Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի եւ Յիշատակի Տուրք Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Ծննդեան 80-ամեակին եւ Վախճանման 25-ամեակին Առիթով

Յուլիս 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

2025 թուականը երկու կարեւոր հանգրուանի տարի մըն է մեր հոգեւոր, ազգային եւ ընտանեկան կեանքին մէջ: Այս տարի կը լրանայ վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի ծննդեան 80-ամեակը, միեւնոյն ժամանակ կը նշենք անոր վախճանման 25-ամեակը: Այս երկու խորհրդանշական տարեդարձները առիթ են` վերարժեւորելու անոր ապրած կեանքին, ծառայութեան եւ ժառանգութեան խորիմաստ ուղին, առիթ` արժանաւորապէս յարգելու անոր ապրած հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքը, որ խոր եւ տեւական ազդեցութիւն ձգած է հայ ժողովուրդի զանազան համայնքներուն մէջ` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի զանազան գաղթօճախները:

Վերապատուելի Ճանպազեան եղած է հայ աւետարանական համայնքի առաջնորդներէն ինչպէս տեղական, այնպէս ալ համաշխարհային մակարդակի վրայ: Բարձր արժեւորուած` իբրեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ գործադիր տնօրէն, ան յաջողած է ամրագրել կազմակերպութեան գործն ու ազդեցութիւնը ոչ միայն հաւատացեալ շրջանակներու, այլ նաեւ ամբողջ ազգի կեանքին մէջ: Ան եղած է նաեւ Համաշխարհային աւետարանական ընկերակցութեան նախագահը` ոգի ի բռին ծառայելով իր սիրած համայնքին եւ որպէս կամուրջ տարբեր եկեղեցական համակարգերու եւ հոգեւոր շարժումներու միջեւ ամէնուրեք:

Կ՛արժէ յիշատակել վերապատուելիին ականաւոր մասնակցութիւնը բազմաթիւ համաշխարհային հոգեւոր կառոյցներու, եկեղեցական վարչութիւններու եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւններու մէջ` բարձր մակարդակի վրայ ներկայացնելով հայ աւետարանական համայնքը համաշխարհային հարթակներու վրայ:

Իր երկարամեայ եւ հետեւողական գործունէութեան շնորհիւ եւ որպէս հայոց մեծասքանչ ոսկեղենիկի  հաւատարիմ երկրպագու` վերապատուելի Ճանպազեան նաեւ եղած է Երեւանի Աւետիսեան վարժարանի գլխաւոր հիմնադիրը, ուր տասնեակ տարիներ շարունակ որակեալ կրթութիւն կը ստանան Հայաստանի բազում աշակերտներ` քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով դաստիարակուելով:

Սիրելի՛ ընթերցող, կը յիշեմ` 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն վերապատուելին անմիջապէս արձագանգեց: Ան ոչ միայն կազմակերպեց մարդասիրական առաջին օգնութեան առաքումներ, այլ նաեւ համակարգեց ամերիկեան եւ միջազգային օժանդակութեան զգալի հոսք` հայ ժողովուրդին կենսական կարիքներուն ի պատասխան:

Անոր հոգեւոր տեսլականը ընդգրկեց նաեւ Արցախը: Արդարեւ, Մովսէս Ճանպազեան եղաւ այն փոքրաթիւ առաջնորդներէն, որոնք նախաձեռնեցին արցախահայութեան մէջ եկեղեցական կեանքի վերակենդանացումը եւ պատանեկան ու երիտասարդական ճամբարներու մեկնարկումը` տարիներ շարունակ հոգալով նաեւ անոնց հոգեւոր, բարոյական, նիւթական եւ բարեսիրական աջակցութիւնը:

Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգի մէջ վերապատուելին եղաւ  նախաձեռնողներէն մին` հիմնումին Հայ աւետարանչական նոր կեդրոնի մը, ուր կեանք ստացան հոգեւոր ծառայութիւն, կրթական եւ համայնքային ծրագիրները, որոնք կը մատուցուին մինչեւ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն:

Կ՛արժէ յիշատակել վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեանի զանազան երկիրներու մէջ նախաձեռնութիւնը եւ աջակցութիւնը` հոգեւոր, ազգային ու բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներու, ներառեալ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Լատինական Ամերիկա եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններ:

Իր ծառայութեան տարիներուն վերապատուելին մեծապէս նպաստեց հայ հոգեւոր եւ համայնքային վերածնունդին, մասնաւորաբար` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Ան ունեցաւ` առանցքային դերակատարութիւն Հայաստանի մէջ եկեղեցաշինութեան, հովիւներու կրթութեան, երիտասարդական ծրագիրներու ստեղծման եւ մարդասիրական օգնութեան համակարգման մէջ: Անոր ջանքերով բազմաթիւ  եկեղեցիներ վերագտան իրենց դերը` որպէս հաւատքի, արժէքներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կեդրոններ:

Սփիւռքի մէջ եւս վերապատուելի Ճանպազեանի հոգեւոր առաջնորդութիւնը տեւական ազդեցութիւն ունեցաւ, մասնաւորաբար` ամերիկահայ, միջինարեւելեան եւ եւրոպական հայ համայնքներուն մէջ: Իր քարոզներով, գրականութեամբ եւ համաժողովներու նախաձեռնութեամբ, ան ծառայեց որպէս կամուրջ` սերունդներուն միջեւ եւ իբրեւ շինիչ ձայն` ապագայատեսիլ ուղեգծման:

Այս յոբելենական տարիին ընտանեօք, ընկերակցութեամբ եւ համայնքով կը յիշենք Մովսէսի սիրտն ու խօսքը, առաջնորդութիւնն ու խոնարհութիւնը: Անոր ձգած ժառանգութիւնը յարատեւ ներշնչման աղբիւր կը զգենու բոլոր անոնց համար, որոնք կոչուած են ծառայելու` հաւատքին, ազգին եւ մարդկային արժանապատուութեան:

Վերապատուելիի ծննդեան եւ մահուան երկու յիշարժան տարեդարձներուն առիթով մենք կը յարգենք ու կը գնահատենք այն կեանքը, որ ապրուած էր` ի սպաս Աստուծոյ, ազգին եւ համամարդկութեան:

Կը հաւատամ, որ վերապատուելի Ճանպազեանին ձգած ժառանգութիւնը ոչ միայն անցեալի պատմութիւնն է, այլ նաեւ կենդանի ուղեցոյց եւ առաքելութիւն` ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:

Յաւիտենական յիշատակ` վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանին, որ եղաւ հաւատքի առաջնորդ, ազգի ծառայ եւ մարդասիրութեան տէր` տեսիլքի եւ առաքելութեան գլխագիր մարդ:

Թորոնթօ

Նախորդը

Պատմութիւնը Մտրակով Կը Վերադառնայ, Երբ Ժողովուրդ Մը Մոռնայ Իր Անցեալը

Յաջորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Գիւղաւանի Երկինքի Տակ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?