութենէն կու գայ, չհամախմբումի վտանգայարոյց իրողութիւններու շղթայէն փրցուած:

Յիրաւի, ազգակազմակերպումի խնդիր ունինք. յետնապահ քաղաքականութեան գերին ըլլալով` զգետնուած ենք: Ցամքած է  այլեւս ժողովուրդի հաւատի օրապահիկը, եւ Արեւմուտք-Արեւելք կողմնորոշումի թնճուկը, մեր արեւելքցի, արեւմուտքցի ըլլալը տակաւին անզատորոշելի խոկումները մեզմէ անկախ «ձմրան նման կու  գան ու կ՛երթան»: Ճիշդ մեծն Ջիւանիի պատգամովը ձախորդ օրեր կը յիշեցնեն, որքան ալ ազգի մը համար յիշողութեամբ ապրիլը, ինչպէս կ՛ըսուի, «վտանգներ կը յարուցէ»: Ուրեմն յեղաշրջե՞լ պատմութիւնը աշխարհում չկայ անպատմութիւն ապրող ժողովուրդ, եթէ կայ, ապա դատապարտուած պէտք է ըլլայ այլ ժողովուրդներու կողմէ, վասնզի եթէ ժողովուրդը հակասէ իր կոչումին, կը նահանջէ… առանց երգի` Արարատին մեղայ ըլլալն ալ մոռցած:

Ինչպէս կ՛ըսեն, երեւի թէ պատգամուած է` «Ճանչնալ եւ ճանչցուիլ». հայութիւնը սերունդի մը դառնութիւնը, թերեւս` սերունդներու, տեսած է: Եւ ինծի համար դժուար է խոստովանիլ, ինչպէս` Նիկողոս Սարաֆեանին. «Երբ քաղաքական բոլոր ազդակները նուազած են, կը մնայ գրողը, առանձին յաջորդական սերունդներուն ու մտածումի յեղաշրջումներուն առջեւ»: Ներկայիս սպասարկու վարչախմբակը զուրկ է ցանկացած ազգանուէր մտածումէն. եւ եօթը տարիներէ ի վեր չի խորհիր, որ օր մը ժողովուրդը ծայրայեղութեան կ՛երթայ, եթէ երթայ, ուրեմն իր լինելութեան փրկագինը վճարած ըլլալը ի վերջոյ գիտակցած է:

Յատուկ «Ազդակ»-ին համար

Նախորդը

Լրորս -2. Տան Քիհոթէն Հայաստան Հասեր Է…

Յաջորդը

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.