Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրորս -2. Տան Քիհոթէն Հայաստան Հասեր Է…

Յուլիս 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Պի՛պ-պի՜պ» հնչեց բարեկամիս ինքնաշարժին ճչակը` պատուհանիս դիմաց: «Պատրա՞ստ ես դարձեալ լուրերու որսի երթալու»` հրաւիրեց: Մեր առաջին լրորսէն անցեր էր շաբաթ մը: Ինչպէ՞ս կրնայի դիմադրել հրապոյրին:

Դարձեալ բարձրացանք իր երեւակայական ձկնորսանաւը, մեր ուռկանը նետեցինք լրատուութեան ծովերուն մէջ: Ահա քանի մը օրինակ` թէ ինչե՜ր ինկան մեր ուռկանին մէջ:

***

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ բռնեցինք քանի մը «ձուկ»:

Ա.- Սերվանթէսի հռչակաւոր հերոսը` Տան Քիհոթէն (աւելի ծանօթ` Տոն Քիշոթ անունով), իր հաւատարիմ «ուսապարկ»-ին` Սանչօ Փանզային հետ իր անունը կրող վէպին էջերէն փախուստ տուեր` Երեւան հասեր է եւ մեր Փանջունիին ու խորհրդայիններու օրով ծանօթ համայնավարներուն հետ մրցումի ելլելով` մեծ թիւով զինակիցներ ապահովեր է ՔՊ-ականներու շարքերէն: (Պէտք կա՞յ ըսելու, որ ան նախընտրեր է մտնել Նիկոլ Փաշինեանի մաշկին մէջ): Եւ ըստ իր դարաւո՜ր սովորութեան, սկսեր է արշաւել… հողմաղացներու եւ երեւակայական թշնամիներու դէմ: Գլխաւոր թիրախ ընտրեր է մասնաւորաբար դաշնակցականներ եւ բոլոր անոնք, որոնք դէմ են իր հայրենակորուստ քայլերուն, կան նաեւ այլ թիրախներ: Հողմաղացներն են խաղալիք զէնքեր ու ռումբեր, որսորդական հրացաններ եւ ՔՊ-ականներու աչքին «անհաճոյ» արձանագրութիւններով շապիկներ… Նկատելի (եղեր) է, որ Սերվանթէսի հերոսը հիմնական տարբերութիւն մը ունի ՔՊ-ապետ «Քիհոթէ»-էն: Սպանացին բարեմիտ, բայց տխմար ասպետ մըն էր, որ փրկարար երազներով ճամբայ ելած էր, իսկ Երեւանի «ասպետ»-ը… բայց դուք գիտէ՛ք, թէ որո՛նց նպատակներուն լծուած է:

Բ.- Ալիեւի հետ Ապու Տապիի մէջ Փաշինեանի եւ «շքախումբ»-ին հանդիպումին կարգ մը ծալքերը ժամ առ ժամ աւելի յստակ կը դառնան եւ որոտացող ծափեր կը հնձեն… ազերիական դաշտերու մէջ: Իշխանականներուն պահպանած համե՜ստ գաղտնապահութեան դիմաց (յիշող կա՞յ, որ այս արարածները հրապարակ եկած էին ժողովուրդի կռնակէն, անոր կամքին հակառակ ոչինչ ընելու խոստումով), ազերիական աղբիւրները ցնծութեան մէջ են եւ կը հաւաստեն, որ «սահմանագծումի օրակարգին ճամբով նոր յառաջդիմութիւն» պիտի արձանագրուի մօտերս: Անմիջապէս ըսենք, որ մեզի համար ազերիական աղբիւրները, թրքականներուն հետ, բաղձալի պատուհաններ չեն, սակայն չենք կրնար անտեսել այն լեղի իրականութիւնը, որ պաշտօնական Երեւանի լռութեան  եւ կեղծ ու պատիր, խեղաթիւրող ու մոլորեցնող-բթացնող տեղեկատուութեան դիմաց` թշնամիին աղբիւրներէն անցեալին հասած անհաճոյ լուրերը մեծ մասամբ ճիշդ դուրս եկած են, իսկ Երեւանի իշխանաւորները հաւաստած են, որ «յաջողութիւններուն» հեղինակը, նախաձեռնողը իրենք են: Հիմա իսկապէս շուարումի մատնուած ենք. «մօտալուտ յառաջխաղացք»-ին ի լուր` պէտք է ուրախանա՞նք, թէ՞ տխրինք, սրդողինք, որովհետեւ անցեալի բոլոր «յառաջխաղացքները» եղած են ի շահ Ազրպէյճանի եւ ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ նահանջէ նահանջ տարած են Հայաստանը (մանրամասնելը կրկնութիւն պիտի ըլլայ): Այսինքն ուրախանալիք ի՞նչ կայ, եթէ ըսուածները իրականանան կամ չիրականանան…

Գ.- Նմանապէս շուարումի մատնուած ենք` իմանալով Սիւնիքի վրայով «լայն անցք»-ի մը վերաբերող լուրերը: Երեւան քանի մը օր առաջ սկզբունքային համաձայնութիւն տուած էր` առաջադրուած անցքը դնելու օտար երկրի մը կամ ընկերութեան մը վերահսկողութեան տակ, պայմանաւ որ անիկա չվնասէ Հայաստանի գերիշխանութեան: Հիմա, կ՛ըսուի, որ Ազրպէյճան համաձայն չէ եղած այս ընտրանքին, սակայն անոր ետին կանգնողներ չեն հրաժարած այս ծրագիրէն: Նախընթաց նման բեմադրութիւններուն` չեմ-չումերուն ալ Երեւան միշտ տեղի տուած է, եւ ազերիական կողմը իրականացուցած է իր ուզածը (եւ հաւատացէ՜ք, որ Արցախը տալով` Հայաստանը շահեր ենք…): Արդէն մեկնաբանութիւններ կ՛ըլլան, որ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի խորագիրին տակ հրապարակ նետուող ծրագիր(ներ)ը, սկսելու համար, ամերիկեան «ոտք» մը պիտի ապահովէ Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ, ուրկէ ռուսական ներկայութեան չէզոքացումը կը մնայ օրակարգի վրայ, եւ նման քայլ նախ եւ առաջ ուղղուած պիտի ըլլայ Իրանի դէմ (իսկ Երեւանի մարդակերպերը կը փորձեն հայն ու աշխարհը համոզել, որ իրենք «հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու» կը միտին): Նոյն մեկնաբանները` առանց մարգարէական կարողութիւններով հպարտանալու, կ՛ըսեն, որ յաջորդ փուլին ամերիկացիք «անցքին» հսկողութիւնը կրնան փոխանցել ՆԱԹՕ-ի իրենց դաշնակիցներէն… Թուրքիոյ, որ ահա այսպիսով, Ազրպէյճանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած, առանց հրասայլի ու զէնքի-պատերազմի, պիտի մտնէ Հայաստան` ՔՊ-ականներու առաջնորդութեամբ Սիւնիքէն դէպի հիւսիս տարածուելու հեռանկարով: Երեւանին ու Էջմիածինին «վերատիրանալու», Հայաստանէն «բռնագաղթուած» բազմահարիւր հազարաւոր ազերիներ (արդէն կը խօսուի նաեւ միլիոնաւորներու մասին) Հայաստանի մէջ «վերաբնակեցնելու» ծրագիրները աւելի ուժեղ կը հնչեն. մինչեւ իսկ (լուրջ կամ կատակով) կ՛ըսուի, թէ ՔՊ-ականները խանդավառ են, որովհետեւ իրենց քուէ տուողներու թիւը պիտի աւելնայ: Մէկ խօսքով, ասոնք կը մտածեն եւ կը գործեն այնպէս, ինչպէս պիտի ընէին թուրքն ու ազերին, ու երբ կը խօսին յառաջդիմութեան մասին, մեր ժողովուրդը պէտք է հասկնայ ու բաց աչքերով տեսնէ, որ անոնց ձեռքերով ու գործակցութեամբ կ՛իրականանան «Հայաստանը առանց պատերազմի, այլ քալելով նուաճելու» թուրք-ազերիական յոխորտանքները, «խաչմերուկ»-ը կը սկսի նմանիլ տապանաքարի վրայի խաչի քանդակին… Հայրենի ժողովուրդն ու սփիւռքը իրաւունք չունին կրաւորական հանդիսական մնալու:

Դ.- Քաղաքական խոհանոցի «կողքի սենեակ»-էն որսացինք «մանր ձուկ» մը: Երիտասարդ մայր մը բանտարկուած է. մեղադրա՞նքը. ըստ իշխանութիւններուն, ան խումբ մը հնդիկներու Հայաստան ապօրինի կեցութիւնը դիւրացուցեր է: Ըստ կնոջ պաշտպաններուն, անոր միակ «մեղք»-ը այն է, որ յայտնապէս ապօրինի կերպով Հայաստան մտած հնդիկներուն թարգմանական գործ մը ըրած է (սահմանապահներուն գործը կամ յանցանքի բաժինը ի՞նչ է` մի՛ հարցնէք): Մօր հետ «պատուալ» տարեր են անոր ութամսեայ մանկիկը: Մարդկային իրաւո՞ւնք, ժողովրդավարութի՞ւն, արդարութի՞ւն… Այս ապրանքները շատո՜նց շոգիացած են Հայաստանի շուկաներէն: (Այլ «մանրուք» մըն է դէպի Ռուսիա արտածողներուն գանգատները, թէ` ռուսական շուկային դուռերը տեղ-տեղ կը փակուին իրենց առջեւ… Վա՜յ, չա՛ր ռուսեր, իսկ բարի՜ Եւրոպան պատուհանիկ մը բանալու համար կը կիրարկէ «Մինչեւ առուն ջուր գայ…» սկզբունքը, Ուաշինկթընն ալ… տուրքերու բարձրացում):

***

ԹՐԱՄՓի «ծովը» նոյնքան առատաձեռն էր.

Ա.- Սպիտակ տան պետը խոստացեր է «Փեթրիըթ» տիպի հրթիռներ ԾԱԽԵԼ եւրոպացի դաշնակիցներուն, որպէսզի անոնք ալ ՏՐԱՄԱԴՐԵՆ (նուիրեն) Ուքրանիոյ: Տեսա՞ք, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ երկու թռչուն մէկ քարով զարնելը: Ինք չի խախտեր այն խոստումը, թէ զէնք պիտի չտրամադրէ Զելենսքիի, սակայն դաշնակիցներուն գրպանէն հերոսութիւն կը ծախէ ուքրանացիներուն: Լուսանցքային կէտ մըն ալ այն է, որ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական պիւտճէն բարձրացնելու որոշում տուած եւրոպացիները հիմա գիտեն, թէ այդ պիւտճէն ինչպէ՛ս պիտի մսխեն` ոտնակոխ ընելով իրենց երկիրներուն ու ժողովուրդներուն տնտեսական-ընկերային կարիքները: Ժողովուրդի շա՞հ… Հապա՞ պատերազմի վաճառականներուն հաշիւները:

Բ.- «Նարնջագոյն մարդը» (որ վերջերս քանի մը իմաստով տժգունելու սկսեր է) մե՜ծ հրճուանքով իմացեր է, որ իսրայէլացի ոճրագործ մը զինք Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին թեկնածու առաջարկեր է… Թրամփ-Նեթանիահու տեսակցութիւններուն, կ՛ըսեն որոշ աղբիւրներ, «արդէն իսկ կուլ տրուած» Կազայի տագնապէն աւելի` քննարկման ենթակայ եղած են Իրանի դէմ զինակցութիւնը նոր քայլերով թարգմանելու ծրագիրները: Հոն կ՛ըսուի, հիմա աւելի յստակ ձեւ-կերպարանք կը ստանայ Ուաշինկթըն-Իսրայէլ-Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցական տարազը, որուն դիտանկիւնէն (չկրկնենք վերի նշումները) Սիւնիքն ու Հայաստանը կը վերածուին ստորակէտներու: Ի դէպ, կազացի զոհերուն թիւը հաշուելու նոր դրութիւն մը կայ հիմա, որ կը յիշեցնէ պատմութիւնը հաշուարկելու Ք. Ա. եւ Ք. Ե. (Քրիստոսէ առաջ եւ ետք) դրութիւնը: Զոհերու նոր թիւը` կրկներեւոյթի վերածուած զինադադարին յաջորդած փուլին, արդէն անցած է 800-ը: Ասոնք մեծ մասամբ սննդանիւթի սպասող կէս-սովահար բնակիչներ են` մանուկներ, կիներ ու անմեղ քաղաքայիններ, որոնց վրայ կրակ կը բացուի, եւ Իսրայէլ կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ ինք անմասն է այդ ոճիրներուն, իր թիրախը միայն «Համաս»-ի մարդիկն են: Նախկին շուրջ 50 հազար զոհերն ու համատարած քանդումը արդէն «նախկին» են, հապա՞ նախընթաց տասնամեակներու զոհերը…

Գ.- Ուքրանիան անուղղակիօրէն զինելու Թրամփի «վարպետութեան» դիմաց` ռուս-ուքրանական պատերազմը արդէն կերտած է երեք ու կէս տարուան ահաւոր պատմութիւն: Ռուսերուն զէնքի մթերանոցները կարծէք թէ աւելի՛ արագ մաշումի կ՛երթան, քանզի ուքրանական քաղաքներու եւ թիրախներու ռմբակոծումը ամէն օր նախընթացէն աւելի՛ մեծ թիւով անօդաչուներով եւ հրթիռներով կ՛ըլլայ. ուքրանական կողմն ալ կը փորձէ ետ չմնալ` ռմբակոծելով ռուսական թիրախներ, այն յոյսով, որ ՆԱԹՕ-ի «բարերարները» պիտի շարունակեն զինել զինք` մի՛շտ հաշուի առնելով երկրին տնտեսական եւ բնական հարստութիւններու «գանձարան»-ին կարողութիւնները, ի գին ապագայի կործանման: Ո՞վ կը պահէ Զելենսքիի պարտամուրհակներուն հաշիւը…

Դ.- Թրամփ մե՜ծ ախորժակով կը շարունակէ խարխլել Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնն ու պետական կառոյցները: Բարեկամներու, մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան անդամներու դէմ նոր տուրքերու սպառնալիքները վեր-վար ոստումներու կը տանին շուկաները, մի՛շտ ի շահ  այդ քայլերը «ներշնչողներուն», իսկ այս կամ այն նախարարութեան անձնակազմերուն կրճատումը պետութեան կազմալուծման (եւ մասնակի շահեր ունեցող ընկերութիւններուն հացին կարագ ու մեղր քսելու) նշանները կը բազմացնեն: Վերջին աւելի քան մէկ շաբթուան ընթացքին, ահաւոր ողողումներուն կանխարգիլման միջոցներու թերութիւնը կը վերագրուի նա՛եւ պատկան սպասարկութեանց անձնակազմի կրճատումներուն (նորագոյնն ալ արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին կրճատումն է): Յայտնապէս ականատես ենք անգլիական ծանօթ խօսքի մը իրականացման. The road to hell is paved with good intentions (դժոխքի ճամբան կը յարդարուի լաւ նպատակներով):

***

Աշխարհի ծովերուն մէջ լրաձուկերը առատ են եւ կը հետեւին «աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք» պատգամին` բարձրացնելով ողբերգութիւններու հաշուեցոյցը:

12 յուլիս 2025

Նախորդը

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին Հայաստանի, Թուրքիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Շփոթեցնող Ու Հակասական Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Ազգային Այս Անկարողութիւնը

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?